Ռայի Պատրիարքը Մեկնեցաւ Հռոմ

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ մեկնեցաւ Վատիկան, ուր պիտի մասնակցի Ֆրանչիսկոս Ա. պապին նախագահութեամբ տեղի ունենալիք Արեւելքի պատրիարքութիւններուն նիստին, որուն ընթացքին լիբանանեան թղթածրարը իր բոլոր ճիւղաւորումներով պիտի քննարկուի։ Ռայի պատրիարքը Պէյրութ պիտի վերադառնայ երեքշաբթի, 26 նոյեմբերին։

Նախքան իր մեկնումը, Ռայի պատրիարքը Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ կատարած իր յայտարարութեան մէջ շեշտեց համախմբող կառավարութիւն մը կազմելու եւ նախագահական ընտրութիւններ կատարելու անհրաժեշտութիւնը։

Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց բոլոր քաղաքացիներուն մէկդի դնելու իրենց անձնական շահերը եւ մտածելու Լիբանանի գերագոյն շահերուն մասին։

Միւս կողմէ, Պքերքէի մէջ գումարուած կաթողիկէ պատրիարքներու եւ եպիսկոպոսներու ընդհանուր ժողովէն բխած եզրափակիչ հաղորդագրութեան մէջ շեշտուեցաւ Լիբանանի մէջ կառավարութեան կազմութեան անհրաժեշտութիւնը։

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ պէտք է վերջ տալ կառավարութեան կազմութիւնը արգելակող կեցուածքներուն, ինչպէս նաեւ խորհրդարանին մէջ հաւասար եւ ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն ապահովող ընտրական օրէնք մը մշակել եւ կանխահաս երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարել։

Հաղորդագրութիւնը կոչ ուղղեց մարդկային վերաբերում ցուցաբերելու Սուրիայէն եւ Իրաքէն Լիբանան ժամանած գաղթականներուն։

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )