Հենտպոլ. Երեւանի Մէջ Տեղի Պիտի Ունենայ Միջազգային Մրցաշարք

Իր լուրը քաղելով Հայաստանի հենտպոլի ֆետերասիոնէն՝ ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը կը յայտնէ, որ 28-30 նոյեմբերին Երեւանի «Տինամօ» մարզասրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի վարչապետի բաժակի Հենտպոլի 4-րդ միջազգային մրցաշարքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Հայաստանի, Ռուսիոյ, Ուքրանիոյ եւ Վրաստանի երիտասարդական հաւաքականները։

Բնականաբար ախոյեանը պիտի տիրանայ տիտղոսին։ Այլ մրցանակներ ալ պիտի տրուին տարբեր դիրքերու վրայ լաւագոյնը նկատուած մարզիկներուն, ինչպէս նաեւ լաւագոյն ռմբաձիգին։

Share this Article
CATEGORIES