Ժորժ Ժրէյժ՝ Պէյրութի Իրաւաբաններու Սենտիքայի Նոր Նախագահ
Իրաւաբաններու Պէյրութի սենտիքային մէջ երէկ տեղի ունեցան սենտիքայի նախագահի ընտրութիւններ, որոնց աւարտին Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու թեկնածու Ժորժ Ժրէյժ ընտրուեցաւ սենտիքայի նախագահ՝ պարտութեան մատնելով իր հիմնական մրցակիցը՝ Ֆատի Պարաքաթը, որ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն զօրակցութիւնը վայելող թեկնածուն էր։
Ժրէյժ ստացաւ 2662 քուէ, իսկ Պարաքաթ՝ 1439։
Իր ընտրութենէն ետք, Ժրէյժ յայտնեց, որ իրաւաբաններու սենտիքայի նախագահ դառնալը ընտրութիւն մըն է, սակայն նախագահը ամբողջ սենտիքային համար է։
Ան շեշտեց, որ սենտիքան պիտի շարունակէ իր աշխատանքները եւ մուտք գործէ արդիականութեան աշխարհ, որովհետեւ այս հանգրուանին աշխատանքը կարելի չէ շարունակել աւանդական ընտրանքներով։
Ժորժ Ժրէյժ ընդգծեց, որ իր արձանագրած այս յաղթանակը իր ուսերուն մեծ պատասխանատուութիւն կը նկատուի՝ նկատի ունենալով իրաւաբաններուն կողմէ իրեն տրուած վստահութիւնը։
Ան հաստատեց, որ իր գործունէութեան մէջ ինք պիտի հիմնուի մարդկային արժէքներուն վրայ եւ իրաւաբաններուն նկատմամբ այս ուղղութեամբ յանձնառու պիտի մնայ։
Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ ուղղուեցաւ Պէյրութի Արդարութեան պալատ, ուր անձամբ շնորհաւորեց սենտիքայի նորընտիր նախագահը՝ անոր փոխանցելով իր բարեմաղթութիւնները։
Նշենք, որ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ ողջունեց իրաւաբաններու Պէյրութի սենտիքային մէջ տեղի ունեցած ժողովրդավարական ընտրութիւնները՝ մաղթելով, որ նման ընտրութիւններ կարելի ըլլայ կատարել նաեւ այլ մարզերու մէջ, որպէսզի կարելի ըլլայ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարել, կառավարութիւն կազմել եւ հանրապետութեան նախագահը ընտրել։
Ժեմայէլ հաստատեց, որ Փաղանգաւոր կուսակցութեան անդամ, իրաւաբան Ժորժ Ժրէյժ իր կուսակցական բոլոր պարտականութիւններէն հրաժարած է՝ սենտիքայական իր աշխատանքները լաւագոյն կերպով եւ կատարեալ անկախութեամբ կատարելու նպատակով։


