Չէզոք Կառավարութիւն Մը Կազմելու Կոչեր՝ Սինիորայի Բնակարանէն

SinioraՆախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ ընդունեց Զահլէի երեսփոխաններու մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին երեսփոխաններ Էլի Մարունի, Ասեմ Արաժի, Ժոզեֆ Մաալուֆ եւ Թոնի Ապու Խաթեր։

Հանդիպումէն ետք Ապու Խաթեր յայտնեց, որ իրենք այցելած են Սինիորայի եւ քննարկած շարք մը հարցեր, յատկապէս Պեքաայի կարիքներուն վերաբերող խնդիրներ, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը։

Ապու Խաթեր ընդգծեց, որ անհրաժեշտ է արագացնել կառավարութեան կազմութիւնը՝ կոչ ուղղելով կազմելու չէզոք կառավարութիւն մը, նկատի ունենալով Մարտ 8-ի եւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն միջեւ գտնուող հսկայ վիհը։

Միւս կողմէ, Սինիորա հարցազրոյցի մը ընթացքին ընդգծեց, որ շրջանային նպատակներ իրականացնելու համար Լիբանանը իբրեւ մարտկոց օգտագործելը կը դանդաղեցնէ քաղաքական գործունէութիւնը։

Ան շեշտեց, որ Լիբանան կ՛ուղղուի դէպի յաւելեալ ժողովրդավարութիւն, ապազինում, բռնարարքներու կասեցում, համակեցութեան ամրապնդում եւ ուրիշը ընդունելու պատրաստակամութիւն։

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )