«Սարգսեան-Ալիեւ Հանդիպումը Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման Նոր Խթան Պիտի Հաղորդէ» Կ՛ըսէ Պեր
Ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ԵԱՀԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու մնայուն ներկայացուցիչ Տանիել Պեր Վիեննայի մէջ ԵԱՀԿ-ի Մնայուն խորհուրդի նիստին ընթացքին յայտնած է, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու հանդիպումը կրնայ նոր խթան հաղորդել Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման։
«Մենք կ՛ողջունենք Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահներուն մտադրութիւնը՝ հանդիպում ունենալու եւ տագնապի լուծման ուղղուած հետագայ քայլերը քննարկելու համար», ըսած է ան։
Ըստ անոր, Միացեալ Նահանգներ կ՛ողջունեն համանախագահներու եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի գործունէութիւնն ու կը գնահատեն անոնց աշխատանքը տագնապի կողմերուն հետ։
«Տագնապին խաղաղ լուծումը այլընտրանք չունի», ըսած է Պեր։
CATEGORIES Հայկական


