«Սուրիայէն Մեր Հեռացումը Պահանջողը Կառավարութեան Կազմութեան Ճիգերը Ամլացնող Նախապայման Կ՛առաջադրէ» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

Սէյիտ Նասրալլա՝ իր ուղղած ճառին ընթացքին

Սէյիտ Նասրալլա՝ իր ուղղած ճառին ընթացքին

Աշուրայի սգատօնին առիթով՝ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա նախանցեալ օր անձամբ ներկայ գտնուեցաւ Ռուէյսի «Ռայա» դաշտին մէջ տեղի ունեցած հաւաքին։

Այսպիսով, սէյիտ Նասրալլա նուազ քան 15 ժամուան մէջ երկրորդ անգամ ըլլալով անձամբ կը յայտնուէր Հարաւային արուարձաններուն մէջ։

Իր արտասանած խօսքին մէջ, սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ իրենք Դիմադրութեան կառչած կը մնան անոր բոլոր կարողութիւններով, որպէսզի պաշտպանեն իրենց եւ երկրին արժանապատուութիւնը, գերիշխանութիւնը, բնական հարստութիւններն ու ապահովութիւնը։

«2000-ին կրցանք ազատագրել հարաւային Լիբանանը, սակայն թշնամին տակաւին կայ եւ այնքան ատեն որ անիկա գոյութիւն ունի, Դիմադրութիւնը պիտի շարունակէ պաշտպանել ազատագրուած տարածքները», շեշտեց ան եւ կոչ ուղղեց բոլորին պայքարելու պաղեստինեան հարցին լուծման ի խնդիր։

«Բոլոր արաբները եւ ամբողջ իսլամական աշխարհը պէտք է զօրակցին ու պաշտպանեն պաղեստինցիները եւ ոչ թէ լքեն զանոնք», ըսաւ ան։

Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ իրենք խստիւ կը մերժեն բաժանումը եւ կոչ ուղղեց միասնականութեան ու երկխօսութեան։

Անդրադառնալով Սուրիոյ մէջ Հըզպալլայի ներկայութեան՝ սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ Սուրիոյ մէջ իրենց գոյութիւնը Լիբանանը, Պաղեստինը եւ Սուրիան պաշտպանելու նպատակով է։

«Սուրիա Դիմադրութեան նեցուկն է, եւ հաւատադրժողականներուն դէմ անոր պայքարին մէջ Դիմադրութիւնը զայն պիտի չլքէ։ Այնքան ատեն որ մեր հոն ըլլալուն պատճառները չեն վերացած, հոն պիտի ըլլանք», ըսաւ ան։

Ակնարկելով լիբանանեան կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին՝ սէյիտ Նասրալլա յայտնեց. «Սուրիայէն մեր հեռացումը պահանջողը կառավարութեան կազմութեան ջանքերը ամլացնող նախապայման կ՛առաջադրէ։ Կան ռազմավարական վտանգներ, որոնք կը սպառնան շրջանին պետութիւններուն, եւ այս մէկը շատ աւելի մեծ է ու լուրջ, քան կառավարութիւն մը կազմելու նախապայմաններուն անսալը», ըսաւ ան։

Սէյիտ Նասրալլա իր ճառը եզրափակեց ընդգծելով Լիբանանի ազգային միասնականութեան անհրաժեշտութիւնը՝ հակառակ բոլոր տարակարծութիւններուն եւ տարբեր քաղաքական ուղեգիծերուն։

Հարիրի Կը Պատասխանէ

Պատասխանելով սէյիտ Նասրալլայի կատարած յայտարարութիւններուն՝ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի շեշտեց, որ Հըզպալլա ընտրած է զոհել լիբանանեան գերիշխանութիւնը՝ ի խնդիր Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգին։

ՄԻՒՍ կողմէ, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն կոչ ուղղեց Հըզպալլային վերջ տալու Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգին, այլ խօսքով՝ սուրիական բանակին կողքին իր մղած կռիւին։

Քի Մուն խստիւ դատապարտեց ռմբակոծումներն ու լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ գործուած ոտնձգութիւնները՝ կոչ ուղղելով բոլորին յարգելու Լիբանանի սահմանները։

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )