Վարուժան Սէթեան (1927-2003). Հայ Լուսանկարչական Արուեստի Տաղանդաւոր Նորարարը (Մահուան 10-ամեակին Առիթով)
Ն.
Նոյեմբեր 12-ին իր ծննդեան 86-րդ տարեդարձը պիտի տօնէր հայ լուսանկարչական արուեստի մեր ժամանակներու տաղանդաւոր ներկայացուցիչներէն Վարուժան Սէթեան, եթէ անողոք հիւանդութիւնը տասը տարի առաջ՝ 26 սեպտեմբեր 2003-ին, մեր կեանքէն առյաւէտ չհեռացնէր Լիբանանի հայութեան արժանաւոր այս տաղանդը։
Վարուժան ստորագրութեամբ հռչակաւոր իր լուսանկարները, որոնք հայ թէ օտար հանրածանօթ դէմքեր ու դէպքեր, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ Հայաստանի բնական գեղեցկութիւնները անմահացնող լուսատիպ արուեստի բարձրարժէք նուաճումներ են, ժամանակի մաշումին դիմացող ինքնուրոյն դպրոց մը բացին լուսանկարչական արուեստի աշխարհէն ներս։
Վարուժան Սէթեան հայ անունը փառաւորող գեղարուեստական լուսանկարներու հարուստ ժառանգութիւն մը կտակեց հաւասարապէս թէ՛ մեր ժողովուրդին, թէ՛ իր պաշտած մայրիներու հայրենիք Լիբանանին եւ թէ՛ ընդհանրապէս արաբական աշխարհին ու Մերձաւոր Արեւելքին։
Կեանքը, բնութիւնը եւ մարդ էակը իրենց ամբողջ խորութեամբ դիտելու, իւրայատուկ ընկալելու, կենսունակութեամբ շնչաւորելու եւ լուսանկարով քանդակելու բացառիկ ձիրքի տէր արուեստագէտը եղաւ Վարուժան, որուն ոսպնեակը ճշմարտութեան նոր լոյսի տակ «խօսեցուց» եւ «անմահացուց» իրեն ժամանակակից մեծերը, իր ապրած ժամանակաշրջանը, հայու եւ լիբանանցիի իր կրկնակ պատկանելութեան հիմք ծառայած բնական, մշակութային եւ հոգեմտաւոր հարստութիւնները։
Վարուժանի լուսանկարներով մարդոց յիշողութեան մէջ անջնջելիօրէն դրոշմուեցան, իւրայատուկ լոյսի տակ դիտուած, գլխաւոր դէմքերն ու դէպքերը վերջին յիսնամեակի լիբանանեան եւ հայկական իրականութեան։
Պարոյր Սեւակ եւ Ֆէյրուզ՝ լուսանկարուած Վարուժան Սէթեանի ոսպնեակէն
Այդպէս, Վարուժան աշխարհին հրամցուց իր «տեսած» ու «ճանչցած» արուեստագէտներն ու գրողները (յատկապէս անմոռանալի են Լիբանանի երգի թագուհի Ֆէյրուզին եւ հանճարեղ հայ բանաստեղծ Պարոյր Սեւակին լուսանկարները), Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ հայրապետները, Լիբանանի ու Սուրիոյ նախագահները, Արաբական ծոցի թագաւորներն ու իշխանները, լիբանանահայ ու հայրենի մտաւորականութեան եւ ազգային գործիչներու արժանաւոր փաղանգը։
Վարուժանի իւրայատուկ դրոշմը կը կրեն ինչպէս Լիբանանի, այնպէս ալ Հայաստանի բնաշխարհն ու քաղաքակրթական ժառանգութիւնը խորհրդանշող ծառերն ու ծաղիկները, լեռներն ու ջուրերը, ճարտարապետական կոթողները, պալատներն ու վանքերը անմահացնող լուսանկարները։ Եւ հոն, ուր լուսանկարչական գործիքն ու նկարահանման նորագոյն արհեստագիտութիւնը սահմանափակումներ ունին, Վարուժան շարժման մէջ դրած է արուեստագէտ նկարիչի իր շնորհները, որպէսզի իր լուսանկարները օժտէ առաւելագոյն արտայայտչականութեամբ։
Հայ լուսանկարչական արուեստի այսքա՜ն տաղանդաւոր ներկայացուցիչը ծնած էր 1927-ի նոյեմբեր 12-ին, Լիբանան, Պէյրութի նաւահանգիստի շրջանին մէջ, սիսեցի Աբրահամ եւ Թլեմբէ Սէթեաններու ընտանեկան յարկին տակ։ Հինգ զաւակներու (երկու աղջիկ եւ երեք մանչ) միջնեկն էր Վարուժան, որ միայն նախակրթական ուսման հնարաւորութիւն ունեցաւ Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ Ազգ. վարժարանին մէջ՝ աշակերտելով տնօրէն եւ դաստիարակ Ղազար Չարըգի։
Պատանի տարիքէն ստիպուեցաւ նետուիլ կեանքի ասպարէզ՝ իրեն հոգեհարազատ գտնելով լուսանկարչութիւնը։ Տարբեր լուսանկարչատուներու մէջ աշխատելէ եւ եռանդով ու ինքնաշխատութեամբ իր ասպարէզին մէջ հմտանալէ ետք, Վարուժան աշխատանքի կոչուեցաւ Պէյրութի քաղաքակեդրոն Պապ Իտրիս գտնուող «Իսթըրն ֆոթոկրաֆիք քոմփանի» հաստատութեան մէջ, որուն լուսանկարչութեան բաժնի պատասխանատու նշանակուեցաւ 1957-ին։
Երկու տարի չանցած, 1959-ին, իր ձեռք ձգած լուսանկարչական հմտութեամբ, Վարուժան Սէթեան նոյն Պապ Իտրիսի Ուէյկան փողոցին վրայ հիմնեց իր սեփական լուսանկարչատունը՝ «Միտըլ Իսթ ֆոթոկրաֆիք լեպորաթորիս» անունով։ Տաղանդաւոր, ջանասէր եւ ձեռներէց լուսանկարիչին առջեւ այնուհետեւ բաց էր ասպարէզը, որպէսզի արժեցնէր իր շնորհները։
Լուսանկարիչի իր աշխատանքին կողքին, Վարուժան Սէթեան երիտասարդական իր վաղ շրջանէն անդամակցեցաւ հայ երգարուեստի ու երաժշտութեան մեծ վարպետ Բարսեղ Կանաչեանի «Գուսան» երգչախումբին, որուն արժանաւոր եւ հաւատաւոր անդամը մնաց մինչեւ վերջ։
1962-ին բախտը ժպտեցաւ Վարուժանին, որ արժանանալով լիբանանեան մեծահռչակ Ռահպանի եղբայրներու գնահատանքին՝ նշանակուեցաւ Ռահպանիներու արհեստավարժ թատերախումբին լուսանկարիչը։ Յատկապէս Ռահպանիներու յայտնագործած մեծատաղանդ երգչուհի Ֆէյրուզին հմայքը ժողովրդականացնող Վարուժանի լուսանկարները երիտասարդ հայ արուեստագէտին առջեւ բացին դռները լիբանանեան արուեստասէր շրջանակներու, որոնք նախընտրեցին եւ պատիւ համարեցին լուսանկարուիլ Վարուժանի ոսպնեակին առջեւ։
Լիբանանեան տարողութեամբ իր նուաճած ժողովրդականութիւնը Վարուժան ամրապնդեց 1966-ին, երբ Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարարութեան հովանաւորութեամբ իր անձնական առաջին ցուցահանդէսը տուաւ հեղինակաւոր «Ֆենիսիա» պանդոկի ցուցասրահին մէջ։ Մամուլն ու արուեստասէր հասարակութիւնը մեծ գնահատականներով ողջունեցին հայ լուսանկարիչին տաղանդն ու գործը։ Արժեւորման ալիքը աւելի բարձրացաւ Վարուժանի արուեստին շուրջ, երբ տարի մը ետք, 1967-ին, Թոքիոյի մէջ, հայ լուսանկարիչը տիրացաւ «Զբօսաշրջութեան պաշտօնական կազմակերպութեանց միջազգային միութեան» առաջին մրցանակին։
Չուշացաւ Հայաստան այցելելու խորհրդային պաշտօնական հրաւէրը։ 1968-ին Վարուժան իրագործեց կեանքի իր երազը, երբ Հայաստան այցը ծառայեցուց հայրենի բնաշխարհն ու մշակութային հարստութիւնները, հայ գրողներն ու մտաւորականները, Ս. Էջմիածինն ու Ամենայն հայոց կաթողիկոսը իր աչքով տեսնելու, ճանչնալու, լուսանկարելու եւ իր դրոշմով անմահացնելու նպատակին։ Արգասիքը հմայեց լիբանանահայ ողջ հասարակութիւնն ու լիբանանցի արուեստասէրները։ Քաղաքամէջի «Մեմորիըլ Հոլ»-ի մէջ 1969-ին բացուած իր ցուցահանդէսը, Հայաստանի բնաշխարհին ու հայրենի դէմքերու նուիրուած իր բացառիկ լուսանկարներով, անմոռանալի պահեր ստեղծեց բոլորին համար։
