Ճատրակ. Եւրոպայի Խմբային Ախոյեանութիւն. Հայաստանի Տղաքն Ու Աղջիկները Արձանագրած Են Նմանօրինակ Արդիւնք

Հայաստանի տղոց եւ աղջկանց ազգային հաւաքականները, որոնք իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Վարշաւայի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ճատրակի խմբային ախոյեանութեան մրցումներուն, 6-րդ հանգրուանէն ետք արձանագրած են նմանօրինակ արդիւնքներ։

Արդարեւ, 6-րդ հանգրուանի հանդիպումներէն ետք անոնք ունին 9-ական կէտ՝ արձանագրելէ ետք չորսական յաղթանակ, մէկական հաւասարութիւն եւ կրելէ ետք մէկական պարտութիւն։

Տղաքը իրենց կատարած վերջին մրցումին յաղթեցին Հունգարիոյ՝ 2,5-1,5 արդիւնքով, իսկ աղջիկները Սպանիոյ՝ 3,5-0,5 արդիւնքով։

Տղոց պարագային Հայաստան կը գրաւէ 4-րդ դիրքը։ Ֆրանսա (առաջին) եւ Ազրպէյճան (2-րդ) ցարդ անպարտելի միակ խումբերն ալ։ Երրորդ դիրքը կը գրաւէ Ռուսիա, որ 7-րդ հանգրուանին Հայաստանի մրցակիցն է։

Իսկ աղջկանց պարագային, Հայաստան կը գրաւէ երկրորդ դիրքը։ Առաջին դիրքին վրայ է Ուքրանիա, իսկ երրորդ դիրքին վրայ՝ Վրաստան։ Անոնք երկուքն ալ ցարդ անպարտելի են։ 7-րդ հանգրուանին Հայաստանի մրցակիցն է Լեհաստան – ապագաներ խումբը։

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )