«Պաապտայի Յայտարարութեան» Նկատմամբ Համախոհութիւնը Հաստատուած Է Եւ Անոր Դէմ Հակադրուելու Առիթ Չկայ» Շեշտեց Նախագահ Սլէյման

baabda_declarationՀանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շաբաթ առաւօտեան «Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ հովանաւորեց եւ նախագահեց «1943-ի ազգային ուխտէն «Պաապտայի յայտարարութիւն» խորագիրը կրող համագումարին, որուն ներկայ գտնուեցան մեծ թիւով քաղաքական եւ դիւանագիտական անձնաւորութիւններ։

Նախագահ Սլէյման իր արտասանած խօսքին մէջ հաստատեց, որ «Պաապտայի յայտարարութիւն»-ը վաւերացուած է բոլոր ներկաներուն համախոհութեամբ, իսկ այդ յայտարարութեան յաջորդող ազգային երկխօսութեան երկու նիստերուն ընթացքին անոր նկատմամբ համախոհութիւնը վերահաստատուեցաւ։

«Հետեւաբար այդ յայտարարութեան հակադրուելու կամ անոր հակասելու առիթ չկայ, ընդհակառակն՝ պէտք է վերադառնալ ներքին լիբանանեան կեանքին եւ գործադրել «Պաապտայի յայտարարութիւն»-ը, ըսաւ նախագահ Սլէյման։

Հանրապետութեան նախագահը շեշտեց, որ «Պաապտայի յայտարարութիւն»-ը վաւերացուեցաւ այն ատեն, երբ հիւսիսային Լիբանանէն սկսած էր դէպի Սուրիա զէնքի եւ զինեալներու փոխադրութիւնը։ «Այդ պահուն էր, երբ մենք զգացինք Լիբանանի կողմէ Սուրիոյ տագնապին միջամուխ դառնալու վտանգը եւ որոշեցինք որոշ քայլերու դիմել։ Այս շրջագիծին մէջ սկսայ Ծոցի երկիրներ շրջապտոյտի մը, որուն շարքին էր Սէուտական Արաբիա կատարած այցելութիւնս, երբ Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորէն պահանջեցի Լիբանանը չէզոք պահել եւ զայն չվերածել դէպի Սուրիա զէնք փոխադրելու անցքի մը», ըսաւ ան։

Նախագահ Սլէյման շեշտեց նաեւ, որ «Պաապտայի յայտարարութիւն»-ը վաւերացուցած է նաեւ Լիբանանի դրական չէզոքութեան կեցուածքը եւ ոչ թէ Սուրիոյ նկատմամբ չէզոք կեցուածք որդեգրելու քաղաքականութիւնը։ Ան աւելցուց նաեւ, որ Լիբանան շահագրգռուած է արաբական հարցերուն լուծմամբ եւ կը մասնակցի այն խորհրդաժողովներուն, ուր հարցերու քննարկում կը կատարուի եւ արդար լուծումներու յանգելու առիթ կ՛ըլլայ։

Խորհրդաժողովին ընթացքին խօսքեր արտասանեցին նաեւ շարք մը քաղաքական անձնաւորութիւններ եւ օրէնսգէտներ, որոնք անդրադարձան «Պաապտայի յայտարարութեան» գործադրութեան եղանակներուն։

Խօսք առաւ նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլի, որ դրուատեց Լիբանանի կողմէ չէզոք կեցուածք որդեգրելու իմաստուն կեցուածքը եւ հաստատեց, որ լիբանանեան ազգային երկխօսութիւնը հարցերը դիմագրաւելու լաւագոյն ձեւն է։

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES