Պըրրի Խորհրդարանին Զինանշանը Յանձնեց Էլիաս Մըրի

Մըր կը ստանձնէ զինանշանը

Մըր կը ստանձնէ զինանշանը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց նախկին փոխվարչապետ, «Ինթըրփոլ»-ի հիմնադրամի նախագահ Էլիաս Մըրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները։

Հանդիպումին ընթացքին Պըրրի Էլիաս Մըրի յանձնեց խորհրդարանին զինանշանը՝ նկատել տալով, որ խորհրդարանը կը համախմբէ լիբանանցիները եւ պետական հաստատութիւն մըն է, որ կը միախմբէ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերն ու անձնաւորութիւնները։

Մըր շնորհակալութիւն յայտնեց խորհրդարանի նախագահին՝ իր նկատմամբ անոր ցուցաբերած զօրակցութեան համար, ըլլայ ան անձնական, քաղաքական թէ ներկայիս ստանձնած նոր պաշտօնին առումով։

«Ճի՛շդ է, որ ես ունիմ միջազգային պարտականութիւններ, սակայն կը մնամ լիբանանցի եւ պատիւը ունիմ այցելելու Նեպիհ Պըրրիի ու ծառայելու Լիբանանին», ըսաւ Մըր»։

Խորհրդարանի նախագահին այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Պելճիքայի դեսպան Քոլեթ Թաքեթ։

Share this Article
CATEGORIES