Եազիժի Պատրիարքը Ուղղուեցաւ Փարիզ

PatrԱնտիոքի եւ համայն Արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքը երէկ ուղղուեցաւ Փարիզ, ուր պիտի ձեռնադրէ եպիսկոպոսներ եւ ապա պիտի մեկնի Գերմանիա։

Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ կատարած իր յայտարարութիւններուն մէջ Եազիժի պատրիարքը հաստատեց միասնականութեան եւ համախոհական կառավարութիւն մը կազմելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ հասնիլ նախագահական ընտրութիւններուն եւ կանխարգիլել նախագահական աթոռի թափուր մնալը՝ ապահովելով Լիբանանի խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը։

Եազիժի պատրիարքը շեշտեց, որ իրենց մաղթանքն է, որ Լիբանանի մէջ քաղաքական անձնաւորութիւնները համախոհութիւն գոյացնեն եւ հասնին Լիբանանի բարօրութեան։

Անդրադառնալով Սուրիոյ մէջ առեւանգուած եպիսկոպոսներու թղթածրարին՝ Եազիժի պատրիարքը յայտնեց, որ այդ հարցին առումով ոչ մէկ նորութիւն արձանագրուած է։ «Մենք կը փափաքինք, որ այս հարցին հետ հանդարտօրէն վարուինք, որպէսզի կարելի ըլլայ մեր աշխատանքը պէտք եղած կերպով շարունակել եւ յանգինք բոլորին համար ուրախալի արդիւնքի մը», ըսաւ Եազիժի պատրիարքը։

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )