Միքաթի. «Կը Մերժենք Լիբանանեան Որեւէ Միջամտութիւն՝ Արաբական Երկիրներուն Ներքին Հարցերուն»
Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարի օգնական Տէյվիտ Կլէյզըրը՝ ընկերակցութեամբ ամերիկացի դեսպան Տէյվիտ Հէյլի։
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան-ամերիկեան յարաբերութիւնները։
Միւս կողմէ, Միքաթի հրապարակեց շրջաբերական մը, որուն մէջ պատուիրեց յարգել շինարարութեան կարգն ու կանոնը՝ աւելցնելով, որ անկանոն բոլոր կառոյցներուն պարագային խիստ պատիժներ պիտի որդեգրուին, ինչպէս նաեւ ոչ մէկ օրինազանցութիւն պիտի արտօնուի։
Նշենք, որ Միքաթի վարչապետարանին մէջ մեծարեց Արաբական տնտեսական ֆորումին մասնակիցները, որոնց ի պատիւ սարքեց ճաշկերոյթ մը։
Արաբական տնտեսական ֆորումին մասնակցող երկիրներու ներկայացուցիչներուն ուղղած իր խօսքին մէջ Միքաթի շեշտեց, որ արաբական որեւէ միասնականութիւն եւ համերաշխութիւն կարելի է իրականացնել իսկական եւ ճշմարիտ տուեալներով։
Միքաթի հաստատեց, որ արաբական համագործակցութիւնը արաբական բոլոր երկիրներուն միացեալ շահեր կ՛ապահովէ, «եւ այս համագործակցութիւնը Լիբանանն ու անոր քաղաքացիական անվտանգութիւնը կը պաշտպանէ», ըսաւ ան։
Միքաթի շեշտեց, որ Լիբանանի պաշտպանութիւնը լիբանանեան շահ է եւ արաբական անհրաժեշտութիւն։
Ան աւելցուց, որ Լիբանան սուղ վճարած է շրջանային տագնապներուն գինը եւ այսօր կը փորձէ այդ տագնապները իրմէ հեռու պահել։ Այս շրջագիծին մէջ, Միքաթի մերժեց լիբանանեան որեւէ միջամտութիւն՝ արաբական ներքին հարցերուն, որովհետեւ աւելի ուշ այդ միջամտութիւնը իր ժխտական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ Լիբանանի վրայ։