Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Lebanon_report-2ԱՆՏԻՈՔԻ եւ համայն Արեւելքի յոյն կաթողիկէ համայնքի Կրեկորիոս Գ. Լահհամ պատրիարքը շեշտեց, որ եթէ արաբական ընկերութիւնը քայքայուած չըլլար, ապա արմատականութիւնը չէր յաջողեր պառակտել զայն։

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ արձանագրուած քաղաքական գործունէութեան դանդաղ ընթացքին պատճառը քաղաքական կարգ մը ուժերու կողմէ զէնքի ուժին դիմելու քայլն է։

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ յայտնեց, որ իրենք կը շարունակեն Սուրիոյ մէջ առեւանգուած երկու եպիսկոպոսները ազատ արձակելու բանակցութիւնները՝ մաղթելով, որ մօտիկ ապագային կարելի ըլլայ անոնց ազատ արձակման աւետիսը յայտարարել բոլորին։

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ուժերու հիւսիսային շրջանի պատասխանատու հրամանատար զօր. Հիլվիի համաձայն, Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ բռնկելիք պատերազմը մօտալուտ է եւ անխուսափելի։ Ան շեշտեց, որ Լիբանանի դէմ պատերազմը կրնայ ամիսներ տեւել՝ աւելցնելով, որ իրենք շատ բան սորված են Լիբանանի հետ պատերազմական վերջին ճակատումներէն։

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Քալամունի մէջ ճակատ բացուած է արդէն՝ աւելցնելով, որ սուրիական բանակը յաջողած է Հումայրա գիւղաքաղաքը իր հակակշիռին տակ առնել՝ նկատի ունենալով, որ Հումայրա լիբանանեան-սուրիական հողերը իրարու կապող անցք մըն է։

ԹՐԻՓՈԼԻԻ մէջ զինեալներ կրակ բացին ներքին ապահովութեան ուժերուն դէմ, անոնց կողմէ ապօրինի շինութեան մը վերջ տալու ընթացքին։

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Սաֆատի յայտնեց, որ ելեւմուտքի նախարարութիւնը ոչ մէկ կապ ունի աշխատավարձերու յաւելումին հետ։

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Հիքմաթ Տիպ յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժեր եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւններուն միջեւ հանդիպում մը նախատեսելի է։ Ան շեշտեց, որ ինք Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութիւնը կ՛առաջադրէ նախագահական պաշտօնին համար։

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ ինք նախագահական ընտրութիւններուն թեկնածու չէ՝ աւելցնելով, որ նախորդ 13 տարուան Հըզպալլայի ընթացքը կարելի է որակել իրերայաջորդ ձախողութիւններու հաւաքածոյ։ «Հըզպալլա արաբ եւ իսլամ ժողովուրդներուն թշնամին է», ըսաւ ան։

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ուաթան» օրաթերթին համաձայն, Դիմադրութեան համակիրներուն կորովը պիտի չբարձրանայ, նոյնիսկ եթէ Հըզպալլայի ղեկավարը գոռայ։

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ կազմելու համար Լիբանանի կառավարութիւնը, սակայն ներկայիս ան անշարժ կը մնայ, որովհետեւ ոչ ոք կ՛անսայ անոր կոչերուն։

ԱՐՍԱԼԻ մէջ շաբաթավերջին մթնոլորտը լարուեցաւ սուրիացի քաղաքացիի մը առեւանգումին եւ ատոր իբրեւ հետեւանք երկու քաղաքացիներու վիրաւորուելուն պատճառով։

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Քալամունի ճակատամարտը ամէնէն կանուխը կրնայ բռնկիլ 2014-ի գարնան։

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրիի խորհրդական Մոհամետ Շաթահ շեշտեց, որ լիբանանեան խճանկարը չի հանդուրժեր, որ այս կամ այն քաղաքական կողմը յաւելեալ կշիռ բանեցնէ անոր վրայ։

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխանները այսօր խորհրդարանին մէջ հանդիպում մը պիտի ունենան Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխաններուն հետ։

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, ապահովական լուրջ վտանգներ կը շրջափակեն Լիբանանը։

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Մարտ 8-ի քաղաքական ուժեր յայտնած են, որ  Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ մօտիկ ապագային պիտի այցելէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի։

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքին ընդգծեց «Պաապտայի յայտարարութեան» իր զօրակցութիւնը՝ աւելցնելով, որ «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին Լիբանանի մասնակցութիւնը անոր վրայ դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ։

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը Պընթ Ժպէյլի, Մերժահիունի, Թըպնինի, Իքլիմ Թուֆահի եւ Նապաթիէի վերեւ թռիչքներ կատարեց՝ ոտնձգութիւններ գործելով լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ։

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Զիատ Պարուտ յայտնեց, որ «Պաապտայի յայտարարութիւն»-ը ներքին կայունութեան միջոց մըն է, որ պէտք է գործադրուի եւ անոր գործադրութեան նկատմամբ պէտք է հետեւողականութիւն ցուցաբերել։

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Ռիֆաաթ Իտ յայտնեց, որ ներքին ապահովութեան ուժերու նախկին ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆին է, որ կը ղեկավարէ տեղեկահաւաքի բաժանմունքը՝ աւելցնելով, որ Ժապալ Մըհսենի բնակիչները բուռն ինքնապաշտպանութիւն պիտի ցուցաբերեն։

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus (0 )