Համազգային-Թարգմանչաց Վարժարանի Խնամակալութեան Պատուիրակութիւնը Այցելեց «Ազդակ»
Շաբաթ յետմիջօրէին «Ազդակ» այցելեց եւ տնօրէնութեան հետ հանդիպում ունեցաւ Ֆրանսայի Իսի Լը Մուլինօ քաղաքի Համազգային-Թարգմանչաց վարժարանի խնամակալութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէին խնամակալութեան ատենապետ Վազգէն Տէտէեան եւ անդամներ Ստեփան Ասլանեան եւ Յարութ Շիշքոյեան։ Պատուիրակութեան կ՛ընկերակցէին Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վաչէ Փափազեան եւ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան գրասենեակի գործադիր տնօրէն Արին Գալուստեան։
Հանդիպումը առիթ եղաւ խօսելու Թարգմանչաց վարժարանին մասին եւ ներկայացնելու «Ազդակ»-ի աշխատանքները։
CATEGORIES Գաղութային

