Յառաջիկայ Երկու Մրցումներուն Համար. Վարազդատ Աւետիսեան՝ Փիւնիկի Գլխաւոր Մարզիչ

varaztad-avedissianՓիւնիկ Երեւանի մամլոյ քարտուղարութիւնը իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ նշեց, որ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան յառաջիկայ երկու մրցումներուն Փիւնիկի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնը պիտի կատարէ Վարազդատ Աւետիսեան։

ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը կը նշէ, որ նախքան իր այս պաշտօնը ստանձնելը, Աւետիսեան պաշտօն մը ունէր ակումբին մարզական կազմին մէջ։

Նշենք, որ նախորդ շաբաթ Ռաֆայէլ Նազարեան հեռացուեցաւ գլխաւոր մարզիչի իր պաշտօնէն։

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )