50 Տարի Առաջ (18 Նոյեմբեր 1963)

Խմբագրական

Սրբազան Առաքելութիւն

Եօթանասուներեք տարեկան է ՀՅ Դաշնակցութիւնը, հարազատ զաւակը հայ ժողովուրդին։

Յաղթահասակ կաղնի, որ իր թեւերը տարածած է հայ կեանքի բոլոր հորիզոններուն վրայ. հովանի ու ապաւէն այս ազնուական ժողովուրդին, որուն կը ծառայէ անայլայլ կամքով, անվկանդ ոգիով եւ անշեղ ուղեգծով։

Հայ ժողովուրդի ծառայութեան, անոր սրբազան Դատի նուիրումի ճամբուն վրայ, ՀՅ Դաշնակցութիւնը անցաւ հուրի եւ սուրի մէջէն, տեսաւ տաք ու պաղ օրեր, բարձրացուց խանդավառութեան ալիքներ, ճանչցաւ դառն յուսախաբութիւններ, բայց չընկրկեցաւ, չյուսահատեցաւ, մնաց միշտ անվհատ, աննկուն կամքով եւ անսպառ կորովով։

Եօթանասուներեք տարիներու իր փոթորկալի պատմութիւնը պատմութի՛ւնն է հայ ժողովուրդին, անոր ազատագրական պայքարներուն, ահաւոր ողբերգութիւններուն, անկախութեան, նուիրական Դատին, ուրախութիւններուն եւ տխրութիւններուն, եւ այն բոլորին, որոնք հայութեան վիճակուեցան անցնող տասնամեակներու ընթացքին։

Ու այսօր, երբ ազգերու անկախութեան եւ ինքնորոշման ալիք մը կը ծաւալի աշխարհի մէկ ծայրէն միւսը, երբ դարերու թմբիրէն արթնցող ժողովուրդներ կը տեսնեն պսակումը իրենց առհաւական երազներուն, երբ հայ ժողովուրդը, գերազանցօրէն արդար իր դատով, արիւնագիր մուրհակ մը ձեռքին, ակնդէտ կը սպասէ «վարդահեղեղ արշալոյս»-ին, ՀՅ Դաշնակցութիւնը, աւելի քան երբեք՝ միակամ եւ կենսունակ, մէկ մարդու պէս կանգնած է հայ ժողովուրդի կողքին, անդրդուելի պահանջատէրը՝ անոր արդար իրաւունքներուն, ազնիւ դատին։

Այն կամքն ու վճռակամութիւնը, որով ՀՅ Դաշնակցութիւնը Հայաստանի ազատագրութեան ճամբաներուն վրայ նետեց իր արժանաւորագոյն մարտիկները, այսօր եւս տիրապետող գիծն է մեր կուսակցութեան, որ անտեղիտալի կերպով կը շարունակէ իր ազգօգուտ գործունէութիւնը, կը հետապնդէ Հայ դատին բարւոք լուծումը՝ միշտ հաւատարիմ մնալով հայ ժողովուրդի սրբազան աւանդութիւններուն, տենչերուն եւ իր հայրենիքի ազատութեան ու անկախութեան սրբազնագոյն նպատակին։

Ա՛յս եղած է ու է՛ ՀՅ Դաշնակցութեան միակ առաքելութիւնը. անկէ ստացած է իր ուժը՝ միշտ կանգուն մնալու, միշտ կենսունակ եւ զօրաւոր, լրիւ գիտակցութեամբը այն դերին, որ մեր նորագոյն պատմութիւնը վիճակած է իրեն՝ իբրեւ գաղափարական առաջնորդին այս փառապանծ ժողովուրդին։

Անկեղծ ինքզինքին ու հայութեան հանդէպ,  որուն ծոցէն ծնած է, Դաշնակցութիւնը հայութեան խնդիրները իրենց ընդհանուր բնոյթով դրած է իր սեղանին վրայ, զանոնք միշտ ներկայ ունեցած է իր օրակարգին մէջ, օր մը չէ դադրած անոնց մասին մտածելէ եւ աշխատելէ, ու այսօր ալ, երբ Հայ դատը նոր թափով աշխատանքի կը կարօտի, իր մէջ կը գտնէ անհրաժեշտ ուժն ու հնարաւորութիւնները՝ լուծումներ առաջարկելու եւ պայքարի ասպարէզ իջնելու։

Հայ ժողովուրդը գիտակ է այս ճշմարտութեան։ Գիտէ, որ Դաշնակցութիւնը՝ արթուն պահակը իր արդար իրաւունքներուն, անսակարկ նուիրեալը իր գերագոյն նպատակներուն, իր մէջ կը զգայ եւ ունի անհրաժեշտ կամքն ու ուժը՝ մնալու միշտ պատնէշին վրայ։

Դաշնակցութիւնը իր կենսունակութիւնը կը պարտի այն ոգիին, որ իր անմահ հիմնադիրները ներշնչած են իրեն՝ հարազատօրէն հայկական շունչով ու մտասեւեռումով։ Ուրիշ գաղտնիք չունի այս կուսակցութիւնը, երբ օրէ օր ծաւալած կը տեսնէ իր ժողովրդականութիւնը հայկական զանգուածներուն մէջ, երբ հետզհետէ աւելի ստուար թիւով երիտասարդներ կու գան խտացնելու իր շարքերը։

Նոյն ոգին եւ շունչը տիրապետող են այսօր աւելի քան եօթանասնամեայ այս մեծ կազմակերպութեան մէջ՝ սկսած ղեկավար շրջանակներէն մինչեւ համեստ շարքայինները, բանակը նուիրեալներուն, որոնք հայութեան համար այս բախտորոշ օրերուն կը վերանորոգեն իրենց ուխտը՝ յանուն հայրենիքի ու հայութեան, երկու սրբազան իտէալներ, որոնց դրօշակիրն է ՀՅ Դաշնակցութիւնը։

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )