Թուրքիա Զուիցերիայէն Խնդրած Է Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Միջնորդութիւն Կատարել
«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ թրքական մամուլը շաբաթ օր հաղորդած է, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու անցեալ ամիս Զուիցերիա իր այցելութեան ընթացքին խնդրած է, որ Զուիցերիա Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ միջնորդի դեր կատարէ ու Հայաստանը համոզէ, որ հեռանայ Ղարաբաղի «ազրպէյճանական եօթը շրջաններէն», որպէսզի ժամ առաջ լուծուի Ղարաբաղի հարցը եւ Թուրքիոյ կողմէ ալ Հայաստանի հետ սահմանը բացուի։
Թուրք դիւանագէտ մը թրքական «Զաման» օրաթերթի թղթակիցին յիշեցուցած է, որ Թուրքիա Հայաստանի հետ սահմանը փակած էր ոչ թէ Ղարաբաղի «գրաւման» պատճառով, այլ Ղարաբաղի շրջակայ եօթը շրջաններուն «գրաւման» պատճառով։
CATEGORIES Հայկական

