Վերյիշելով Մեր Արժէքները. Արժեւորենք Արժանիները

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

ShahantoukhdԱսացուածք մը կայ մեր ժողովուրդին լեզուին վրայ, որ յաճախ կը կրկնուի, երբ ունենանք տաղանդաւոր արուեստագէտի մը կորուստը։ Մենք ալ կրկնենք այդ ասացուածքը, որ կ՛ըսէ. «Անփոխարինելի մարդ չկայ»… ճի՞շդ է արդեօք այս բանաձեւումը, երբ կ՛ափսոսանք անդարձ մեկնումը արուեստի դաշտին մէջ տաղանդաւոր արուեստագէտի մը, ան ըլլայ երաժիշտ, դերասան, բեմադրիչ, գրող կամ գեղանկարիչ, երգիչ կամ ճարտասան բանախօս։

Եթէ յետադարձ ակնարկ մը նետենք լիբանանահայ մեր մօտիկ անցեալին, կը հաստատենք տաղանդաւոր արուեստագէտներու ներկայութիւնը, որոնք գացին, բայց զանոնք փոխարինողներ չկան՝ ըստ մակարդակի արժեւորման։

Անդրադառնանք նախ մեր թատերական կեանքին։ Համազգայինը թատերական իր գործունէութիւնը փայլեցուցած էր «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբով՝ շնորհիւ իր հիմնադրի տաղանդին։ Տաղանդը բաւարար չէր անշուշտ, կար նաեւ աշխատանքի հետեւողականութիւնը, գործը շարունակելու կամքը։

Ժորժ Սարգիսեան եղաւ բեմադրիչն ու դերասանը յիշեալ թատերախումբին։ Ժորժը իր հեղինակութեամբ պատրաստած էր հիանալի սերունդ մը՝ թատերական բեմը զարդարող։ Հոն յայտնութիւն մը եղաւ Վարուժան Խտըշեան, որ ներկայիս անկողնոյ կը ծառայէ ցաւօք սրտի։ Ուրեմն հարցը կը տրուի ինքնաբերաբար. այս տաղանդաւորները նկատե՞նք անփոխարինելի։ Ո՞ւր են զանոնք փոխարինողները։ Հայաստանի թատերա-գեղարուեստական համալսարաններէն շրջանաւարտներ ունեցանք, ո՞ւր են անոնք։ Մե՞նք չքաջալերեցինք, թէ՞ մեզի անծանօթ պատճառներով մեկուսացան անոնք։

Մնանք Համազգայինի թատերական մթնոլորտին մէջ. ունեցանք եւ ունինք շնորհալի երիտասարդներ, որոնք պարբերաբար կը յայտնուին մեր բեմերուն վրայ, կ՛արժանանան ծափերու, քաջալերանքի։

Բեմադրիչ եւ թատերագիր Ռոպերթ Առաքելեան ժամանակէ մը ի վեր թատերական եռուն գործունէութիւն կը ծաւալէ Այնճարի եւ Պէյրութի մէջ։ Ան հետամուտ է նաեւ մանկավարժական միջոցառումներով ծաղկեցնելու թատերական սէրը նորագոյն սերունդին մէջ։ Առաքելութիւն մը, որ հարկ է ունենայ յաւելեալ քաջալերանք։ Ան Հայաստանի մէջ կազմաւորուած արուեստագէտ է, որ իր աշխատասիրութեամբ կ՛արժեւորէ թատերական արուեստը։

Հայրենի մեր թատերական գործիչները, Վիգէն Ստեփանեան, Դաւիթ Յակոբեան անցնող տասնամեակին ունեցան գնահատելի ներդրում՝ լիբանանահայ թատերական կեանքը հունաւորելու ճանապարհին։

Ժամանակաւոր ներկայութիւններ եղան անոնք՝ դրոշմելով որոշ ճաշակ թատերական արուեստի մակարդակը բարձրացնելու։

Հայրենի արուեստագէտներու շարքին կ՛ուզենք արժեւորել թատերական յարատեւ ներկայութիւնը տաղանդաւոր բեմադրիչ Երուանդ Ղազանճեանի, որ աւելի քան տասնամեակ մը շնչաւորեց ՀԲԸ Միութեան «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբը՝ իր ներկայութեամբ նոր ուղղութիւն ցոյց տալով «Փափազեանական» շնորհալի դերասաններուն, այլազան ոճի թատերական ներկայացումներ բեմադրելով, արուեստի նոր ճաշակ մը փոխանցելով։

Այս ամէնը գնահատելի ներդրումներ եղան։ Այսուհանդերձ, լիբանանահայ թատերասէր հասարակութիւնը ակնկալեց, որ յարատեւէր քաջալերանքը մասնաւորաբար թատերական կազմաւորում ստացած, հայրենի թատերական ու գեղարուեստական բարձրագոյն ուսումնարանէն շրջանաւարտ նոր ուժերու, որոնց շարքին՝ Յասմիկ Թաշճեան-Պերթիզլեան։ Ան յայտնաբերեց իր դերասանական եւ բեմադրիչի տաղանդը։ Չենք կրնար մոռնալ Վարուժան Խտըշեանի բեմադրած «Շերի Նուար» թատերախաղը, որուն մէջ իր տաղանդը յայտնաբերեց Յասմիկ՝ արժանանալով թատերասէրներու հիացական գնահատանքին։

Շարունակելով թատերական իր աշխատանքները, Յասմիկ լծուեցաւ նոր շնորհալիները առաջնորդելու գործունէութեան։ Կատարեց նաեւ բեմադրութիւններ, նորարարի յանդգնութեամբ։

Համազգայինի մշակութային եւ կրթական միութիւնը անտարբեր չմնաց այս կապակցութեամբ, բայց նորութիւններ ստեղծելու խանդավառութիւնը կը բացակայի ներկայիս։

«Անփոխարինելի մարդ կա՞յ, թէ չկայ», ո՞վ պիտի որոշէ։ Ուզենք թէ չուզենք, «կար ու չկար»-ի հեքիաթի իմաստութեան պիտի դիմենք վաւերագրելու համար իրողութիւնը։

Լիբանանեան պատերազմը անկասկած խռովեց ու խանգարեց մեր կենսունակութիւնը։ Կը յիշենք Պերճ Ֆազլեանը՝ «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբին բեմադրիչը, որ իր կարգին խռովեցաւ լիբանանեան չըլլալիք թոհուբոհէն։ Գրիգոր Սաթամեան մնաց ժամանակ մը նոյն գործը շարունակող՝ ոգեւորելով «Վահրամ Փափազեան»-ի անուան հաւատարիմները։ Դարձեալ մեղաւոր է պատերազմը, որ կը քանդէ միայն, ուրիշ ոչինչ։

Լիբանանէն պարբերաբար հեռացաւ, ապա վերադարձաւ բեմադրիչ ու դերասան, նոյն ատեն թատերագիր Վաչէ Ատրունի։

Ան աշխուժ գործունէութիւն ծաւալեց թատերական մարզին մէջ, նոյնիսկ ստեղծեց իր նոր թատերախումբը «Գեղարթ», այսինքն «գեղեցիկ արուեստներու թատրոն»։ Պուրճ Համուտի շարժանկարի սինեմա «Ռոյալ»-ի սրահը օգտագործեց, բայց միայն երկու տարի տեւեց այդ նախաձեռնութիւնը։

Յիշեցինք այս ամէնը, անդրադառնալու համար թափուած ջանքերուն՝ լիբանանահայ թատրոնի ծաղկումին համար։

Կը յիշենք երիտասարդ դերասան ու բեմադրիչ, Հայաստանի բարձրագոյն թատերական ու գեղարուեստական ուսումնարանէն շրջանաւարտ Մուշեղ Մուղալեանի ներդրումը լիբանանահայ թատերական արուեստի վերելքին։ Ան տասնամեակ մը կարողացաւ յայտնաբերել իր եւ իր թատերախումբին եռուն գործունէութիւնը՝ բեմադրելով երգիծական թէ դասական թատերախաղեր։ Տաղանդաւոր Մուշեղ Մուղալեան ափսոս որ շուտ հեռացաւ մեր կեանքէն։

Զոհրապ Եագուպեանը կը յիշենք իբրեւ տաղանդաւոր դերասան եւ բեմադրիչ, որ 70-ականներէն մինչեւ 90-ական թուականներու աւարտը մնայուն ներկայութիւն եղաւ բեմերուն վրայ։ Ան բեմադրեց մեր դասական թատրերգութիւններէն մինչեւ երգիծական թատերախաղեր՝ արժանանալով թատերասէրներու գնահատանքին, ջերմ ծափերուն։

Զոհրապի կողքին անբաժան ներկայութիւն եղաւ իր կինը՝ Մեխակ, հիանալի, տաղանդաշատ դերասանուհի։ Անոր երեւումը բեմին վրայ յաջողութիւնն իսկ էր։ Զոհրապ ունեցաւ իր դժգոհութիւնը, մասամբ լիբանանեան պատերազմին եւ նոյն ատեն՝ այլ անիմաստ պատճառներով։ Կորսնցուցինք այս սքանչելի, տաղանդաւոր զոյգը։ Անոնք մեկնեցան Միացեալ Նահանգներ, պարբերաբար կը լսենք, թէ կը շարունակեն մնալ արուեստի դաշտին մէջ։

Չմոռնանք բացակայութիւնը տաղանդաշատ դերասան Մանուէլ Մարգարեանի (Մանուէլիկ), որ աւելի քան երկու տարիէ ի վեր անկողինին գամուած է դժբախտաբար, իր գործունէութեան աշխուժ տարիներուն։

Ցաւ ի սիրտ ըսենք, որ հազիւ բեմին վրայ տեսնուած Մանուէլիկ սրահին մէջ կը ստեղծէր ինքնաբուխ ոգեւորութիւն։ Ո՞վ պիտի փոխարինէ այս համեստ, բայց բեմին վրայ «առիւծ» դարձած Մանուէլիկը։ Ան կ՛ապրի մեկուսացած կեանք մը, գրեթէ մոռցուած բոլորէն։

Այս օրերուն, երբ համացանցի գիտութիւնը կլանած է մեր երիտասարդներուն ուշադրութիւնը, երբ համաշխարհայնացումը գազանային ախորժակով կը լափէ երիտասարդութեան միտքն ու հոգին, վհատելու տրամադրութիւն կ՛ունենանք։ Եթէ բարձրաձայն չյայտարարենք մեր ցաւը, բայց իւրաքանչիւրս ինքնիրեն հետ կը զրուցէ, կը խորհրդածէ՝ պատասխանելով 21-րդ դարու գիտնականներուն. ո՞ւր կը տանիք այս սերունդները։ Դադրեցուցէք մարդը մեքենայի վերածելու ձեր արարքը, այսքանն ալ բաւ է։ Այս արշաւին շարունակութիւնը դաւ է…

Մեր յոյսը դրած ենք քանի մը շնորհալի երիտասարդներուն վրայ, որոնք վերջին տարիներուն արտայայտեցին իրենց բեմական շնորհները, ինչու ոչ, նաեւ՝ տաղանդը։ Անուններ չենք նշեր, մեր թատերասէրները կը ճանչնան զանոնք։

Կը մտաբերենք անմահանուն Պարոյր Սեւակը, որ նման անյոյս պարագաներուն ըսած է մարգարէաշունչ խօսք մը.

«Ուշ ուշ են գալիս, բայց ոչ ուշացած»։

Կը հաւատանք այս յուսատու պատգամին եւ կը սպասենք լաւին, լաւագոյնին։

Ունեցանք նոր ներկայութիւններ, բայց անոնք տակաւին կը մնան փնտռտուքի շփոթ խարխափումի մէջ։ Քաջալերանքներ անպակաս են, բայց պատասխանները այնքան ալ դրական չեն…

Կեդրոնացանք թատերական արուեստին ներգործութեան, որովհետեւ թատրոնն է անմիջականն ու հաղորդականը, կենդանի արտայայտչականութեամբ եւ իրապաշտ փոխանցումի ճարտարութեամբ։ Հոգիներու եւ միտքերու ճարտարապետումն է թատրոնը, որ կը յայտնաբերուի թատերագրական շքեղ ու խոր ըմբռնումով հիւսուած գրականութեամբ, որ թատերգութիւնն է։

Հայ ժողովուրդը առանձին չէ այս վհատութեան մէջ, համաշխարհային վիշտ է աստուածաշնորհ  արուեստին բացակայութիւնը. մարդկայինին կորուստն է, բարոյականին մահը։ Յոռետես չենք ամբողջովին, լաւատեսութիւնը մեզ պիտի առաջնորդէ անկասկած, այսօր կամ վաղը։

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )