Արուեստի Աշխարհէն. Արուեստը՝ Դարմանումի Միջոց

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

«ԱՐՈՒԵՍՏԸ ԿԸ ԽՈՍՏԱՆԱՅ ՆԵՐՔԻՆ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ»։ ՄԱՐԻԱ ՓՈՓՈՎԱ «ՊՐԷՅՆՓԻՔԻՆԿԶ» ԿԱՅՔԻՆ ՄԷՋ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՊԱՏՄԱԲԱՆԻ ՄԸ ԵՒ ՓԻԼԻՍՈՓԱՅԻ ՄԸ «ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ» ՏԵՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ՝ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՀՈԳԵԲԱՆԱԿԱՆ 7 ՆԵՐԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ։

Այն օրէն, երբ սկսած է արձանագրուիլ պատմութիւնը, մարդկութիւնը հարց տուած է, թէ ի՞նչ է արուեստը։ Թոլսթոյի համար արուեստի նպատակը մեր եւ ուրիշներուն միջեւ կարեկցանքի կամուրջ մը հաստատելն է։ Անայիս Նինի համաձայն, արուեստը միջոց մըն է ձերբազատելու մեր զգացական բեռէն։ Սակայն թերեւս արուեստի մեծագոյն իրագործումը այս երկուքին հաշտեցումն է, դէպի մեր սեփական հոգեբանութիւնը առաջնորդող կարեկցանքի ուղի մը, որ մեզի առիթ կու տայ աւելի լաւ հասկնալու մեր զգացումները։ Այլ խօսքով՝ արուեստը դարմանումի ձեւ մըն է։

Իր «Արթ էզ թերըփի» գիրքին մէջ փիլիսոփայ Ալեն տը Պոթոն, որ նախապէս քննած է վիճայարոյց տարբեր հարցեր, օրինակ՝ ինչո՞ւ աշխատանքը ապարդիւն է, կամ՝ կրթութիւնը եւ արուեստները ի՞նչ կրնան սորվիլ կրօնէն, արուեստի պատմաբան Ճոն Արմսթրոնկի հետ կը քննէ արուեստի ամէնէն անձնական նպատակը. անոր կարողութիւնը՝ միջնորդի դեր կատարելու մեր հոգեբանական թերութիւններուն միջեւ եւ փարատելու թերութիւններու պատճառով մեր մէջ ստեղծուած անձկութիւնները։ Գիրքին հիմնական գաղափարը այն է, թէ գեղարուեստական պարզ զբաղում մը ըլլալէ անդին՝ արուեստը միջոց մըն է, որ կը ծառայէ բարդ, սակայն նաեւ մեր գոյութեան հետ ուղղակի առնչուած հիմնական նպատակի մը։

«Արուեստը այլ միջոցներու պէս ուժը ունի խորացնելու բնութեան կողմէ մեզի տրուած կարողութիւնները։ Արուեստը կը բարելաւէ մեզի հետ ծնած որոշ տկարութիւններ, այս պարագային՝ մտային, քան թէ՝ մարմնական տկարութիւններ, որոնց կրնանք ակնարկել իբրեւ հոգեբանական տկարութիւններ», կը գրեն հեղինակները։

Տը Պոթոն եւ Արմսթրոնկ կ՛ուրուագծեն արուեստի հոգեբանական հիմնական 7 ծառայութիւնները.

1. Յիշողութիւն

Նկատի ունենալով մեր յիշողութեան հիմնական թերութիւնները եւ այն իրողութիւնը, թէ կարելի չէ վստահիլ ինքզինք վերատեսութեան ենթարկելու մեր յիշողութեան կարողութեան, զարմանալի չէ, որ մոռնալու վախը մեծ անձկութիւն կը պատճառէ մեզի. ոչ միայն անձերու եւ վայրերու մասին յատուկ մանրամասնութիւններ մոռնալու վախը, այլ նաեւ՝ վախը մոռնալու այն բոլոր փոքր եւ սովորական մանրամասնութիւնները, որոնք կը կազմեն մեր էութեան ամբողջութիւնը։ Եւ որովհետեւ յիշողութիւնը եւ արուեստը նոյնքան կը վերաբերին այն բոլորին, որոնք մոռցուած են, որքան այն բոլորին, որոնք լուսարձակի տակ են, տը Պոթոն եւ Արմսթրոնկ կը վիճին, թէ արուեստը մեզի կ՛ընձեռէ հակաթոյն մը՝ մոռնալու մեր անձկութեան։

«Յաճախ մասնայատուկ բաներ մոռնալու վախն է, որ անձկութիւն կը պատճառէ մեզի։ Հարցը ո՛չ թէ անձի մը կամ տեսարանի մը մասին բան մը մոռնալու վախն է, այլ կ՛ուզենք անպայման յիշել այն, ինչ որ հիմնական է։ Հետեւաբար լաւ արուեստագէտ կը կոչենք այն անձերը, որոնք յայտնապէս գիտեն, թէ ի՛նչ պիտի փոխանցեն եւ ճիշդ ընտրութիւններ կատարած են։ Կրնանք ըսել, թէ արուեստի լաւ գործ մը լուսարձակի տակ կ՛առնէ հիմնականը, իսկ վատ գործ մը թէեւ անժխտելիօրէն մեզի կը յիշեցնէ բան մը, սակայն չի յաջողիր վերարտադրել ոգին։ Անիկա պարզապէս դատարկ յիշողութիւն մըն է», կը գրեն հեղինակները։

Հետեւաբար արուեստը միայն այն չէ, որ կը տեսնենք շրջանակի մէջ, այլ ինքնին շրջանակի մէջ կ՛առնէ մեր փորձառութիւնը։

«Արուեստը փորձառութիւններ պահպանելու ձեւ մըն է։ Փորձառութիւններ, որոնց անցողակի եւ գեղեցիկ օրինակները բազմաթիւ են, եւ զորս յիշելու համար օգնութեան պէտք ունինք», ինչպէս կը գրեն Տը Պոթոն եւ Արմսթրոնկ։

2. Յոյս

Գեղեցիկ բաներու հետ մեր հակասական յարաբերութիւնը իւրայատուկ առեղծուած մըն է։ Ամէնէն աւելի տիեզերական գրաւչութիւն ունի «գեղեցիկ» արուեստը, որ կը պատկերէ հաճելի եւ զուարթ տեսարաններ, դէմքեր, իրեր, վիճակներ։ Այսուհանդերձ, արուեստի «լուրջ» քննադատներ եւ արուեստ գնահատող անձեր այս տեսակի արուեստը կը նկատեն ձախող ճաշակի եւ իմաստութեան արտայայտութիւն (Սիւզըն Սոնթակի անմոռանալի բնորոշումով՝ երկուքը միաձուլուած են ամէն պարագայի։ Ան ըսած է. «Իմաստութիւնը իրականութեան մէջ տեսակ մը ճաշակ է, գաղափարի ճաշակ»)։ Տը Պոթոն եւ Արմսթրոնկ կը վերլուծեն.

«Գեղեցիկ բաներու սէրը յաճախ կը նկատուի տկար եւ նոյնիսկ «վատ» հակազդեցութիւն մը։ Սակայն անիկա այնքա՛ն տիրական եւ լայնատարած է, որ արժանի է ուշադրութեան եւ կրնայ պարունակել յատկանշական տուեալներ՝ արուեստի ծառայութեան վերաբերեալ։ Գեղեցիկ բաներու անպատեհութիւններուն մասին կարելի է մտածել երկու ձեւով։ Առաջին՝ գեղեցիկ նկարները կը գոհացնեն զգացականութիւնը։ Իսկ զգացականութիւնը ախտանշանն է բարդ բաներէ կամ հարցերէ խուսափելու տրամադրութեան։ Գեղեցիկ նկար մը մտածել կու տայ, թէ կեանքը աւելի հաճելի դարձնելու համար պարզապէս կարելի է մեր բնակարանը պայծառացնել ծաղիկներու գեղանկարով մը։ Եթէ նման գեղանկարի մը հարց տայինք, թէ ի՞նչ են աշխարհի հարցերը, կը թուի, թէ ան պիտի պատասխանէր՝ «ջուրի վրայ ծփացող բաւարար թիւով ճափոնական պարտէզներ չկան աշխարհի մէջ»։ Յայտնապէս այս հակազդեցութիւնը կ՛անտեսէ այն բոլոր հրատապ հարցերը, զորս կը դիմագրաւէ մարդկութիւնը… Կը թուի, թէ ինքնին գեղանկարին անմեղութիւնը եւ պարզութիւնը կը պայքարին կեանքը իբրեւ ամբողջութիւն բարելաւելու որեւէ ճիգի դէմ։ Երկրորդ՝ կայ նաեւ յարակից այլ մտավախութիւն մը, թէ՝ գեղեցիկ բաները զգայազիրկ կը դարձնեն մեզ եւ պատճառ կը դառնան, որ բաւարար չափով քննադատական վերաբերում եւ արթնութիւն չցուցաբերենք մեր շուրջ տիրող անարդարութիւններուն նկատմամբ»։

Սակայն հեղինակները կը վիճին, թէ այս մտավախութիւնները սխալ առաջնորդուած են։ Լաւատեսութիւնը ո՛չ թէ խելացութեան պակասի ցուցանիշ է, այլ իմացական եւ հոգեբանական-զգացական կարողութիւն մըն է, որ ի յայտ կու գայ լաւ ապրելու մեր ճիգին մէջ։ Նոյնիսկ ջղագիտութիւնը կը նշէ այս մէկը։ Իսկ յոյսը թռիչք կու տայ լաւատեսութեան, հետեւաբար պէտք է փայփայել զայն, եւ ոչ թէ՝ դատապարտել։

«Զուարթախոհութիւնը նուաճում մըն է, իսկ յոյսը պէտք է փառաբանել։ Լաւատեսութիւնը կարեւոր է, որովհետեւ բազմաթիւ արդիւնքներ կախեալ են մեր ներդրած յոյսին չափէն։ Յոյսը յաջողութեան կարեւոր մէկ խթանն է։ Ասիկա կը ծառանայ վերնախաւի այն դիտանկիւնին դէմ, թէ՝ տաղանդը գլխաւոր պայմանն է լաւ կեանք մը ապրելու։ Սակայն յաճախ յաջողութեան եւ ձախողութեան միջեւ տարբերութիւնը կ՛որոշուի մեր այն պատկերացումով, թէ ի՛նչ բան կարելի է ընել, ինչպէս նաեւ՝ ուրիշները համոզելու մեր կարողութեան մակարդակով։ Ձախողութեան կրնանք դատապարտուիլ ո՛չ թէ կարողութեան, այլ յոյսի չգոյութեան պատճառով»։

Պարզապէս ձեռնտու է «հզօր բաներ երեւակայելը»։

Ինչպէ՛ս կարելի է պատկերացնել յոյսը։ «Պար. Բ.», գործ՝ Հանրի Մաթիսի (գծուած՝ 1909-ին)։

Ինչպէ՛ս կարելի է պատկերացնել յոյսը։
«Պար. Բ.», գործ՝ Հանրի Մաթիսի (գծուած՝ 1909-ին)։

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Տը Պոթոն եւ Արմսթրոնկ կու տան օրինակ մը.

«Մաթիսի «Պար Բ.». գեղանկարին մէջ պարողները չեն ժխտեր աշխարհի հարցերը։ Սակայն իրականութեան հետ թերի, հակասական, միաժամանակ սովորական մեր յարաբերութեան մէջ կրնանք քաջալերուիլ անոնց կեցուածքէն։ Անոնք մեզ հաղորդակից կը դարձնեն մեր էութեան մէջ թեթեւ եւ անհոգ զգացումի մը, որ կրնայ օգնել մեզի՝ տոկալու անխուսափելի մերժումներու եւ ստորացումներու։ Գեղանկարը ըսել չ՛ուզեր, թէ ամէն ինչ լաւ է, սակայն նաեւ ըսել կ՛ուզէ, թէ կիները յաճախ հաճոյք կը զգան իրարու քով գալով եւ իրարու հետ կը հաղորդակցին՝ իրարու զօրակցող ցանցեր ստեղծելով»։

Եւ այսպէս՝ կը վերադառնանք այն հարցին, թէ ինչո՞ւ գեղեցիկ բաները կը հրապուրեն մեզ։

«Որքան դժուար ըլլայ մեր կեանքը, այնքան աւելի մեզ կրնայ հրապուրել ծաղիկի մը շնորհալի պատկերումը։ Մեր աչքերը արցունքով կը լեցուին ոչ թէ տխուր նկարի մը, այլ գեղեցիկ նկարի մը ի տես, կը գրեն հեղինակները։

«Պէտք է գիտնանք վայելել կատարեալ գեղանկար մը՝ առանց զայն արհամարհելու իբրեւ իրերու սովորական ընթացքին ոչ հարազատ մէկ պատկերումը։ Գեղեցիկ, թէեւ մասնակի տեսլական մը շատ աւելի արժէք կրնայ ստանալ մեզի համար, որովհետեւ կը գիտակցինք, թէ կեանքը հազուադէպօրէն կը գոհացնէ մեր ցանկութիւնները»։

3. Վիշտ

Ներքին անսահման հակասութիւններով արարածներ ենք, հետեւաբար արուեստը կրնայ օգնել մեզի՝ աւելի ամբողջական զգալու, ոչ միայն ընդարձակելով դրական զգացումներ զարգացնելու մեր կարողութիւնը, այլ նաեւ՝ մղելով, որ ամբողջութեամբ ընդունինք եւ մեր տոկալու գործընթացներէն անցընենք այն, ինչ որ ժխտական է։ Արուեստը կրնայ օգնել մեզի՝ արժանավայել ձեւով իրականացնելու այս, մեզի յիշեցնելով, թէ՝ «լաւ կեանքի մէջ վիշտը ունի իր օրինական տեղը»։

«Չենք պատկերացներ, սակայն արուեստը կրնայ մեզի սորվեցնել, թէ ինչպէ՛ս կարելի է աւելի յաջող ձեւով ընկալել տառապանքը։ Արուեստի իրագործումներուն մեծ մասը կրնանք նկատել արուեստագէտին կողմէ վիշտի «փոխակերպուած» արտայայտութիւն եւ ակնդիրին կողմէ «փոխակերպուած» ընկալում։ «Փոխակերպում» բառը ինքնին քիմիագիտութեան յատուկ բառ մըն է։ Անիկա այն գործընթացն է, երբ կարծր նիւթ մը ուղղակի կը վերածուի կազի՝ առանց նախապէս հեղուկի վերածուելու։ Արուեստի մէջ փոխակերպումը կ՛ակնարկէ կերպարանափոխութեան հոգեբանական գործընթացներուն, որոնց մէջ ստոր եւ անշուք փորձառութիւններ կը վերածուին ազնուական եւ տպաւորիչ փորձառութիւններու։ Ճիշդ այս է, որ կրնայ պատահիլ, երբ վիշտը կը հանդիպի արուեստին», կը գրեն տը Պոթոն եւ Արմսթրոնկ։

Անոնք կը վիճին, թէ արուեստը կ՛օգնէ մեզի, որ նուազ առանձին զգանք մեր տառապանքին մէջ։ Մեր անձնական վիշտերուն ընկերային արտայայտութիւնը ձեւով մը դրական արժանավայել մակարդակ մը կը ստանայ արուեստի մէջ։

«Արուեստը կրնայ պատրաստել հզօր եւ լուրջ դիրք մը, ուրկէ կարելի է դիտել մեր վիճակին տաժանելի երեւոյթները», կը գրեն անոնք։

4. Հաւասարակշռութեան Վերահաստատում

Մեր յեղյեղուկ ինքնութեամբ, մեր տանջալից հակասութիւններու դէզերով եւ ներկայութենէ աւելի՝ արդիւնաբերութիւնը առաջնահերթ նկատող մեր մշակոյթով զարմանալի չէ, որ տեւաբար կը զգանք մեր կեդրոնը գտնելու կարիքը։ Արուեստը ինքնին կրնայ ընձեռել մեր փնտռած կեդրոնը։

«Մեզմէ քիչերը հաւասարակշռուած անձեր են։ Մեր հոգեբանական անցեալը, յարաբերութիւնները եւ աշխատելաոճը մտածել կու տան, թէ մեր զգացումները ցաւալի կերպով կրնան թեքիլ այս կամ այն ուղղութեամբ։ Օրինակ, կրնանք հակամէտ ըլլալ չափազանց ինքնագոհութեան, կամ՝ անապահովութեան, կրնանք չափէն աւելի վստահիլ, կամ՝ կասկածիլ, շատ լուրջ ըլլալ, կամ՝ թեթեւ։ Արուեստը կրնայ խտացած չափերով մեզի տալ մեզի պակսող յատկանիշները եւ որոշ չափով հաւասարակշռութիւն մը ստեղծել մեր ներքին կեանքին մէջ», կը գրեն տը Պոթոն եւ Արմսթրոնկ։

Արուեստին այս դերը նաեւ կ՛օգնէ բացատրելու մեր գեղարուեստական նախընտրութիւններուն հսկայական այլազանութիւնը։ Այլազան են մարդոց ներքին անհաւասարակշռութիւնները, հետեւաբար նոյնքան այլազան են նաեւ արուեստի գործերը, զորս կը փնտռենք հաւասարակշռութիւն մը գտնելու համար։

«Ինչո՞ւ ոմանք կը սիրեն նուազապաշտ ճարտարապետութիւնը, իսկ ուրիշներ՝ պարոք ժամանակաշրջանի ոճը։ Ինչո՞ւ ոմանք կը խանդավառուին թանձրաձոյլ շաղախով կառուցուած մերկ պատեր տեսնելով, իսկ ուրիշներ՝ Ուիլիըմ Մորիսի ծաղկաւոր կրկնօրինակներով։ Մեր ճաշակները կախեալ են մեր զգացական կառուցուածքէն, հետեւաբար կարիքը ունին գրգռութեան եւ շեշտաւորումի։ Արուեստի իւրաքանչիւր գործ թաթխուած է հոգեբանական եւ բարոյական իւրայատուկ մթնոլորտի մը մէջ. գեղանկար մը կրնայ հանդարտ կամ խռովայոյզ թուիլ, մարտունակ կամ զգուշաւոր, համեստ կամ ինքնավստահ, արական կամ իգական, քաղքենի կամ ազնուական, իսկ մեր նախընտրութիւնները կ՛արտացոլեն մեր հոգեբանական զանազան բացերը։ Ծարաւը կը զգանք արուեստի այնպիսի գործերու, որոնք կրնան բարելաւել մեր ներքին դիւրաբեկ վիճակները եւ օգնել, որպէսզի վերադառնանք գործնական միջինի մը։ Արուեստի գործ մը գեղեցիկ կը կոչենք, երբ անիկա մեզի կը մատակարարէ այն արժանիքները, որոնք կը պակսին մեզի, իսկ տգեղ կը նկատենք այն գործը, որ մեզի կը պարտադրէ այնպիսի տրամադրութիւններ կամ պատկերներ, որոնց ներկայութիւնը կը դառնայ սպառնալիք կամ կը գերակշռէ մեր վրայ։ Արուեստը կը խոստանայ ներքին ամբողջականութիւն», կը գրեն տը Պոթոն եւ Արմսթրոնկ։

Անոնք կը վիճին, թէ այս դիտանկիւնէն՝ արուեստը նաեւ մեզի կ՛ընձեռէ անհրաժեշտ ինքնագիտակցութիւնը՝ հասկնալու, թէ ինչո՛ւ ժխտական ձեւով կը հակազդենք արուեստի գործի մը. այս գիտակցութիւնը կրնայ կանխարգիլել մեր ժխտական արտայայտութիւնը։ Երբ կը գիտակցինք, թէ ի՛նչ բան կը պակսի մեզի՝ գեղեցիկ նկատելու համար արուեստի գործ մը, կը նշանակէ, թէ կը կիրարկենք խիստ բարոյականութենէ աւելի՝ հասկացողութիւնը առաջնահերթութեան վերածող մօտեցում մը։ Այս առումով՝ արուեստը նաեւ կը չափաւորէ մեր բարոյական արժանիքներուն համակարգը։ Իրօք, պատմութեան մէջ ամէնէն աւելի փառաբանուած արուեստի գործերը հիմնուած են բարոյական առաքելութիւններու վրայ։ Տը Պոթոն եւ Արմսթրոնկ զանոնք կը կոչեն՝ «մեր նկարագիրին լաւ կողմերը խթանող միջոցներ՝ համոզելու կամ զգուշացնելու թաքուն պատգամներով»։ Պատգամներ, որոնց յաճախ կը հակազդենք դիմադրութեամբ եւ զայրոյթով։ Սակայն նման հակազդեցութիւններ կ՛անտեսեն աւելի կարեւոր կէտ մը։

«Մեզ յորդորող արուեստի գործերը կրնանք նկատել իրենք զիրենք պարտադրող եւ աւելորդ, մինչդեռ անոնք կը քաջալերեն առաքինութիւնը, թէեւ միշտ ալ պիտի հակասեն մեր ցանկութիւններուն։ Այսուհանդերձ, երբ հանդարտ ենք եւ ճնշումի տակ չենք, կը ձգտինք լաւ վարուիլ եւ դժգոհութեամբ չենք դիմաւորեր լաւ վարուելու յիշեցում մը։ Պարզապէս մեր առօրեային մէջ սովորաբար չենք հանդիպիր նման խթաններու։ Լաւութեան մեր ձգտումին մէջ կը տառապինք կամքի տկարութենէ կամ աքրասիայէ՝ ինչպէս Արիստոտել կոչած է զայն։ Կ՛ուզենք լաւ վարուիլ մեր շրջապատին հետ, սակայն տեղի կու տանք ճնշումներու տակ։ Կ՛ուզենք աւելի իմաստաւորել մեր կեանքը, սակայն ճակատագրական պահու մը կը կորսնցնենք մեր մղումը։ Նման պայմաններու մէջ կրնանք մեծապէս օգտուիլ արուեստի գործերէ, որոնք մեզ կը մղեն դառնալու մեր էութեան լաւագոյն տարբերակը. բան մը, որ պիտի մերժէինք՝ ցաւագար վախով դիմաւորելով արտաքին միջամտութիւն մը կամ արդէն կատարեալ նկատելով մենք մեզ», կը գրեն հեղինակները։

«Զգուշացնող արուեստի լաւագոյն գործերը, այսինքն՝ այն արուեստը, որ բարոյական պատգամ մը կը պարունակէ՝ առանց բարոյախօսական ըլլալու, կ՛արթնցնեն այն գիտակցութիւնը, թէ որքա՛ն դիւրութեամբ կարելի է ներգրաւուիլ դէպի վնասակար բաները»։

Հետեւաբար արուեստագէտին պարտականութիւնն է գտնել նոր ձեւեր՝ բանալու մեր աչքերը եւ յայտնելու ձանձրացնելու աստիճան ծանօթ, սակայն խիստ կարեւոր գաղափարներ, որպէսզի զանոնք ծառայեցնենք հաւասարակշռուած եւ լաւ կեանք մը ապրելու մեր ցանկութեան։

Հեղինակները գեղեցիկ բառերով կ՛ամփոփեն արուեստի այս դերը։

«Արուեստը կրնայ օգնել, որ ժամանակ խնայենք, մեր կեանքը փրկենք հաւասարակշռութեան եւ բարութեան բնազդային յիշեցումներով, առանց մտածելու, թէ արդէն կը գիտակցինք անոնց»։

5. Ինքնահասկացողութիւն

Հակառակ ինքնագիտակցութեան մեր լաւագոյն ճիգերուն, յաճախ մեր էութիւնը մասամբ կամ ամբողջութեամբ խորհրդաւոր կը թուի մեզի։ Տը Պոթոն եւ Արմսթրոնկ կը մտածեն, թէ արուեստը կրնայ օգնել մեզի՝ լոյս սփռելու մեր հոգեբանութեան մէջ հազուադէպօրէն պեղուած անկիւններուն վրայ եւ զգալու բնազդային շօշափելի մղումներ, զորս կրնանք միայն զգալ, սակայն չենք կրնար նկարագրել։

«Մենք թափանցիկ չենք մեր աչքին։ Ունինք բնազդային զգացումներ, կասկածներ, նախազգացումներ, աղօտ մտածումներ եւ տարօրինակ ձեւով խառն զգացումներ, զորս կարելի չէ բնորոշել պարզ բառերով։ Կ՛ապրինք տարբեր տրամադրութիւններ, սակայն իրականութեան մէջ ծանօթ չենք անոնց։ Ապա, մերթ ընդ մերթ կը հանդիպինք արուեստի գործերու, որոնք կը թուի, թէ կ՛ագուցուին բանի մը, որ զգացած ենք նախապէս, սակայն երբեք յստակ ձեւով չենք ճանչցած զայն։ Ալեքսանտր Փոփ բանաստեղծութեան դերը կը նկարագրէր իբրեւ կիսով կազմուած մեր մտածումներուն յստակ արտայայտութիւն տալու միջոց մը. «Բան մը, որուն մասին յաճախ մտածած ենք, որ սակայն բնաւ այսքան լաւ ձեւով չէ արտայայտուած»։ Այլ խօսքով՝ մեր սեփական մտածումներուն խաբուսիկ եւ թաքուն մէկ մասը, մեր սեփական փորձառութիւնները, կը հաւաքուին արուեստագէտին կողմէ, կը խմբագրուին եւ մեզի կը վերադարձուին աւելի լաւ վիճակի մէջ, քան ինչ որ էին, որպէսզի ի վերջոյ զգանք, թէ քիչ մը աւելի լաւ կը ճանչնանք մենք մեզ», կը գրեն անոնք։

Աւելի՛ն. արուեստի միջոցով մեր մէջ արթնցած ինքնագիտակցութիւնը մեզի կ՛ընձեռէ այլոց հետ հաղորդակցելու լեզու մը։ Այսպէս կարելի է բացատրել, թէ ինչո՛ւ մենք մեզ հանրութեան կը ներկայացնենք որոշ տեսակի արուեստի գործերով շրջապատուած։ Կարծէք մենք մեզ այս ձեւով կը ծանօթացնենք մեր տան պատերուն վրայ, Ֆէյսպուքի էջերուն մէջ… Մինչ սկեպտիկ մը այս մղումը պիտի նկարագրէր իբրեւ ցուցադրական արարք, անդին՝ տը Պոթոն եւ Արմսթրոնկ կը մերժեն մակերեսային այս մեկնաբանութիւնը՝ բացատրելով անոր հոգեբանական պատճառները. անոնք կը բխին մեր էութիւնը պարզելու եւ մեր հաւատալիքները փոխանցելու ցանկութենէն, այլոց հետ հաղորդակցելու համար այնպիսի ամբողջական ձեւով, որ բառերով կարելի չէ։

6. Աճում

Մեր էութիւնը աւելի խոր մակարդակի վրայ հասկնալու իր օգտակարութեան կողքին, արուեստը նաեւ մեզի առիթ կու տայ ընդարձակելու մեր էութեան սահմանները, կ՛օգնէ, որ յաղթահարենք անծանօթին նկատմամբ մեր տեւական վախը, կը նպաստէ աւելի հարուստ կեանք մը ապրելու՝ ընդունելով անծանօթը։

«Արուեստի հետ կապը օգտակար է, որովհետեւ մեզի կ՛ընձեռէ հզօր օրինակներ՝ անծանօթ նիւթերու, որոնք մեր մէջ կը ստեղծեն ինքնապաշտպանութեան յատուկ խուսափողականութիւն եւ վախ, միաժամանակ մեզի տալով ժամանակը եւ առանձնութիւնը՝ ռազմավարական միջոցներով յաղթահարելու զանոնք։ Արուեստի գործի մը դէմ անմիջապէս ինքնապաշտպանուելու մղումը յաղթահարելու կարեւոր քայլ մըն է անոր տարօրինակութիւնը աւելի բաց միտքով ընկալելու կամեցողութիւնը», կը գրեն տը Պոթոն եւ Արմսթրոնկ։

Անոնք կը յանձնարարեն արուեստի դէմ ինքնապաշտպանուելու մեր մղումը յաղթահարելու հիմնական 3 քայլեր։ Առաջին՝ ընդունիլ այն տարօրինակ զգացումը, որ կ՛ապրինք արուեստի գործի մը դիմաց, եւ վատ չզգալ, որ կ՛ապրինք զայն, այլ՝ գիտակցիլ, թէ շատ բնական զգացում մըն է այս։ Ի վերջոյ արուեստի գործերուն մեծ մասը կը պատկանի այնպիսի անձերու, որոնց աշխարհահայեացքը արմատական ձեւով կը տարբերի մեր աշխարհահայեացքէն եւ յաճախ կը հակասէ մեր սեփական ըմբռնումներուն։ Երկրորդ՝ ճանչնալ եւ չմերժել այն անձերը, որոնք ստեղծած են այն արուեստը, որ անծանօթ կը թուի մեզի։ Երրորդ՝ փնտռել մեզ արուեստագէտին հետ կապող թելեր, «որքան ալ աղօտ եւ սկիզբը դիւրաբեկ թուին անոնք», որպէսզի կարենանք կապ մը գտնել արուեստագէտին կեանքին պարունակէն բխած գործերուն եւ մեր անձնական իրականութեան պարունակին միջեւ։

