Պարզանի Եւ Էրտողան Միասնաբար Տիգրանակերտի Մէջ
«Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ» կը հաղորդէ, որ Իրաքի քրտական ինքնավար շրջանի ղեկավար Մեսուտ Պարզանի Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ Տիգրանակերտի մէջ տեղի ունեցած միացեալ հաւաքի մը ընթացքին իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեց թրքական կառավարութեան խաղաղութեան նախաձեռնութեան։
Պարզանի Թուրքիոյ հարաւարեւելեան շրջան իր առաջին այցելութեան ընթացքին հաւաքին ներկաներուն յայտնեց. «Քիւրտ եւ թուրք եղբայրներէս խնդրանքս այն է, որ անոնք զօրակցին խաղաղութեան ծրագիրին։ Կ՛ուզեմ անոնց ըսել, որ մենք մեր ամբողջ ուժով կը զօրակցինք խաղաղութեան հոլովոյթին»։
«Միջին Արեւելքի մէջ միասնաբար ապրելու ժամանակը եկած է։ Մեր ժողովուրդը դէպի աւելի ուրախ օրեր կրնանք առաջնորդել, եթէ հետեւինք միասնաբար ապրելու մեթոտներուն։ Պատերազմները փորձուած են։ Վերջ գտած են այն օրերը, երբ թուրք երիտասարդի մը արիւնը քիւրտ երիտասարդի մը կողմէ կը թափուէր կամ քիւրտ երիտասարդի մը արիւնը թուրք երիտասարդի կողմէ կը թափուէր», ըսած է Պարզանի։
Քիւրտ ղեկավարը իր ճառը աւարտած է քանի մը թրքերէն բառերով. «Կեցցէ՛ թուրք եւ քիւրտ եղբայրութիւնը։ Կեցցէ՛ խաղաղութիւնը։ Կեցցէ՛ ազատութիւնը»։
Էրտողան իր կարգին արտասանած է խօսք մը, որուն սկիզբը յարգած է յիշատակը Պարզանիի հօր՝ կրօնաւոր ղեկավար մը, որ 81 տարի առաջ Շեմտինլի շրջան ապաստանած է, երբ հիւսիսային Իրաքի մէջ քրտական գիւղեր ռմբակոծուած են։
«Ձեր հօր եւ հօրեղբայրներուն նման բարի եկաք Թուրքիոյ Հանրապետութիւն՝ ձեր եղբայրներուն հողը», խօսքը ուղղելով Պարզանիին ըսած է Էրտողան։ Ան նաեւ ողջունած է քիւրտ երաժիշտներ Շիվան Փերվերը եւ յիշած է այլ քիւրտ երաժիշտ մը՝ Ահմեթ Քայան, որ 13 տարի առաջ Թուրքիայէն աքսորուելէ ետք մահացած է։
Էրտողան նաեւ առաջին անգամ ըլլալով «Քիւրտիստան» բառը օգտագործած է, երբ ողջունած է «Հիւսիսային Իրաքի մէջ Քիւրտիստան շրջանի» ժողովուրդը։
Ան քիւրտ բնակչութեան կոչ ուղղած է զօրակցելու խաղաղութեան հոլովոյթին՝ յայտնելով, որ «ականատես պիտի դառնանք նոր Թուրքիոյ մը, ուր լեռները գտնուողները վար պիտի իջնեն, բանտերը պարապ պիտի ըլլան եւ 76 միլիոնը (Թուրքիոյ քաղաքացիները) մէկ պիտի ըլլան»։ Ան այդպիսով կ՛ակնարկէր բազմաթիւ քրտական խմբաւորումներու, ներառեալ՝ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան կողմէ պահանջուած համապարփակ ներումին։
«Եղբայրութեան քաղաք Տիարպեքիրի մէջ մենք միշտ ալ եղբայրներ եղած ենք։ Մենք միայն միասին ճամբորդներ չենք, մենք նաեւ նոյն հաւատքը ունինք», ըսաւ Էրտողան։
Թուրքիոյ վարչապետը շեշտելով, որ քիւրտ բնակչութիւնը պէտք է ինքզինք Թուրքիոյ Հանրապետութեան մէկ մասը զգայ, յայտնած է, որ «մէկ խնդրանք ունիմ։ Եթէ այս հոլովոյթին զօրակցիք, կը հաւատամ, որ անիկա աւելի մեծ պիտի ըլլայ»՝ աւելցնելով, որ «այս հանրապետութիւնը նոյնքան Տիարպեքիրի բնակիչներուն կը պատկանի, որքան Իզմիրի, Պոլսոյ կամ Անգարայի բնակիչներուն։ Այս պետութիւնը ձեր պետութիւնն է։ Այս դրօշը ձեր դրօշն է։ Այս երկրի իսկական քաղաքացիներ էք, այս պետութեան տէրերը։ Ո՛չ ոք կրնայ ձեզի հետ իբրեւ երկրորդ կարգի քաղաքացիներ վարուիլ, ո՛չ ոք կրնայ ձեզ ձուլել»։
Նախապէս, Էրտողան 11 տարուան ընթացքին Տիգրանակերտ իր առաջին այցելութեան ընթացքին հանդիպում ունեցած է քաղաքապետ Օսման Պայտեմիրի հետ։ Հանդիպումին մասնակցած են նաեւ ականաւոր քիւրտ քաղաքագէտներ, ինչպէս՝ Տիգրանակերտէն անկախ երեսփոխան Լէյլա Զանա, Մարտինէն անկախ երեսփոխան Ահմեթ Թուրք եւ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութենէն երեսփոխաններ Սըրրը Սաքըք եւ Ալթան Թան։
Պայտեմիր յայտնած է, որ հանդիպումը շատ արդիւնաւէտ էր։ «Այս հանդիպումը կը նպաստէ խաղաղութեան, որ հիմնուած է բոլորիս համար անհրաժեշտ եղբայրութեան օրէնքին վրայ»։
Էրտողանի ընկերակցած են նաեւ փոխվարչապետներ Պիւլենթ Արընչ, Պեշիր Աթալայ եւ Պեքիր Պոզտաղ։ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու Տիգրանակերտ գտնուելուն համար Ուաշինկթըն երէկ նախատեսուած իր այցելութիւնը յետաձգած է։
Շաբաթ օր Պարզանի հանդիպում ունեցած էր Էրտողանի հետ։ Վերջինս հանդիպումը «պատմական» որակած էր՝ աւելցնելով, որ այդ հանդիպումը պիտի արագացնէ քրտական հարցի խաղաղ լուծման հոլովոյթը։