Հոգեհանգիստ` Նահատակ Եւ Ննջեցեալ ՀՄԸՄ-ականներու Յիշատակին
Կիրակի, 17 նոյեմբերին, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագին տեղի ունեցաւ աւանդական դարձան հոգեհանգստեան արարողութիւն՝ ի յիշատակ մեզմէ առյաւէտ հեռացած ՀՄԸՄ-ականներուն, որոնք իրենց կեանքին ընթացքին այս միութեան փորձեցին ծառայել առաւելագոյն կերպով եւ ամէնէն արդիւնաւէտ ձեւով։ Տարեկան դրութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը կը յիշէ միութեան նահատակներն ու ննջեցեալները, յարգանքի տուրք կը մատուցէ անոնց յիշատակին։
Հոգեհանգստեան պաշտօնին ներկայ էին ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը, Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը, մասնաճիւղերու վարչութիւնները, Շրջանային սկաուտական խորհուրդն ու Շրջանային խմբապետական կազմը, նախկին կեդրոնական եւ շրջանային վարչութիւններու անդամներ, ՀՄԸՄ-ականներ:
Յետ հոգեհանգստեան պաշտօնին, եկեղեցւոյ դրան մուտքին ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներն ու Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը ընդունեցին ցաւակցութիւններ: Այս առիթով ՀՄԸՄ-ին եւ անոր անզուգական առաքելութեան մասին խօսեցաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, որ անդրադարձաւ աշխարհասփիւռ այս միութեան տարած մեծ աշխատանքին՝ շեշտելով, որ շատ բան կ՛ակնկալուի այս միութենէն, յատկապէս հայ երիտասարդութիւնը իր շուրջ համախմբելու, զայն ազգային ոգիով լեցնելու, հայկական արժէքներուն նկատմամբ սէրն ու յարգանքը ամրապնդելու եւ հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելու իմաստով։ Առաջնորդ սրբազան հայրը դիտել տուաւ, որ ՀՄԸՄ-ի շարքերուն մէջ հայը հայ կը մնայ, պայքար կը մղուի օտարամոլութեան դէմ, «Բարձրացիր, բարձրացուր» նշանաբանին հովանիին տակ հասակ կը նետեն այնպիսի սերունդներ, որոնք պատրաստակամ են շարունակելու իրենց նախորդներու սրբազան ուղին, հայութեան անունը միշտ բարձր պահելու։