Եորտի Ալպա Վերսկսաւ Իր Փորձերուն
Պարսելոնայի հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ ակումբին յետսապահներէն Եորտի Ալպա ապաքինած ըլլալով վերսկսաւ իր փորձերուն։
10 հոկտեմբերին վիրաւորուած Ալպա այս տարեշրջանին իր ակումբին հետ դաշտ ներկայացաւ հինգ մրցումի ընթացքին։
CATEGORIES Մարզական


