Ինթեր Միլան Ունեցաւ Իր Նոր Նախագահը
«Քալչիօ»-ի կազմերէն Ինթեր Միլան նախորդ շաբաթավերջին իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ նշեց, որ ինտոնեզիացի առեւտրական Էրիք Թհոհիր նշանակուեցաւ ակումբի նոր նախագահ՝ փոխարինելով նախկին սեփականատէր եւ նախագահ Մասիմօ Մորաթթին։
Պատուոյ նախագահ նշանակուած Մորաթթի 1995-էն ի վեր կը վարէ նախագահի պաշտօնը։
Ինթեր Միլան, որ շուրջ 300 միլիոն եւրոյի պարտքերու տակ է, 2010-էն ի վեր մատնուած է նեղ կացութեան եւ ձախողած՝ որեւէ տիտղոսի տիրանալու առումով։
Այժմ, նոր նախագահ մը ունենալով, անիկա յոյս ունի, որ վերստին կը գտնէ իր յաջողութիւններուն ճամբան։
CATEGORIES Մարզական


