Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Եթէ հեռու երկիր մը կ՛ապրիք, բաժնուած էք ձեր ընտանիքէն, լաւ լուրեր պիտի ստանաք։ Դուք ալ հաղորդեցէք ձեր լուրերը։ Անտարբեր մի՛ մնաք հարազատներու նկատմամբ։

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Աշխատանքի մէջ պէտք է յարգել գործակիցները, մանաւանդ՝ վարպետ կամ տնօրէն, կամ՝ աստիճանաւոր։ Յարգալիր պէտք է ըլլալ ամէն պարագայի։ Այսպիսով յարգած կ՛ըլլաք դուք ձեզ։

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Օրուան ընթացքին ամէն բան լաւ պիտի ընթանայ։ Գործի մէջ թէ ընտանեկան յարկի տակ, համերաշխութիւն պիտի տիրէ։ Հետեւեցէք ձեր նախազգացումներու թելադրանքին։

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Շատ լաւ կ՛ընէք, եթէ այսօր առանձնանաք եւ ունենաք ձեր անձնական հարցերուն կարգադրութիւնը։ Զբաղեցէք արուեստով եւ հանգստացէք։

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Նոր դասաւորումով պիտի կարենաք հաւասարակշռել ձեր պիւտճէն։ Այս կերպով անհոգ պիտի մնաք նիւթական հարցերու համար։ Շարունակեցէք ըլլալ խնայասէր։

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ծանր օր մըն է այս աշխատանքի իմաստով։ Ոմանք կը կարծեն, թէ գնահատելը կը շփացնէ գնահատուողը։ Կարեւորութիւն մի՛ տաք ասոր-անոր անիմաստ կեցուածքին։

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ընդունեցէք չնախատեսուած հարցերը։ Այսօր ձեր մէջ պիտի արթննայ արկածախնդրութիւնը. այսուհանդերձ, ուշադիր եղէք, ինչ որ ալ ընէք։

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Լաւատես եղէք ապագայի նկատմամբ։ Ինքնավստահ եղէք, ապաւինեցէք ձեր կարողութիւններուն։ Կրնաք յաղթահարել արգելքները։ Անհոգ մնացէք։

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Եթէ ձեր որոշած ծրագիրը բնական ընթացք չունենայ, մի՛ պարտադրէք դուք ձեզի կատարել զայն։ Ձգեցէք աւելի լաւ օրուան մը, պէտք է համբերէք։

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Համաձայնութիւններ կնքած էք որոշ հարցերու շուրջ։ Պիտի կարենաք լաւագոյն ձեւով յաջողիլ եւ գնահատուիլ ձեր շուրջիններէն։

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Պէտք է արտայայտէք ձեր զգացումները, ձեր սէրը, որքան որ կարելի է։ Այս կեցուածքը ոչինչով կը վնասէ ձեր վարկին։ Քաջութիւնը կը գնահատուի միշտ։

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր շուրջը լաւ պայմաններ կամ առիթներ չկան։ Եթէ խանգարում մը նկատէք ձեր հարազատներուն կամ բարեկամներուն վարմունքին մէջ, մի՛ խառնուիք անոնց հարցին, որ ձեզի չի վերաբերիր։

Share this Article
CATEGORIES