Լիբանան Կազմ Ու Պատրաստ Կը Շարունակէ Ընդունիլ Սուրիացի Գաղթականները

Ընկերային հարցերու նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ իր անձնակազմը կազմ ու պատրաստ է դէպի Լիբանան սուրիացի գաղթականներուն հոսքը դիմաւորելու Արեւելեան Պեքաայի եւ յատկապէս Արսալի կողմէն։

Ըստ նախարարութեան, այս նպատակով արդէն իսկ գաղթականներու հարցերով զբաղող աշխատակազմը ուղղուած է Արսալ՝ ընկերակցութեամբ գաղթականներու հարցերով զբաղող ՄԱԿ-ի անձնակազմին, որպէսզի գետնի վրայ անհրաժեշտ բոլոր դասաւորումները կատարուին։

Միւս կողմէ, Ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուաէլ Ապու Ֆաուր երէկ իբրեւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի ներկայացուցիչ, ներկայ գտնուեցաւ Հասպայայի Մար Զուհուր շրջանին մէջ տեղի ունեցած ազգային համերաշխութեան եւ սադրանքներուն վրայ ճնշում բանեցնելու հանդիպումին։

Իր խօսքին մէջ Ապու Ֆաուր շեշտեց, որ Սուրիոյ պատահարները պէտք է Սուրիոյ մէջ մնան՝ ընդգծելով, որ այդ տագնապին որեւէ միջամտութիւն խիստ մերժելի է։

Իր կարգին, խօսք առաւ նաեւ երեսփոխան Պահիա Հարիրի, որ յայտնեց, թէ բոլոր լիբանանցիները նոյն նաւուն վրայ կը գտնուին՝ աւելցնելով այդ նաւը կայուն պահելու կարեւորութիւնը։

 

Share this Article
CATEGORIES