Քիւրտ Երեսփոխանը Բնակավայրերու Նոր Անուններ Կ՛առաջարկէ
Թուրքիոյ խորհրդարանի քրտական Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան Տիգրանակերտէն ընտրուած երեսփոխան Նուրսել Այտողան առաջարկած է Տիգրանակերտի եւ յարակից շրջաններու անունները փոխել քրտերէն տարբերակներով։
Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Այտողան կ՛առաջարկէ Տիարպեքիրը (Տիգրանակերտ. «Ա.») անուանել Ամետ, իսկ Սուրը հայերէնով՝ «Տիգրան Ամետ»։
Փոփոխութիւններու առաջարկ կատարուած է նաեւ այլ բնակավայրերու համար։ Կ՛առաջարկուի Պիթլիսը վերանուանել Պետլիս, Էրզրումը՝ Էրզորոմ, Կիւրոյմաքը՝ Նորշէն, Թաթվանը՝ Թեթուան, Թեքմանը՝ Թաթոս, Հընըսը՝ Խնուս եւ այլն։
CATEGORIES Հայկական

