Ղազախական Ակումբները Կը Շարունակեն Հետաքրքրուիլ Հայ Ֆութպոլիստներով
Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ, ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը կը յայտնղ, որ ձմրան ընթացքին շատ հաւանական է, որ հայկական ակումբներուն մաս կազմող շարք մը ֆութպոլիստներ հանդէս գան ղազախական ակումբներուն մէջ՝ նկատի ունենալով, որ անոնք մօտէն հետաքրքրուած են հայ ֆութպոլիստներով։
Թէեւ 2 նոյեմբերին աւարտեցաւ Ղազախստանի 2013-ի ախոյեանութիւնը եւ խումբերը արձակուրդի մէջ են, սակայն անոնք աշխատանքներ կը տանին իրենց կազմերը օժտելու նոր մարզիկներով։
Խօսքը հիմնականին մէջ կը վերաբերի Բանանցի եւ Փիւնիկի խաղացողներուն։ Բանանցէն Ղազախստան կրնան մեկնիլ Էտկար Մալաքեան (անոր ստորագրութիւնը կը պատկանի չեխական Վիքթորիային) եւ Արտակ Եդիգարեան, իսկ Փիւնիկէն՝ Արթուր Եուզպաշեան։
Շատ հաւանական է, որ Եուզպաշեան Ղազախստանի ախոյեանութեան մասնակցի Քայսարի հետ։ Ան այդ խումբին հետ նախնական պայմանաւորուածութիւն ձեռք ձգեց նախորդ ամրան ընթացքին, երբ կարճ ժամանակով մեկնեցաւ Ղազախստան։ Արտակ Եդիգարեան եւս ամրան ընթացքին քանի մը օր մեկնեցաւ Ղազախստան, ապա վերադարձաւ Երեւան։
Չի բացառուիր, որ ղազախական ակումբներուն մաս կազմեն նաեւ Միքայի եւ Գանձասարի մարզիկներ։
Հայկական աղբիւրը իր լուրը կ՛եզրափակէ նշելով, որ ներկայիս ղազախական ակումբներուն հետ ելոյթ կ՛ունենան Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին մաս կազմող Ռոպերթ Արզումանեան (Աքթոպէ), Արթուր Եդիգարեան (Քայրաթ) եւ Գէորգ Ղազարեան (Շախտիոր)։