Կիրակնօրեայ Խօսքը. Մենք Չենք Վախնար Մեզ Սպաննողներէն, Որովհետեւ…

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ

Mosrop HayouniՍիրելի՛ հայր Միքայէլ, երէկ անուանակոչումդ էր, քանի կատարեցինք տօնը «սրբոց հրեշտակապետացն՝ Գաբրիէլի, Միքայէլի, Ռաֆայէլի, Սերովբէի, Քերովբէի եւ ամենայն երկնային զօրացն»:

Յուզական ներաշխարհիս մէջ կը յածէիր: Առկայութիւնն ես արշալուսային հորիզոնիս վրայ: Թէեւ յոյսի-անյոյսի հակամարտութեան մէջ անվարան-վարան թեքումներէն ծփծփուն՝ ապաւինեցայ հետագայ խոհերուն եւ տուեալներուն:

Բայց նախ շնորհաւորելով անունդ՝ համառօտ խօսք մը գրեմ հրեշտակներուն մասին առաջնահերթ երեք հարցումներուն տրուած պատասխաններով, որոնց ճշմարտութիւնները զոհեր դառնալու սկսած են մեր մոռացումին:

«Ի՞նչ են հրեշտակները»: Սուրբ ոգիներն են: Անմարմին էակներն են: Ունին  յոյժ զարգացած միտք ու շատ զօրաւոր կամք: Օժտուած են հզօրութեամբ եւ իշխանութեամբ: Անոնց իւրայատուկ է գեղեցկութիւնը, արագութիւնը: Այսպէս, կրնամ եզրակացնել, թէ Աստուած իր փառաւորութեան մէկ մասնիկով օժտած է զանոնք:

«Ի՞նչ կ՛ընեն կամ կը գործեն հրեշտակները»: Աստուծոյ կը ծառայեն: Իրենց Արարիչը կը փառաբանեն: Իրենց Տիրոջ պատգամաբերներն են: Մեզմէ իւրաքանչիւրիս տրուած է «պահապան հրեշտակ» մը, որ իբրեւ խորհրդատու եւ ընկերակից՝ պարտաւոր է իր պաշտպանեալն առաջնորդել յաւիտենական փրկութեան:

«Ի՞նչ պարտական ենք հրեշտակներուն»: Յատկապէս «պահապան հրեշտակ»-ներուն պարտական ենք մեր սէրը, յարգանքը, բարեկամութիւնը, ունկնդրութիւնն ու բարեխօսութիւնը: Պիտի սիրես ու յարգես «պահապան հրեշտակդ», որուն պիտի բարեկամանաս եւ ունկնդրես, ինչպէս ալ պիտի խնդրես անոր բարեխօս օգնութիւնը:

«Հրեշտակ» օտարամուտ բառը, որ կու գայ իրաներէն-պարսկերէն-պահլաւերէն լեզուախումբէն, ոսկեդարեան գրաբար է: Առաջին նշանակութիւնը կը բովանդակէ այս երեք իմաստները. «Պատգամաւոր երկնային, դեսպան Աստուծոյ, զուարթուն երկնքի»:

«Միքայէլ», որուն եբրայերէն անունը կը նշանակէ՝ «ո՞վ է որպէս Աստուած» (Դն. 10,13), Ս. Գիրքին վերջին մատեանին մէջ յաղթական կը ներկայանայ «վիշապին դէմ», որ մեզ «կ՛ամբաստանէր Աստուծոյ առջեւ» ու «պարտուեցաւ» (Յյտ. 12,7 եւ 10):

«Ո՞վ է որպէս Աստուած» կամ « հզօրը» Միքայէլ հրեշտակապետն է հայերուս քով, որոնք այս անունով քանի մը նահատակներ տուած են դարերու ընթացքին: Օրինակի համար՝ տրուպիս ծանօթ է բրգնիկցի Միքայէլ վարդապետը, որ անմեղօրէն դատապարտուեցաւ կախաղանի. դաւանափոխ ու հաւատուրաց ըլլալ չուզելով՝ 1707-ին նահատակուեցաւ Սեբաստիոյ մէջ:

Այս մարտիրոսները «նոր վկաներ» կամ «նոր նահատակներ» կը յորջորջուին հայկական վկայաբանութեան ու վարքագրային հայկաբանութեան մէջ: Այո՛, հայակնիք մարտիրոսագրութեան մէջ յա՜ր շարադրուեցան ու մի՛շտ պիտի շարադրուին բոսորագիր էջեր, քանի Եկեղեցին մի՛շտ ունեցաւ եւ յա՜ր պիտի ունենայ իր կտրիճները հաւատքին ու հաւատարմութեան:

Քեզի եւ «սիրելի՛ ընթերցող»-ին կը փափաքիմ յիշեցնել 1915-ի «Հայոց ցեղասպանութեան միջազգայնացած դէմքը» նկատուած երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի (1869-1915) կեանքէն մանրամասնութիւն մը, որ օծուած է այժմէականութեան կնիքով:

Հռոմ, 10 դեկտեմբեր 1911-ին, Պիոս Ժ. քահանայապետը (1835-1914), որ 1954-ին սրբադասուեցաւ, հայ կաթողիկէ նուիրապետներուն հետ հանդիպումին խօսած իր ճառին մէջ շեշտեց. «Մի, Սուրբ, Կաթողիկէ եւ Առաքելական յատկանիշերուն կը կցեմ Հալածուած: Արդարեւ, եթէ Եկեղեցին հալածուած չըլլար, պիտի չըլլար Յիսուս Քրիստոսի Եկեղեցին եւ անոր պիտի պակսէր փաստը իր ճշմարտութեան»:

Պատմութեան թիւ մէկ հալածուած ու ճշմարտացած Անձնաւորութիւնն է Գողգոթայի Խաչեալը, որուն մասին երրորդ աւետարանիչին պատմածը մոռնալու չենք: Ձիթենեաց պարտէզին մէջ տագնապող Յիսուսին երեւցաւ երկինքէն հրեշտակ մը եւ կը զօրացնէր զայն (Ղկ. 22,43): Աւանդութեան համաձայն, Միքայէլ հրեշտակապետն էր ան, որ միջազգային երաժշտութեան ու գեղանկարչութեան մէջ կը ներկայացուի իբրեւ առաթուր կոխած վիշապասպանը՝ նիզակով, սուրով եւ վահանով:

Այս խոհերուն եւ տուեալներուն դիմաց, ինչպէս ալ Յիսուսի անյետսկոչելի խօսքին ամրօրէն հաւատացած, թէ մեր «հրեշտակները արքայութեան մէջ միշտ կը տեսնեն իմ երկնաւոր Հօրս դէմքը» (Ղկ. 18,11), գիտակցօրէն կ՛արտայայտենք մեր վկայութիւնը:

Մենք չենք ցեխոտեր մեզ ատողները, որովհետեւ մենք բարիք կ՛ընենք անոնց՝ ատուելէն առաջ եւ յետոյ:

Մենք չենք նզովեր մեզ անիծողները, որովհետեւ մենք կ՛օրհնենք զանոնք՝ անիծուելէն առաջ եւ յետոյ:

Մենք չենք վախնար մեզ հալածողներէն, որովհետեւ մենք կ՛աղօթենք անոնց համար՝ հալածուելէն առաջ եւ յետոյ:

Մենք չենք խորշիր մեզ թշնամանողներէն, որովհետեւ մենք կը սիրենք զանոնք՝ թշնամանուելէն առաջ եւ յետոյ:

Մենք չենք սարսափիր մեզ սպաննողներէն, որովհետեւ մենք կը ներենք անոնց՝  սպաննուելէն առաջ եւ յետոյ:

Ուշադրութի՛ւն: Ս. Միքայէլ, որ, մօտաւորապէս ԺԳ. դարուն կը գեղանկարուի իբրեւ առընթերական գահակալ Տիրամայր Դշխոյին, ու «Յովհաննէս Առաքեալի Յայտնութիւն» մատեանին 12-րդ գլխակարգութեան մէջ իբրեւ օգնահասը «տասներկու աստղերով պսակադիր Կնոջ», կը հանդիսանայ թէ՛ դրօշակիրն ու թէ՛ փողահարը Քրիստոսի արքայական զօրքին վախճանախօսական յաղթականներուն եւ փառաւորեալներուն…

Այնճար, 10 նոյեմբեր 2013

 

Share this Article
CATEGORIES