Այսօր՝ Մեսսիի 10-րդ Տարեդարձը Պարսելոնայի Հետ

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը երէկ իր մէկ յօդուածով անդրադարձաւ Լիոնել Մեսսիին՝ նշելով, որ այսօր՝ շաբաթ, 16 նոյեմբերին, արժանթինցի միջազգային յառաջապահ Լիոնել Մեսսի կը տօնէ իր 10-րդ տարեդարձը իր ակումբին՝ Պարսելոնայի հետ, որուն շապիկը առաջին անգամ կրեց (երբ 16 տարեկան էր) Փորթուգալի մէջ՝ Փորթոյի դէմ տեղի ունեցած մրցումին։

Տասը տարի առաջ՝ 2003-ին, Պարսելոնայի այդ օրերու մարզիչ հոլանտացի Ֆրանք Ռիքարտ 75-րդ վայրկեանին դաշտ ներկայացուց Մեսսին, որ փոխարինեց Ֆերնանտօ Նաւարոն։ «Տրակաօ» դաշտին վրայ տեղի ունեցած այդ մրցումին փորթուգալեան կազմին մարզիչն էր Ժոզէ Մուրինիօ։

Այժմ 26 տարեկան Մեսսի, որ այդ մրցումին կը կրէր թիւ 14 շապիկը, 2-0 արդիւնքով պարտութեամբ սկսաւ իր ասպարէզը՝ Պարսայի հետ։

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )