Ամերիկեան Ցամաքամասի Եւ Աւստրալիոյ ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբերու Խորհրդաժողով
16 նոյեմբերին Մոնրէալի մէջ սկիզբ առաւ ամերիկեան ցամաքամասի եւ Աւստրալիոյ ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբերու խորհրդաժողովը։ Խորհրդաժողովին կը մասնակցին Քանատայի, Արեւմտեան Ամերիկայի, Արեւելեան Ամերիկայի եւ Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբերու ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ Հայ դատի յանձնախումբի Ուաշինկթընի գրասենեակի պատուիրակութիւնը։
Խորհրդաժողովի բացումը կատարեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան։
Առաջին օրուան նիստի ընթացքին իւրաքանչիւր շրջան ներկայացուց իր երկամեայ աշխատանքային զեկուցումը։
Երկօրեայ խորհրդաժողովի ընթացքին քննարկուեցան համաշխարհային ներկայ քաղաքական իրավիճակը եւ Հայ դատի ներկայ հանգրուանի մարտահրաւէրները։