Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Lebanon_report-2ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուր Քուէյթ մեկնելու ընթացքին յայտնեց, որ արաբական-ափրիկեան վեհաժողովին քննարկելիք հիմնական հարցը պիտի ըլլայ սուրիական հարցը։

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերէն, կը գրէ, թէ շէյխ Սաատէտտին Ղիյայի սպանութիւնը պէտք է բոլոր կողմերը մղէ զգուշանալու՝ սպանութիւններու վտանգաւոր հանգրուանէ մը։

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Քարամ, մեկնաբանելով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի յայտարարութիւնները, շեշտեց, որ ան հարուածած է լիբանանեան ազգային ուխտն ու սահմանադրութիւնը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան գոյացութիւնը։

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ուաթան» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլա գործակալներ կը պատրաստէ՝ Քալամունի ընդդիմադիրները մոլորեցնելու եւ շրջանի գրաւումը դիւրացնելու նպատակով։

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի շեշտեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա Սէուտական Արաբիոյ դէմ ցեխարձակումներ կ՛արձակէ պարզապէս այն պատճառով, որ Ռիատ կ՛արգիլէ շրջանին մէջ իրանեան ծրագիրին գործադրութիւնը։

ԺԱՄԱԱ իսլամիէի երեսփոխան Իմատ Հութ կոչ ուղղեց կազմելու կառավարութիւն մը, որուն առաջնահերթութիւնը պիտի ըլլայ ամէն ջանք ի գործ դնել, որպէսզի այս կամ այն կողմի զէնքը այլոց չհակակշռէ։

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի շեշտեց, որ Հըզպալլա պատճառ դարձած է, որ Ծոցի երկիրներու խորհուրդին եւ Լիբանանի միջեւ յարաբերութիւնները վատթարանան։

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ պահանջուածը լիբանանեան պետութեան կողմէ յեղափոխութիւն մըն է, որպէսզի ան կարենայ փրկել իր հեղինակութիւնը։

ԱԶԳԱՅԻՆ պայքարի ճակատ երեսփոխանական պլոքի անդամ Աքրամ Շեհայէպ յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիոյ հետ Լիբանանի յարաբերութիւնները միշտ ալ եղած են դրական՝ քաղաքական բոլոր հանգրուաններուն ընթացքին։

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպայսի կոչ ուղղեց վերադառնալու լիբանանեան ազգային երկխօսութեան եւ քննարկելու իսրայէլեան սպառնալիքներն ու վտանգները։

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Ալեն Աուն շեշտեց, որ շրջանին դիմագրաւած ներկայ ճակատագրական հանգրուանին ընթացքին անհրաժեշտ է գիտնալ Սէուտական Արաբիոյ ուղղուածութիւնը։

ՄԱՐՏ 8-ի քաղաքական ուժերը Թրիփոլիի մէջ միասնաբար կը մշակեն ճամբու քարտէս մը։

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )