Ֆրենժիէ. «Տեղեկահաւաքի Բաժանմունքին Չեմ Վստահիր»

frenjieՄարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ շաբաթավերջին հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատիի հետ։

Հանդիպումէն ետք Ֆրենժիէ իր կատարած յայտարարութեան մէջ շեշտեց, որ իրենց համար խիստ մերժելի է իրարու ջնջելու մօտեցումը, որ լիբանանեան առումով նորութիւն մը չէ։

Ֆրենժիէ կոչ ուղղեց բացայայտելու Թրիփոլիի պայթումներուն դրդապատճառները, պայմանաւ որ անոնք ապահովական յստակ կառոյցի մը կողմէ համայնքի մը չվերագրուին։

Ֆրենժիէ զօրակցութիւն յայտնեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի կողմէ ուղղուած համագործակցութեան կոչին՝ դատապարտելով այլոց կողմէ մենատիրութեան տեսակէտները։

«Այսօր, օրինակ, ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը կը պահանջէ Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավարն ու քաղաքական հարցերու պատասխանատուն՝ Ռիֆաաթ Իտն ու Ալի Իտը ձերբակալել՝ զանոնք Թրիփոլիի պայթումները կատարելու յանցանքով ամբաստանելով։ Ես կը հաստատեմ, որ եթէ ինձմէ անձամբ պահանջուի մեր հոսանքի անդամներէն մէկը տեղեկահաւաքի բաժանմունքին յանձնել, ես կը մերժեմ ատիկա կատարել, որովհետեւ այս բաժանմունքը ապօրինի բաժանմունք մըն է եւ միլիս մը, եւ ոչ թէ պետական հաստատութիւն մը», եզրափակեց ան։

Share this Article
CATEGORIES