Միքաթի. «Թրիփոլիի Իրաւունքն Է, Որ Անոր Ղեկավարները Վերջ Տան Անոր Խոցելի Կէտերուն Շահագործումին»

Նեժիպ Միքաթի

Նեժիպ Միքաթի

Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի շաբաթավերջին Թրիփոլիի մէջ հովանաւորեց Ազըմի երիտասարդներ շարժումին տարեկան ձեռնարկին, որուն ընթացքին խօսք առնելով շեշտեց, որ Թրիփոլիի մէջ լիբանանեան բանակը իր դիրքաւորումը կը շարունակէ՝ գործադրելով Թրիփոլիի կայունութեան նպատակով որդեգրուած ապահովական ծրագիրը։

Միքաթի ընդգծեց սակայն, որ Թրիփոլիի մէջ գործադրուած ապահովական ծրագիրը պարզապէս ապահովական ուժերու դիրքաւորումը չէ, այլ՝ քաղաքացիական անվտանգութեան ապահովումը, լիբանանեան պետութեան եւ ապահովութեան ուժերուն շուրջ քաղաքացիներուն համախմբումը, ինչպէս նաեւ Թրիփոլիի բարգաւաճման գործադրութեան սկսելու կարեւորութիւնը։

Միքաթի շեշտեց, որ Թրիփոլին էր եւ կը մնայ լիբանանեան պետութեան հովանիին ենթակայ շրջան մը՝ հաստատելով, որ Թրիփոլիի իրաւունքն է, որ անոր ղեկավարները վերջ տան անոր խոցելի կէտերուն շահագործումին՝ իրենց անձնական շահերը ապահովելու ի խնդիր։

«Թրիփոլիի իրաւունքն է ապահովական կայունութիւն վայելել եւ առիթ տալ անոր բնակչութեան ապահով զգալու», եզրափակեց Միքաթի։

Share this Article
CATEGORIES