Քաղաքական Մեծամասնութիւնը Կը Ձախողեցնէ Խորհրդարանական Արտակարգ Նիստին Գումարումը

Քաղաքացիական հասարակութեան բողոքի ցոյցէն պահ մը

Քաղաքացիական հասարակութեան բողոքի ցոյցէն պահ մը

Հայաստանի Ազգային ժողովի երէկուան նիստը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուէր մասնաւորաբար կուտակային կենսաթոշակներու մասին օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու մասին օրինագիծը, տապալեցաւ՝ անհրաժեշտ մեծամասնութեան բացակայութեան պատճառով։

Արտակարգ նիստի նախաձեռնութիւնը կատարած էին խորհրդարանի ոչ իշխանական ուժերը՝ ՀՅԴ, Հայ ազգային քոնկրես, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւն եւ Ժառանգութիւն՝ հաւաքելով անհրաժեշտ 44 ստորագրութիւնները։ Սակայն, խորհրդարանի քաղաքական մեծամասնութիւնը չներկայացաւ նիստին։

Տեղեկանալով նիստի տապալման մասին՝ քաղաքացիական հասարակութեան գործիչները, որոնք խորհրդարանական ընդդիմութեան աջակցելու համար համախմբուած էին խորհրդարանին առջեւ, բողոքի երթով ուղղուեցան դէպի իշխող Հանրապետական կուսակցութեան գրասենեակ։

ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան լրագրողներուն յայտնեց, որ ասիկա խայտառակութիւն է։ Ըստ անոր, ամբողջ հարցը այն է, որ Հայաստանի հանրապետական կուսակցութիւնը դիւրին ձեւը գտած է, որպէսզի իր ծրագիրներուն սնանկութիւնը չբացայայտուի։ Ռուստամեան յայտնեց, որ անոնք նոյնիսկ քննարկումէն կը հրաժարին եւ կը ձախողին։

Անդրադառնալով «Երկիր»-ի այն դիտարկումին, որ անհրաժեշտ ստորագրութիւնները հաւաքուած էին եւ յոյս կար, որ Հայաստանի հանրապետական կուսակցութիւնը մասնակցի արտակարգ նիստին, Արմէն Ռուստամեան ընդգծեց, որ հարցը այն է, որ մինչեւ նիստը հանրապետականները վստահեցուցած էին, թէ պիտի մասնակցին նիստին, բայց ատիկա արդէն աշխատելու բնականոն ոճ չէ, մինչդեռ երբ անցեալին անհրաժեշտութիւն կար, Դաշնակցութիւնը միացած էր եւ երեք արտակարգ նիստ հրաւիրած էին։

Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան լրագրողներուն յայտնեց, որ այս ձեւով մեծամասնութիւնը ոչ թէ ընդդիմութեան խաբեց, այլ՝ ինքն իրեն, ժողովուրդին, իրենց զաւակներուն եւ սերունդներուն։ Դաշնակցական պատգամաւորը նշեց, որ Հայաստանի հանրապետական կուսակցութիւնը որեւէ փաստարկ չունի, թէ ինչո՛ւ չէ մասնակցած նիստին, բայց Սահմանադրական դատարանի համապատասխան որոշման մէջ նշուած է, որ «քաղաքական պոյքոթ» հասկացողութիւն չկայ։ Ան շեշտեց, որ հանրապետականները հակասահմանադրական գործողութիւններու կը դիմեն։

Share this Article
CATEGORIES