Մարուան Շարպել Կը Յայտարարէ Թրիփոլիի Ապահովական Ծրագիրի Երկրորդ Հանգրուանի Գործադրութեան Սկիզբը
Թրիփոլիի մէջ շաբաթէն կիրակի լուսցող գիշերուան ընթացքին արձանագրուեցան զինեալ բախումներ՝ ապահովութեան ուժերուն եւ զինեալներուն միջեւ։
Զինեալ բախումները պատճառեցին վիրաւոր մը եւ նիւթական մեծ վնասներ։
Նշենք, որ ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել շաբաթ յետմիջօրէին ուղղուեցաւ Թրիփոլի, որուն սերային մէջ նախագահեց ապահովական բնոյթի նիստի մը՝ ներքին ապահովութեան ուժերու պատասխանատուներուն հետ։
Նիստէն ետք, Շարպել յայտարարեց Թրիփոլիի ապահովական ծրագիրին երկրորդ հանգրուանին գործադրութեան սկիզբը։
Շարպել հաստատեց, որ այս ծրագիրին գործադրութիւնը պիտի ընդգրկէ ապահովութեան ուժերուն դիրքաւորումը լարուած բոլոր շրջաններուն մէջ։
Ան նաեւ ընդգծեց, որ ապահովութեան ուժերուն անցարգելները պիտի շարունակեն իրենց աշխատանքը։
CATEGORIES Լիբանանեան

