Նշմար. Վստահութեան Հաստատման Անօգուտ Ու Վնասակար Դեղատոմս Մը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու թրքական «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութեանց մասին կատարած է յայտարարութիւն մը, որուն երեք տարբերակներուն հանդիպեցանք։ Ըստ տարբեր լրատուամիջոցներու մէջ լոյս տեսած այդ տարբերակներուն, խօսելով Թուրքիոյ նկատմամբ Հայաստանի ունեցած անվստահութեան մասին, Տաւութօղլու կը նշէ, որ զայն «պէտք է յաղթահարել», «պէտք է յաղթահարենք» կամ «(Հայաստանը) պէտք է յաղթահարէ»։

Անվստահութեան մթնոլորտը ստեղծող կողմը Թուրքիան է եւ բնականաբար ան պէտք է այդ հարցը դարմանէ՝ Հայաստանի քսանամեայ շրջափակումը վերցնելով, Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելով եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալով։

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան իր կարգին, Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպումին ընթացքին նշած է, որ «Լեռնային Ղարաբաղի հարցը որքան Ազրպէյճանի, այնքան ալ Թուրքիոյ հարցն է»։ Այս յայտարարութիւնը կու գայ վկայելու, թէ կենդանի է փանթուրքիզմը, որուն լոյսին տակ միայն հասկնալի կը դառնայ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները երրորդ երկրի մը հետ յարաբերութիւններով պայմանաւորելու այլապէս անտրամաբանական թուացող թրքական անընդունելի կեցուածքը։

Տաւութօղլու կը յայտարարէ, որ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնը կարգաւորելու համար ջանքեր կը գործադրուին երեք ուղղութիւններով՝ Հայաստան-Թուրքիա, Հայաստան-Ազրպէյճան եւ սփիւռքը ներառող հայ-թրքական հանդիպումներ։ Յստակ է, որ 20 տարիէ ի վեր այդ ջանքերը որեւէ արդիւնքի չեն հասած եւ ասկէ ետք ալ պիտի չհասնին, որովհետեւ սխալ հիմերով ու սխալ մօտեցումներով կը կատարուին եւ կը ծառայեն միայն թրքական կողմին նկատմամբ հայկական կողմին անվստահութիւնը ամրապնդելու։

Եթէ Տաւութօղլուի յայտարարութեան մէջ գոյութիւն ունի դրական կէտ մը, անիկա ալ այդ անվստահութիւնը յաղթահարելու կարիքի գիտակցումն է։ Սակայն թրքական կողմը այդ հարցի դարմանման նկատմամբ յոյսեր թող չփայփայէ, որովհետեւ իր ի մտի ունեցած դեղատոմսը ոչ միայն առողջ փոխյարաբերութեանց հաստատման համար անօգուտ է, այլ նաեւ՝ վնասակար։

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES