«Լիքաա» Կեդրոնին Մէջ. Հայկական Օր Եւ Հայկական Արժէքներու Ներկայացում
Հովանաւորութեամբ Կրեկորիոս Գ. Լահհամ պատրիարքին ու «Սուլթան Քապուս» մշակոյթի եւ գիտութեան բարձրագոյն կեդրոնին եւ կազմակերպութեամբ Քաղաքակրթութիւններու երկխօսութեան «Լիքաա» միջազգային կեդրոնին, երէկ՝ կիրակի, 17 նոյեմբեր 2013-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Լիքաա» կեդրոնի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայկական օր»:
Հանդիսութեան սկզբնաւորութեան խօսք առաւ Կրեկորիոս Գ. Լահհամ պատրիարքը, որ մեծապէս գնահատեց հայ ժողովուրդին ունեցած մեծ ներդրումը մարդկային ընկերութեան մէջ: Անդրադառնալով հայութեան պահանջատիրական ոգիին՝ Լահհամ պատրիարքը յայտնեց, որ այն հաւաքականութիւնը, որ իր ազգային էութիւնը կը կորսնցնէ, ապա նոյնինքն իր մարդկութիւնը կորսնցուցած կ՛ըլլայ:
Ապա խօսք առաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Քոչարեան, որ ներկայացուց հայ ժողովուրդի պատմամշակութային ժառանգութիւնը: Քոչարեան շեշտեց, որ հայութիւնը դարերու ընթացքին մղած է գոյութենական պայքար՝ պահպանելու իր ազգային, մշակութային եւ հոգեմտաւոր արժէքները:
Հայաստանի մասին վաւերագրական տեսերիզի մը ցուցադրութենէն ետք, խօսք առաւ օրուան դասախօս տոքթ. Յարութիւն Մարութեան, որ ներկայացուց հայ ժողովուրդին ծագումը, գոյերթի շարունակութեան համար տարուած մշակութային եւ ազատագրական պայքարները, հայութեան պայքարելու ոգին եւ գոյատեւելու կամքը:
Աւարտին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, մասնակցութեամբ՝ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Արին» պարախումբին, որ ներկայացուց 11 ժողովրդային պարեր:
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ հիւրասիրութեամբ: