«Երգ Երգոց» Մրցանք. Աւարտական Հանգրուան Հասան Յովիկ Թաֆրանեան, Փամելա Մանիսալեան Եւ Գօգօ Արոյեան

Yerk-YerkotsՀովանաւորութեամբ «Վանայ ձայն»-ի, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան «Երգ երգոց» երգի մրցանքի երկրորդ հանգրուանը տեղի ունեցաւ կիրակի, 17 նոյեմբեր 2013-ին, երեկոյեան ժամը 8։00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ։ Նախորդ շաբթուընէ երկրորդ հանգրուան անցած էին 5 մասնակիցներ, որոնք այս անգամ մեկնաբանեցին հեղինակային եւ աշուղական երգեր։

Հանրածանօթ երգիչ Ատիս Հարմանտեանի, Շողիկ Թորոսեանի եւ խմբավար Պարգեւ Թասլաքեանի դատողութեամբ, Վարդան Մկրտիչեանի բեմական հսկողութեամբ եւ «Աղթամար» նուագախումբի նուագակցութեամբ մասնակիցները յաջորդաբար մեկնաբանեցին հայկական հեղինակային երգեր։

Երկրորդ ելոյթով հայկական տարազներով մասնակիցները ելոյթ ունեցան հայկական աշուղական երգերով՝ մեկնաբանելով հետեւեալ երգերը. Յովիկ Թաֆրանեան՝ «Սիւնեաց սարեր», Փամելա Մանիսալեան՝ «Պարտէզում վարդեր բացուած», Էլի-Քրիստ Պէրպէրեան՝ «Էս օր Արազն ես գնացել», Գարմեն Պալեան՝ «Շորորայ» եւ Գօգօ Արոյեան՝ «Աշուղ եմ»։

Այս հանգրուանի նիշերու համեմատութիւնը կը կազմէ հետեւեալ պատկերը՝ 15 առ հարիւրը «Փոլօ Թրեվըլ»-ը «ֆէյսպուք»-ի քուէարկութեան միջոցով, 15 առ հարիւրը «Վանայ ձայն»-էն սփռուած յատուկ յայտագիրին միջոցով քուէարկութեան ընդմէջէն, 20 առ հարիւր սրահի ներկայութեան քուէարկութեան միջոցով եւ 50 առ հարիւր դատական կազմի մասնագիտական դատողութեամբ։ Երէկուան ելոյթին հիւրաբար իրենց մասնակցութիւնը բերին 2012 տարուան «Երգ երգոց» յայտագիրի աստղերը. Յարութ Լափաճեան ելոյթ ունեցաւ «Գետաշէն» երգով, Վարանդա Եագուպեան՝ «Հայրենիք» երգով, իսկ առաջին հանդիսացած Ալիս Իփրաճեան մեկնաբանեց Ատիս Հարմանտեանի հեղինակած մէկ երգը։

Խանդավառութեան եւ մրցակցութեան բարձր մթնոլորտի մէջ յայտարարուեցան երկրորդ հանգրուանի արդիւնքները եւ աւարտական հանգրուան հասան Յովիկ Թաֆրանեան, Գօգօ Արոյեան եւ Փամելա Մանիսալեան։

Նշենք, որ աւարտական հանգրուանը տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 24 նոյեմբեր 2013-ին, երեկոյեան ժամը 8։00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ՝ անակնկալներով հարուստ ելոյթով մը եզրափակելու համար այս տարուան «Երգ երգոց» երգի մրցանքը։

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )