Տիգրանակերտի Մէջ Փողոց Մը Կոչուած Է Հայ Գրողի Մը Անունով
«Արմենփրես»՝ յղում կատարելով թրքական «Փրես Թիւրք» լրատուամիջոցին, կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ «Ժողովրդավարական թղթածրար»-ի հրապարակումէն ետք տարբեր շրջաններու մէջ սկսան անուանափոխուիլ բազմաթիւ բնակավայրերու, թաղամասերու եւ փողոցներու անունները։ Այդ ծիրին մէջ Տիգրանակերտ նահանգին մէջ որոշ փողոցներ սկսան հայկական անուանումներ կրել։
Տիգրանակերտի Սուր քաղաքի Շեֆթալի փողոցը քաղդէական Մար Փեթիուն եկեղեցւոյ անունով անուանուած է «Մար Փեթիուն փողոց», իսկ Տիրեքչի փողոցը անուանուած է «Մկրտիչ Մարկոսեան փողոց»՝ ի պատիւ հայ գրողի։
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան 30 սեպտեմբերին հրապարակած էր «ժողովրդավարացման թղթածրար»-ը, որուն թուրք հասարակութիւնը արդէն երկու տարիէ ի վեր կը սպասէր։ Այս թղթածրարով կը նախատեսուի փոխել գիւղերու եւ քաղաքներու՝ մինչեւ 1980 թուականը ունեցած անունները։

