«Մղձաւանջային Հալէպը»
ՌՈՊԵՐ ՀԱՏՏԷՃԵԱՆ
Այն օրէն ի վեր երբ Պէյրութի մէջ «Նայիրի» շաբաթաթերթի անմոռանալի խմբագիր Անդրանիկ Ծառուկեան գրեց «Երազային Հալէպը», հայաշխարհի համար Հալէպի անունը յաւերժութեան մը համար մկրտուեցաւ «Երազային» որակականով: Ամէն հայ, որ կը խօսէր Հալէպի մասին, անպայման կը գործածէր այս «Երազային Հալէպը» ասութիւնը: Հալէպը երազային էր իսկապէս, երազային օրրան մը հայ մշակոյթի, հայ գրականութեան ու հայկական լինելիութեան, երազային քաղաք մը, որ մեր ժողովուրդին կը պարգեւէր մշակոյթի ու հայկական ապրումներու հրաշալի նուիրեալներ:
Դաժան պատմութիւնը այնպէս շրջեց դէպքերը, որ յաւերժական կարծուած այդ «Երազային» յորջորջումը վերցուի Հալէպի անուան առջեւէն ու անոր տեղ դրուի «Մղձաւանջային» յորջորջումը: Արդարեւ, երազը մղձաւանջի վերածուեցաւ եւ հայ ժողովուրդը սկսաւ ապրիլ իր դարաւոր պատմութեան ամէնէն ցաւալի նոր էջերէն մէկը: Ոչ եւս է «Երազային» Հալէպը: Եթէ ամէն ինչ մոռնանք, չենք կրնար մոռնալ սա ամէնէն վերջին լրատուութիւնը, որ «Մարմարա»-ի մէջ հրատարակուեցաւ օրեր առաջ: Հալէպ քաղաքը մէկ շաբաթէ ի վեր ո՛չ կաթիլ մը ջուր ունէր, ոչ ալ վայրկեան մը ելեկտրականութիւն: Քսաներորդ դարու մարդն ու ընտանիքը ինչպէ՞ս կրնայ օրեր շարունակ ապրիլ առանց ջուրի ու առանց ելեկտրականութեան:
Հալէպ քաղաքը մեր հայկական լինելութեան ամէնէն հզօր բերդերէն մէկն էր: Հպարտ էինք Հալէպով, այս քաղաքին մէջ կը տրոփէր հայու ուժեղ սիրտ, այս քաղաքէն դէպի հիւրընկալ Սուրիոյ երկինքը կը բարձրանային հայ ստեղծագործ մտքին խոյանքները, այն հիւրընկալ երկինքը, ուրկէ դժբախտաբար, հիմա հրթիռ, ռումբ ու կրակ կը տեղայ: Սուրիացի ժողովուրդը ամէն օր զոհեր կու տայ եւ ինչպէս որ կը պատահի ամէն անգամ, որ տեղ մը զոհ կը տրուի, զոհերուն մէջ կը գտնուին անմեղ հայեր ալ: Մանաւանդ երեխաներ ալ, որոնք թերեւս վաղը պիտի դառնային մեր ազգային մշակոյթին գործիչները, որոնք աշխարհ եկած էին, որպէսզի բան մը շահեցնէին Հալէպի երազային ապրումներուն:
Երազը վերջացաւ: Հիմա որքա՞ն պիտի սպասենք, որ դաժան պատմութիւնը մեզի վերադարձնէ մեր երազային Հալէպը: Որքա՞ն պիտի սպասենք, որ աշխարհի սա կամ նա կեդրոնին վրայ երազային նոր Հալէպ մը ստեղծուի: Որքա՞ն պիտի սպասենք, որ Հալէպը փրկուի սա թունաւոր «Մղձաւանջային» մակդիրէն:
«Մարմարա»
14 նոյեմբեր 2013






