ՄԱՀԱԵ Միութեան Լիբանանի Կրթական Խորհուրդ Գնահատանքի Երեկոյ

maha

 

 

 

 

 

 

Այս վերամուտին ալ հայկական վարժարաններու դիմաց կը ցցուին բազում դժուարութիւններ։

Այս նոր տարեշրջանին՝ 2013-2014, Լիբանանի հայ աւետարանական վեց վարժարանները իրենց դռները ուրախութեամբ բացին՝ ընդունելու համար շուրջ 1340 աշակերտ-աշակերտուհիներ։

Արդարեւ, վեց վարժարաններէն հինգը ունին միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններ, իսկ միայն մէկը՝ նախակրթարան։

Ըստ տարիներու աւանդութեան, այս տարի եւս ՄԱՀԱԵ միութեան Կրթական խորհուրդի նախաձեռնութեամբ, գնահատանքի արժանացան նախորդ տարեշրջանի պետական պրըվէի եւ պաքալորէայի քննութիւններուն յաջողած 115 աշակերտներ։

Ուրբաթ, 11 հոկտեմբեր 2013-ին՝ երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ սրահին մէջ ժամադրուած էին հովիւներ, կրթական մշակներ, ծնողներ, ուսուցիչներ, հիւրեր եւ աշակերտներ՝ զիրար շնորհաւորելու տարեվերջի յաջող բերքին համար։

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, Լիբանանի Կրթական խորհուրդի ատենապետ տոքթ. Արտա Էքմեքճի կատարեց բացման խօսքը՝ շեշտելով նման քաջալերական ձեռնարկներու անհրաժեշտութիւնն ու կարեւորութիւնը։ Ապա յատուկ շնորհաւորեց կրթական պատասխանատուներու, տնօրէններու եւ ուսուցիչներուն իրենց նուիրումին եւ ծառայութեան համար։ Իսկ շնորհակալութիւն յայտնեց Հայկազեան համալսարանի նախագահի գրասենեակին ընձեռած բոլոր միջոցներուն համար, Հայ աւետարանական եկեղեցիի խնամակալութեան եւ բոլոր անոնց, որոնք յայտագրին մաս կազմեցին։

Վեր. Հրայր Չոլագեան գոհաբանական աղօթքով փառք տուաւ Աստուծոյ այս հունձքին համար։ Վերապատուելին Աստուծոյ առաջնորդութիւնը խնդրեց աշակերտներուն՝ ապագային իրենց առնելիք քայլերուն համար։ Աղօթքներուն յաջորդեցին Էփի Քիւրքճեանի ասմունքը («Ձօն՝ Աստուծոյ», Վահան Թէքէեան) եւ Լոռի Պիլալեանի սրինգով նուագը («Վալս», Արամ Խաչատուրեան)։

Ապա բեմ բարձրացաւ օրուան հիւր բանախօս, Հայաստանի դեսպանատան մշակութային կցորդ Վարդան Ադամեանը, որ իր շինիչ խօսքը փոխանցեց ներկաներուն։ Ան մեծ հայագէտ, լեզուաբան Հրաչեայ Աճառեանի կեանքէն դրուագ մը առնելով՝ շեշտեց այն իրողութիւնը, թէ հայոց լեզուն՝ մեր մայրենին սորվելով եւ օգտագործելով նոյնիսկ կրնանք ամէնէն դժուար պայմաններու մէջ փրկուիլ։ Ինչպէս եղած էր Աճառեանի պարագան, որ ստոյգ մահէ փրկուած էր, որովհետեւ չեկիստներուն ուղղուած հայերէնով գրութիւն մը ղրկած էր, այն յոյսով, որ զայն կարդացողը հայ մը պիտի ըլլար։ Այդպէս ալ, հայը կարդալով, Աճառեան փրկուած էր։ Վ. Ադամեան խօսքը ուղղելով աշակերտներուն՝ խրախուսեց զանոնք, որ կառչած մնան հայոց լեզուին եւ մշակոյթին։

Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանի նազելաճեմ աշակերտուհիները հայկական պար մը ներկայացուցին Սայաթ Նովայի «Ես քու ղիմեթդ չիմ գիտի» երաժշտութեան կշռոյթով։ Հետաքրքրական էր Աւօ-Ժագ Արմաղանեանի եւ Պետիկ Ալեքսանեանի երաժշտական ներկայացումը՝ առանց գործիքի։

Լիբանանի Կրթական խորհուրդի գործավար Ռոզեթ Ալեմեան-Մահսերեճեան շնորհաւորեց յաջողած աշակերտ-աշակերտուհիները եւ կարդաց բոլորին անունները։ Իւրաքանչիւրը ստացաւ ճամբորդական երգարան մը՝ տրամադրուած «Շիրակ» հրատարակչատան կողմէ։ Ապա բեմ հրաւիրեց տոքթ. Արտա Էքմեքճին, Վարդան Ադամեանը եւ վեր. տոքթ. Փոլ Հայտոսթեանը, որոնք յիշատակութեան արժանացած 12 աշակերտներուն յանձնեցին յուշապնակներ։

Յուշապնակներ ստացան պրըվէի յաջողածներ՝ Նարօտ Աճեմեան (լաւ), Նանոր Ոսկերիչեան (շատ լաւ), Աւօ Սատագեան (լաւ), Միրնա Շերպեթճեան (շատ լաւ)։

Պաքալորէայի յաջողածներ՝ Ռիթա Աւետանեան (լաւ), Սարգիս Տէր Վարդանեան (շատ լաւ), Լուչիա Չաքմաքճեան (լաւ), Ժան Չիլինկիրեան (լաւ), Էնճի Քիրեճեան (լաւ), Սուլէյման Խաթիպ (լաւ), Տիգի Քիւրքճեան (շատ լաւ), Էփի Քիւրքճեան (շատ լաւ)։ Յայտագրի պաշտօնական բաժնի աւարտին ՄԱՀԱԵ միութեան Կեդրոնական մարմինի ատենապետ եւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ տոքթ. Փոլ Հայտոսթեան առաքելական օրհնութեամբ փառք տուաւ Աստուծոյ, որ կարելի ըրած էր մեր վարժարաններուն կրթական այս յաջողութիւնը արձանագրել։ Ան յատկապէս շնորհաւորեց աշակերտները, ծնողները, ուսուցիչները եւ տնօրէնները։

Շնորհակալութեան խօսք ունինք Կարին Հայտոսթեանին՝ ձեռնարկը լուսանկարելուն համար։

 

 

Share this Article
CATEGORIES