Վարուժանի արուեստին հռչակը հասաւ մինչեւ Արաբական ծոցի երկիրները։ Պաշտօնական հրաւէրներով, 1971-1972, Վարուժան այցելեց ամբողջ շրջանը եւ լուսանկարներու իր հաւաքածոն հարստացուց թագաւորներու եւ իշխաններու, ինչպէս նաեւ բնական տեսարաններու եւ քաղաքակրթական կոթողներու գեղեցիկ լուսանկարներով՝ ամէնուր իր ժամանակին եւ աշխատանքին կարեւոր մէկ մասը նուիրելով տեղւոյն հայութեան։
Նոյնպէս, եւրոպական մակարդակի վրայ Վարուժանի հռչակը սկսաւ տարածուիլ։ 1972-ին լոյս տեսաւ Վարուժանի լուսանկարներու առաջին հաւաքածոն՝ «Լիպան Թեր տը Ռանքոնթրը-Լեպանոն Քրոսրոտ աֆ Մենքայնտ» անունով շքեղ հրատարակութեամբ մը։
Վարուժան Սէթեան իր փառքի գագաթնակէտին էր, երբ 1975-ին բռնկեցաւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը, որուն առաջին փուլին կռիւներու թատերաբեմ դարձաւ Պէյրութի քաղաքակեդրոնը։ Պապ Իտրիսի շրջանը եւս քարուքանդ դարձաւ եւ աւելի քան 15 տարուան Վարուժանի լուսանկարչական վաստակը կողոպտուեցաւ կամ կործանեցաւ՝ իր հաստատութեան հետ միասին։
Վարուժան Սէթեան, սակայն, պարտութիւն ընդունող կամ հարուածի տակ ձեռնթափ եղող մարդ չէր։ Պայքարը շարունակեց եւ քանի մը տարուան մէջ յաջողեցաւ Պէյրութի արեւելեան շրջանին մէջ, Զալքա, հաստատել իր նոր արուեստանոց-լուսանկարչատունը։ Մէկ կողմէ շարունակեց լուսանկարել եւ միւս կողմէ՝ ցուցասրահի վերածել «Վարուժան Ֆոթոկրաֆիք սէնթըր էնտ արթ կելլըրի» անունով իր կեդրոնը։
1977-ին հրաւիրուեցաւ Նոր Ջուղա, Իրան, ուրկէ վերադարձաւ ոչ միայն հայ հինաւուրց գաղութի պատմական վայրերու, եկեղեցիներու եւ մշակութային հարստութեանց վերաբերեալ լուսանկարներու ճոխ հաւաքածոյով, այլեւ՝ վերանորոգ աշխուժութեամբ շարունակելու իր գործը։
1980-ին Անթիլիասի Մշակութային կեդրոնին մէջ Վարուժան հանրութեան ներկայացաւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին ահաւորութիւնը խարանող ինքնատիպ ցուցահանդէսով մը, որ Լիբանանի բուսական աշխարհին ու ծաղիկներուն նուիրուած գեղեցիկ լուսանկարներու հաւաքածոյ մըն էր։ Մեծ լաւատես ու խոր մարդասէր ըլլալով՝ Վարուժան պատերազմի արհաւիրքին մէջ տկարացող մարդոց տոկալու յոյս ներշնչող զէնքի վերածեց լուսանկարչական իր արուեստը։
Յատկապէս 1980-ականներուն Վարուժան իր ուժերն ու ժամանակը մեծ մասով նուիրաբերեց մեր մամուլի եւ հրատարակչական մարզի գեղարուեստական բարելաւման ու կատարելագործման աշխատանքին։ Լիբանանահայ տարբեր հրատարակչատուներու եւ առաւելաբար Համազգայինի տպարանին հետ մնայուն գործակցութեան մէջ եղաւ, որպէսզի թէ՛ իր լուսանկարներու հարուստ հաւաքածոյով, թէ՛ գիրքերու նկարազարդման իր թեքնիք լայն հնարաւորութիւններով նորահաս սերունդներուն ընծայէ գեղատիպ գիրքեր։
Իսկ «Ազդակ»-ի հետ ամբողջական գործակցութեամբ, Վարուժան իր մտայղացումներով եւ գեղարուեստական մշակումով պատրաստեց ամէնամեայ Նոր տարուան բացառիկներու՝ առանձնատիպ հատորներու գունազարդ կողքերը, ընթերցողի սքանչացումին արժանացնելով մեր մամուլը։
Վարուժան մեծարժէք ներդրում ունեցաւ մանաւանդ յեղափոխական մեր դէմքերու տժգունած լուսանկարները վերականգնելու, վերամշակելու եւ գունաւոր տեսքի բերելու դժուարին աշխատանքին մէջ։ Նման աշխատատար գործի մը յաջողութեան համար Վարուժան օժտուած էր թէ՛ դաշնակցական ոգիով, թէ՛ արուեստագէտ լուսանկարիչի տաղանդով եւ թէ՛, յատկապէս, արհեստագիտական ու մասնագիտական պահանջուած հմտութեամբ։ ՀՅԴ հիմնադիր երրորդեան գունաւոր հանրածանօթ լուսանկարին հեղինակը Վարուժան Սէթեանն է։
Այսուհանդերձ, Լիբանանի շարունակուող պատերազմին անձկութիւնն ու ընտանեկան կեանքի դժուարութիւններ խոցեցին եւ տկարացուցին այլապէս կենսուրախ Վարուժանը։ Տկարացաւ տեսողութիւնը, սրտի կաթուած անցուց, երիկամները փճացան։ Բայց շարունակեց պայքարիլ։ Լիբանանի եւ Սուրիոյ իշխանաւորներուն սիրուած լուսանկարիչը ըլլալով՝ յաջողեցաւ յաղթահարել կենցաղային դժուարութիւնները։ Աւելի՛ն. երբ Հայաստան բռնեց վերանկախացման ճամբան, Վարուժան եղաւ առաջիններէն, որ իր արուեստի ցուցասրահն ու ծանօթութիւնները տրամադրեց ի սպաս հայրենի նկարիչներուն, որպէսզի իրենց գործերը հրամցնեն Լիբանանի հայ թէ օտար արուեստասէրներուն։ Որքան առողջութիւնը տկարացաւ, այնքան ինքնամփոփ դարձաւ Վարուժան։ 1997-ին լիբանանցի արուեստաբան Սաատ Քիուան լոյս ընծայեց Վարուժանի գործերուն երկրորդ հաւաքածոն՝ «Լիպան-Լեպանոն» անունով։
2002-ը եղաւ մեծարանքի եւ պարգեւատրումի տարի մը Վարուժան Սէթեանին համար։ Համազգային մշակութային եւ կրթական ընկերակցութիւնը յատուկ շքանշանով մեծարեց ու պատուեց արուեստագէտ լուսանկարիչին վաստակը։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. հայրապետը «Սուրբ Մեսրոպ» շքանշանով պարգեւատրեց Վարուժանը՝ Անթիլիասի թանգարանի սրահին մէջ տեղի ունեցած մեծարանքի հանդիսաշուք արարողութեան մը ընթացքին։ Իսկ «Քոմիթէ տը Ռիքոմփանս տը Լ՛էօվր Հիւմանիթեր է Մերիթ Ֆիլանթրոփիք» կազմակերպութիւնը Վարուժանը պատուեց «Լա կրանտ Մետայ Տ՛որ աւեք Ռիւպան» շքանշանով։
Վարուժան Սէթեան իր աչքերը ընդմիշտ փակեց 26 սեպտեմբեր 2003-ին եւ իր թաղման օրը արժանացաւ Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Էմիլ Լահուտի շնորհած «Մայրի» կարգի շքանշանին։
Վարուժանի մահէն կարճ ժամանակ ետք, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թանգարանի սրահին մէջ կատարուեցաւ բացումը հայ գրողներու նուիրուած լուսանկարներու ցուցահանդէսին, որ իր տեսակին մէջ թէ՛ աննախընթաց էր՝ ցուցադրուած գործերու գեղարուեստական որակով, թէ՛ ընդգրկուն էր՝ Հայաստանի ու սփիւռքի արժէքները ի մի բերելու առումով։
Վարուժանին նուիրուած լաւագոյն յիշատակարաններէն մէկը կը հանդիսանայ Հրաչ Թոքաթլեանի պատրաստած 2007-ին վաւերագրական ժապաւէնը՝ «Վարուժան… իր ժամանակաշրջանի վկան» անունով։