Չիրականացած Երազներու Ռուբէնը

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Հալէպի Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի սան, Պէյրութի Հայկազեան եւ Ամերիկեան համալսարանները աւարտած Ռուբէն Պարսումեան անշշուկ մեկնած է: Առանց անհանգստացնելու, ինչպէս ապրած էր միշտ: Յապաղած իմաստուն մը:

Ուրբաթ, 8 նոյեմբերի առաւօտն էր: Պէյրութ, «Բագին»-ի խմբագրատան հեռախօսին զանգը հնչեց: Առանձին էի եւ Ռուբէնին համար այնքա՜ն սիրելի հայ գիրով կը զբաղէի: Դաւիթն էր, Աթթարեան, Նիւ Եորքէն: Հոն գիշերուան ժամը 2։00-ն էր: Զարմացայ: Մահուան գոյժ էր: Այս մէկն ալ, սփիւռքի մէջ անխառն հայութեամբ պատրաստուած եւ ապրող մը, անաղմուկ կը մեկնէր: Ռուբէն Պարսումեանը:

Երկար կեանքի մը երկարութեամբ ընկերութեան մը թելը կը կտրուէր: Մահը կրնա՞յ կտրել ընկերութեան թելը: Այդպէս ալ անյայտացած էր իր եղբայրը, հաւատաւոր մտաւորական մը՝ Յակոբ Պարսումեանը, անյայտ շիրիմով, Պէյրութի քաղաքացիական պատերազմի թէժ եւ անհեթեթ օրերուն առեւանգուած եւ չվերադարձած: Հալէպի Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի ազնիւ արգասիք երկուքն ալ, սերունդի մը տիպարներ, որոնց վրայ անզուգական եւ մեծ  դէմքեր իրենց դրոշմը դրած էին:

Դաւիթ գուժեց մահը Ռուբէն Պարսումեանի, արտակարգ ուշիմութեամբ եւ հոգիով միշտ թարմ Ռուբէնի, որուն համար ընկեր բառը պէտք է ըմբռնել իր ազնուագոյն իմաստով, կեանքի դժուար եւ անարեւ օրերուն հիւսուած ընկերութիւն մը, որ խամրիլ չգիտցաւ, որ տեւեց աւելի քան վեց տասնամեակ, հակառակ հեռաւորութիւններու, ովկիանոսային պատուարներու:

Ռուբէն, մեր բոլորին ընկերը, որ իր կեանքին մէջ երբեք ոչ ոքի ցաւ պատճառած է, իր սերունդի ամէնէն փայլուններէն էր: Պէյրութի Հայկազեան համալսարանէն ետք ամերիկեան համալսարան, իր կարողութիւններու գնահատանքով արժանացած էր Ռաքֆելլըր կրթաթոշակին, բայց համեստ Ռուբէնը այդ բոլորը երբեք չվերածեց դրօշակի, այցեքարտի վրայ չգրեց: Ռուբէն ունէր երազներ, գիտէր երազել, ինչ որ ազնիւ հոգիներու առաքինութիւն է: Տնտեսագիտութեան մագիստրոս էր, կեանքի ասպարէզ նետուած էր, եղած էր ուսուցիչ, ազգային հաստատութիւններու մէջ գործած էր, ճաշակած էր տաքն ու պաղը, որբութեան դառնութիւնը, բայց ոչ մէկ բան խանգարած էր իր բնատուր ազնուութիւնը: Երազած էր հայագիտութեան հետեւիլ, միջոցներ չկային, եւ ակնկալուած յատկացումը ամբարիշտներ այլ նպատակի յատկացուցած էին: Աւելի քան կէս դար ետք այդ չարիքը կը յիշէր, չմարսուած մեղմ դառնութեամբ: Բայց հայագիտութեան այդ կիրքը պահած էր, իր տան բնակիչները իր գիրքերն էին, հաստափոր բառարանները, ստուերները հայ գրողներու:

Առանձին կ՛ապրէր Ռուբէն: Բայց այս բնորոշումը ճիշդ չէ բոլորովին, անհամապատասխան է իր ինքնատիպ կացութեան, քանի որ իր յարկին տակ հիւրընկալուած են շատեր, անծանօթներ, օտարներ, բայց նաեւ հայ գրչի եւ միտքի մարդիկ, որոնց մտերմութիւնը վայելած է, անոնք մեր մշակութային կեանքին մէջ ներկայութիւն եղած են, իր երազներու եւ ցանկութիւններու աշխարհը ճոխացուցած են, ոմանք դեռ կ՛ապրին եւ կը սգան իր մահը, ուրիշներ հեռացած են այս աշխարհէն: Անուննե՞ր. Կարապետ Փոլատեան, Յակոբ Կարապենց, Պօղոս Սնապեան, Արմէն Պաղտոյեան, Գալուստ Պապեան… եւ շարքը երկար է:

Ռուբէն երկար ժամանակ չհաշտուեցաւ առեւանգուած եղբօր կորուստին հետ: Ճամբորդեց անոր հետքը գտնելու համար՝ հաւատալով, որ կարելի կ՛ըլլայ զայն փրկել: Ուզեց գէթ անոր աճիւններուն տէր ըլլալ, դամբանի մը մէջ ամփոփել: Քոյրը, Սիլվան, այնքա՜ն կապուած էր իրեն… Անոր սուգը կարելի չէ անգամ բաժնել: Սգաւոր են նաեւ եղբօր այրին՝ Անայիսը, դուստրը՝ Նանորը, որ կը պահէ ընտանեկան գիծը:

Ռուբէնի կորուստով հայութեամբ, հայ մշակոյթով եւ դպրոցով, առանց ցուցամոլիկութեան իրապէս տագնապող մը կը կորսնցնենք: Կը կորսնցնենք նաեւ հայերէնի եւ անոր մաքրութեան երկրպագու մը, միակ հարցը, որուն համար կրնար կիրքով խօսիլ: Այն հաւատաւորներէն էր, որ հակառակ տարիներու թաւալումին եւ պարտադրանքին, չէր ներեր հայերէնի հարազատ ուղղագրութեան զեղծումը, քիչ կը գրէր, բայց յաճախ կ՛արտայայտուէր այդ մասին: Մաս կը կազմէր վերականգնումի համար աշխատող խումբի, իր ըմբռնումներէն հեռու էր մեր լեզուին մէջ օտար բառերու վայրագ ներխուժումը:

Երեւան, Երիտասարդական պալատի դռներէն մէկուն վրայ գրուած էր «պարտեր»… Կանգ առաւ, հարցուց, թէ ի՞նչ կը նշանակէր այդ: Ըսի, որ գիտէր, պնդեց, որ չէր գիտեր: Երկար քաշքշուքէ ետք ըսի, որ ֆրանսերէն parterre-ն է, ապշեցաւ… Ուրիշ առիթով մը, իր կրծքանշանին վրայ իր անունը չյաջողեցաւ իրեն հարազատ ուղղագրութեամբ գրել տալ եւ զարմացած զայրացաւ: Ազգային հարցերու պարագային անսահման բծախնդրութիւն ունէր, լաւատեղեակ էր, քանի որ Հալէպ եւ Նիւ Եորք գործած էր առաջնորդարաններու մէջ, գիտէր քննադատել առանց խծբծելու եւ չարախօս դառնալու, առանց հրաժարելու այդ բոլորը սրամտութեամբ համեմելէ:

Նիւ Եորքի Համազգայինի հիմնադիր խումբին մաս կազմած էր եւ կը շարունակէր գործակցիլ: Կ՛օժանդակէր:

Յատուկ սէր ունէր երգիծագիր Լեռ Կամսարի հանդէպ, որուն մասին դասախօսած է, որուն թոռնուհիին հետ մնայուն կապի մէջ էր, կը փորձէր իր համեստ միջոցներով օժանդակել դժբախտ երգիծագիրի ծանօթացման եւ անոր գործերու հրատարակութեան:

Արտակարգ ուշիմութեամբ եւ լայնածիր մշակոյթով Ռուբէնին չվիճակուեցաւ իր կարողութիւնները լիովին ծառայեցնել իր ժողովուրդին:

Մեզի համար Նիւ Եորքը չէր բնորոշուեր միայն իր ճոխութեամբ եւ երկնաքերերով: Հոն կային եւ կան սիրելի դէմքեր, որոնք սրբազան յամառութեամբ հայութիւն կը պահէին եւ կը պահեն:

Ժիրայր Աթթարեանէն, Արիս Սեւակէն եւ Ռուբէնէն ետք, մենք մեզ որբ պիտի զգանք, ինչպէս կ՛ըսեն հոն՝ աներդիք, homeless:

Ամէն անգամ որ մահուան ցաւալի խզումին առջեւ կը գտնուիմ, կը յիշեմ ֆրանսացի իմաստասէր Օկիւսթ Քոնթի մտածումը անմահութեան մասին: Ան կ՛ըսէ, թէ անմահ ենք այնքան ատեն որ կ՛ապրինք մնացողներու յիշողութեան մէջ: Եւ Ռուբէնի համար թանկարժէք է յիշողութիւններու մէջ տեւող իր կեանքը:

Ռուբէնի շատ սիրած, պաշտամունքի առարկայ երջանկայիշատակ Զարեհ Ա. կաթողիկոսի գերեզմանին առջեւ, բանաստեղծ եկեղեցական մը մօտաւորապէս հետեւեալը ըսաւ, որ դագաղին առջեւ փոս մը փորուած է, բայց սա պահուս, կրնանք ըսել, թէ փոս փորուած է նաեւ մեր հոգիներուն մէջ:

Փոս փորուած է Ռուբէնի ներկայ, բայց նաեւ հոգիով ներկայ ընկերներու հոգիներուն մէջ:

Ափսո՜ս:

Ռուբէն երազներ ունէր, հայու երազներ, հայրենիքը վայելելու անշահախնդիր երազներ…

Իր յիշատակը պիտի շարունակէ յուզել մեզ…

14 նոյեմբեր 2013, Պէյրութ

 

Share this Article
CATEGORIES