«Դատական Գործառնութիւնները Պէտք Է Շարունակել Առանց Ճնշումներէն Ազդուելու» Շեշտեց Նախագահ Սլէյման

Նախագահ Սլէյման եւ դատախազ Համմուտ

Նախագահ Սլէյման եւ դատախազ Համմուտ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց ընդհանուր դատախազը փոխարինող դատախազ Սամիր Համմուտը, որուն հետ քննարկեց կարգ մը թղթածրարներու վերաբերող դատական աշխատանքի հոլովոյթը, ներառեալ՝ Թրիփոլիի եւ Ռուէյսի պայթումներուն, շէյխ Սաատէտտին Ղիյայի սպանութեան, ինչպէս նաեւ Օժանդակութեան գերագոյն խորհուրդին մէջ արձանագրուած գայթակղութեան վերաբերող թղթածրարները։

Նախագահ Սլէյման շեշտեց դատական գործառնութիւնները ըստ օրէնքի շարունակելու անհրաժեշտութիւնը՝ առանց բանեցուող ճնշումներէն կամ միջամտութիւններէն ազդուելու։

Նախագահ Սլէյման հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ։

Քննարկուեցան Արսալի, Հերմելի եւ Նապի Շիթի մէջ կատարուած զինուորական գործողութիւնները։ Նախագահ Սլէյման ընդգծեց լիբանանեան գիւղաքաղաքներուն ու լիբանանցիներուն անվտանգութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը։

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )