Արցախի Մէջ. Նախագահ Սարգսեան Այցելեց Զօրամասեր
Աշխատանքային այցելութեամբ Արցախ գտնուող նախագահ Սերժ Սարգսեան նախանցեալ օր Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի եւ հայկական երկու հանրապետութիւններու պաշտպանութեան նախարարներուն եւ բարձրագոյն սպայական կազմին հետ այցելեց բանակի կեդրոնական ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկը։ Ողջունելէ ետք անձնակազմը, նախագահը զրուցեց զինուորներուն եւ սպայական կազմին հետ, ապա դիտեց հետախուզական վաշտի ցուցադրական վարժութիւնը։ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահները ծաղկեպսակ զետեղեցին զօրամասի տարածքին մէջ կառուցուած զոհուած ազատամարտիկներու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին եւ յարգանքի տուրք մատուցեցին։
Նախագահներ Սերժ Սարգսեան եւ Բակօ Սահակեան զօրամասի տարածքին մէջ բանակային շինութիւններու բացման հանդիսաւոր արարողութենէն ետք, դիտեցին մարտական հերթապահութեան մեկնող անձնակազմի նախապատրաստական վարժութիւնները եւ խրախուսեցին լաւագոյն արդիւնք ցուցաբերողները։ Երկու նախագահները այցելեցին նաեւ հարաւային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկը, ուր բացուած է ծառայութեան համար անհրաժեշտ բոլոր յարմարութիւններով նորակառոյց շէնք մը։ Աւարտեցաւ երկու նախագահներու փոխադարձ գործակցութեան ծիրին մէջ տեղի ունեցած Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եռօրեայ այցելութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի բանակի զօրամասեր եւ առաջին գիծ։
Ստեփանակերտի մէջ երէկ առաւօտեան տեղի ունեցաւ նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Բակօ Սահակեանի դռնփակ հանդիպումը, որուն յաջորդեց ընդլայնուած կազմով խորհրդակցութիւն մը՝ Հայաստանի պատուիրակութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի վարչապետի եւ կառավարութեան անդամներուն մասնակցութեամբ։