7. Գնահատանք

Ինչպէս գիտենք, մեր ուշադրութիւնը «խտրական է դիտումնաւոր կերպով եւ առանց որեւէ զղջումի»։ Այս պատճառով չենք անդրադառնար մեր շրջապատին մէջ մեզի ծանօթ բաներու կախարդական հմայքին։ Տը Պոթոն եւ Արմսթրոնկ կը վիճին, թէ արուեստը կրնայ չէզոքացնել մեզ կուրցնող տարրերը, որպէսզի կարենանք լաւապէս ընկալել ոչ միայն այն, ինչ որ կ՛ակնկալենք տեսնել, այլ նաեւ այն, ինչ որ չենք ակնկալեր տեսնել։

Սովորութիւնը ուժ մըն է, որ կեանքը հաստատ կը պահէ կորիզի մը շուրջ, սակայն նաեւ երկսայրի սուր մըն է, որ կրնայ մէկ հարուածով կտրել փորձառութիւններու ամբողջ շղթայ մը։ Արուեստը կրնայ մեզ դարձեալ ընտելացնել այն բոլոր բաներուն հետ, որոնք հրաշալի են եւ արժանի՝ ուրախութեան։

«Արուեստը կրնայ մեզ առաջնորդել աւելի ճշգրիտ ձեւով արժեւորելու այն, ինչ որ արժէք կը ներկայացնէ։ Անիկա կը մղէ, որ պայքարինք մեր սովորութեան դէմ եւ մեզ կը հրաւիրէ լուսարձակի տակ առնելու այն, ինչ որ կը սիրենք», կը գրեն անոնք։

985the

Կեանքի սովորական բաներուն ուշադրութիւն դարձնելով։
Գարեջուրի թիթեղներ. գործ՝ Ճեսփըր Ճոնզի (գծուած՝ 1960-ին)։

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Հեղինակները կը ներկայացնեն օրինակը Ճեսփըր Ճոնզի պրոնզէ հռչակաւոր գարեջուրի թիթեղներուն, որոնք շատ սովորական եւ ծանօթ իրեր են մեր աչքին։

«Այս քանդակներուն թանձրաձոյլ հում նիւթը արդէն մտածել կու տայ մեզմէ անջատ եւ տարօրինակ անոնց բնոյթին մասին։ Զանոնք կը դիտենք այնպէս, կարծէք առաջին անգամ կը տեսնենք, կը քննենք մանուկի մը կամ արտերկրացիի մը պէս, որոնք նախապէս չեն տեսած զանոնք», կը գրեն անոնք։

«Ճոնզ մեզի կը սորվեցնէ աւելի ազնիւ եւ արթուն աչքերով դիտել մեր շրջապատը»։

Ա՛յս է արուեստին ուժը. անիկա միաժամանակ վկան է եւ ջատագովը՝ սովորական բաներու արժէքին, որուն յաճախ կ՛անգիտանանք կեղծ մեծութիւններու մեր փնտռտուքին մէջ։ Արուեստը մեր գիտակցութիւնը արթնցնող միջոց մըն է, որ մեզ կը մղէ անդրադառնալու մեր առօրեայ կեանքին հարստութեան։

«Արուեստը մեզի կը սորվեցնէ աւելի արդար վարուիլ մեր անձին նկատմամբ, մինչ կը փորձենք լաւագոյն ձեւով յարմարիլ կեանքի մեր պայմաններուն, գործի մը, որ չենք սիրեր կամ՝ միջին տարիքի մեր թերութիւններուն, մեր անկատար տենչերուն, մեզ ջղագրգռող, սակայն սիրելի կողակիցներուն։ Արուեստը կրնայ անհասանելիին փառաբանանքը հիւսելու փոխարէն՝ մեր մէջ արթնցնել կեանքի իրական արժէքը ճանչնալու կարողութիւնը։

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )