ՖԻՖԱ-ն Կը Մերժէ Ճանչնալ Մարոքի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Նոր Նախագահը

Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ ՖԻՖԱ-ն յայտարարեց, որ կը մերժէ ճանչնալ Մարոքի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նոր նախագահը՝ աւելցնելով, որ կը պահանջէ նոր ընտրութիւններու կայացումը։

Թէեւ Ֆաուզի Լեքժաա ընտրուեցաւ նոր նախագահ՝ փոխարինելով Ալի Ֆասսի Ֆիհրին, սակայն ՖԻՖԱ-ն ըսաւ, որ այդ ընտրութիւնները օրինական չեն, հետեւաբար պէտք է կայացնել նր ընտրութիւններ։

Շատ հաւանաբար նոր ընտրութիւնները կատարուին 2014-ի սկիզբը։ Սակայն մինչեւ անոնց կայացումը, անոր թեքնիք յանձնախումբը պիտի կատարէ ֆետերասիոնին կառավարման պարտականութիւնները։

ՖԻՖԱ-ն աւելցուց նաեւ, որ ատիկա երբեք պիտի չազդէ Մարոքի յառաջիկայ ամիս հիւրընկալելիք աշխարհի ակումբներու բաժակի մրցաշարքին (11-21 դեկտեմբեր), ինչպէս նաեւ 2015-ին ափրիկեան երկիրներու բաժակի մրցաշարքին հիւրընկալման հարցերուն վրայ, որովհետեւ անոնք որեւէ առնչութիւն չունին ֆետերասիոնին նախագահական ընտրութիւններուն հետ։

Մարոք, որ անցեալին կը նկատուէր Ափրիկէի հզօրագոյն խումբերէն մէկը կը գտնուի դժուար կացութեան մէջ՝ նկատի ունենալով, որ 1998-էն ի վեր չէ յաջողած Մոնտիալի իր տոմսը ապահովել։

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )