«Սուրիոյ Քիւրտերուն Հարցերը Միակողմանի Միջոցառումներով Պիտի Չլուծուին» Կ՛ըսէ Ֆորտ
Դամասկոսի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռոպըրթ Ֆորտ յայտնեց, որ իր երկիրը «երկար ժամանակէ ի վեր Սուրիոյ միութեան կը զօրակցի»՝ Սուրիոյ քիւրտերը զգուշացնելով, որ իրենց հարցերը միակողմանի միջոցառումներով պիտի չլուծուին։
Ֆորտ Սուրիոյ մէջ արիւնահեղութեան վերջ տալու համար քաղաքական լուծումի կարեւորութիւնը շեշտեց՝ նշելով, որ այդ երկրին մէջ տեղի ունեցող պատերազմին ոչ մէկ կողմ կրնայ վճռական յաղթանակ տանիլ։
«Քիւրտերը Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգին տակ եւ նոյնիսկ ատկէ առաջ շատ տառապեցան, ուստի դիւրութեամբ կը հասկնանք, թէ ինչո՛ւ քիւրտերը փոփոխութեան կը ձգտին», ըսաւ ան՝ յոյս յայտնելով, որ «Սուրիոյ քրտական շրջաններուն մէջ գտնուող ժողովուրդը կը յիշէ, որ հիմնականօրէն հարցը ստեղծողը Ասատի վարչակարգն է»։
Ֆորտ շեշտեց, որ «քրտական հարցը սահմանադրական հարց մըն է, եւ պէտք է բոլոր սուրիացիները անոր շուրջ բանակցին։ Կարելի չէ զայն միակողմանի միջոցառումներով լուծել»։
Միացեալ Նահանգներու դեսպանը յայտնեց, որ «Ժընեւ-2» միջազգային խորհրդաժողովի գումարումը դժուար է, սակայն եթէ բարի կամեցողութիւն ըլլայ, ապա զայն կարելի է գումարել տարեվերջէն առաջ։
«Բանակցութեան համար անհրաժեշտ է ընդդիմադիր դէմքեր, գործիչներ ու զինեալներ ներառել ընդդիմութեան պատուիրակութեան մէջ», ըսաւ ան։
Սուրիոյ մէջ քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան ղեկավար Սալեհ Մուսլիմ «Եու.Փի.Այ.» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ սուրիական ընդդիմութեան Ազգային համաձայնական մարմինը «ժողովրդավարական յեղափոխութեան թշնամի» է՝ յայտնելով, որ «Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան կողմէ Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքի քրտական շրջաններուն մէջ քաղաքային փոխանցման վարչութեան հաստատումը ժամանակաւոր միջոցառում մըն է»։
«Իրաքի եւ Շամի իսլամական պետութիւնը Հալէպի նահանգի կարգ մը շրջաններուն մէջ իսլամական էմիրութիւն հաստատեց, ինչպէս նաեւ Հալէպի մէջ այլ կազմակերպութեան մը կողմէ վարչութիւն հաստատուեցաւ, իսկ Ռաքքայի մէջ իսլամական էմիրութիւն կայ, սակայն մեզ քննադատած կողմերէն ոչ մէկը առարկեց», ըսաւ Մուսլիմ՝ շեշտելով, որ «Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութիւնը շրջանային ուժերու որեւէ մէկէն այդ ուղղուածութեան համար զօրակցութիւն չստացաւ»։
«Մենք մինչեւ հիմա քրտական համայնքէն եւ սուրիական հասարակութեան մաս կազմող կողմերէն դուրս եղող որեւէ կողմէ ոչ իսկ չնչին աջակցութիւն ստացանք, սակայն Թուրքիոյ, Իրաքի եւ Իրանի քիւրտերէն օժանդակութիւն կը ստանանք, ընդգծեց Մուսլիմ»։
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի բանբեր Մարթին Նսիրքի ռուսական «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ ՄԱԿ-ի «ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն պատրաստ չէ Սուրիոյ շուրջ «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովի գումարման թուականը յայտարարելու»։
Նսիրքի ըսաւ, որ Քի Մուն այդ թուականը պիտի յայտարարէ, երբ ատոր պատրաստ ըլլայ։
Մինչ այդ, «Եու.Փի.Այ.» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինի բանբեր Լուայ Սաֆի յայտնած է, որ մարմինը «Ժընեւ-2»-ի հարցը քննարկելու համար Ռուսիա այցելելու հրաւէր մը ստացած է, սակայն տակաւին այդ հարցով որոշում մը չէ տուած։
«ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Սաֆի յայտնած է, թէ հրաւէրը Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի կողմէ ուղղուած է։
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւր մը լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ ռուս դիւանագէտներ «Ժընեւ-2»-ի պատրաստութեան համար սուրիական ընդդիմութեան ներկայացուցիչներուն հետ Մոսկուայի մէջ խորհրդակցութիւններ պիտի կատարեն եւ նոյն նպատակով սուրիական կառավարական պատուիրակութեան մը հետ եւս խորհրդակցութիւններ պիտի կատարեն։ Աղբիւրը հաստատեց, որ կառավարական պատուիրակութիւնը Մոսկուա պիտի այցելէ, իսկ ինչ կը վերաբերի ընդդիմութեան, ապա խորհրդակցութիւնները տեղի պիտի ունենան Մոսկուայի եւ արտասահմանեան այլ քաղաքներու մէջ։
Միւս կողմէ, Սուրիոյ մէջ լիբանանեան «Նաշրա» կայքէջին լրագրողը հաղորդեց, որ Սուրիոյ բանակը Հալէպի հարաւ-արեւելքը եւ Սֆէյրայի հիւսիսը գտնուող Թել Ասելը ամբողջութեամբ առած է իր վերահսկողութեան տակ։ Բանակը մէկ շաբաթ առաջ Թել Արանը առած էր իր վերահսկողութեան տակ։ Լրագրողը կ՛աւելցնէ, որ սուրիական բանակը սկսած է իր յառաջխաղացքի ուղղութիւնը փոխել դէպի Թել Ասելի հիւսիսը գտնուող Պապ շրջանը, որպէսզի Հալէպի արեւելեան շրջաններուն մէջ ընդդիմութեան մատակարարման ճամբան փակէ։


