Հայաստան Պէտք Է Չեղեալ Համարէ Թրքական Արձանագրութիւնները Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակէն Շատ Առաջ

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Harout-SassounianԱկնկալելով քարոզչական մեծ մղձաւանջ Հայոց  ցեղասպանութեան հարիւրամեակին ընթացքին՝ թուրք պաշտօնեաները կը փորձեն վնասազերծել իրենց երկիրի արդէն իսկ արատաւորուած հեղինակութիւնը:

Թէեւ անոնք մտադիր չեն բանալ Հայաստանի հետ սահմանը, սակայն թուրք ղեկավարները անընդհատ հանդէս կու գան ձեւական եւ շինծու հաշտարար յայտարարութիւններով: Կեղծ արտայայտութիւններով անոնք կը պնդեն, որ իբր թէ Թուրքիան կը հարթէ Հայաստանի հետ իր տարակարծութիւնները, մինչդեռ Անգարայի թաքուն նպատակն է կասեցնել այլ երկիրներու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը:

Սակայն, հաշուի առնելով Ազրպէյճանի հիւանդագին արձագանգը Հայաստանի հետ սահմանը բանալու Թուրքիոյ իւրաքանչիւր ելոյթին վերաբերեալ, թուրք պաշտօնեաները ստիպուած են նահանջելու, նախազգուշացնելով, որ Հայաստան-Թուրքիա սահմանը փակ պիտի մնայ այնքան ատեն, որքան «յառաջընթաց» չէ արձանագրուած Արցախի հարցին մէջ:

Նման թրքական հակասական յայտարարութիւններ բազմիցս տարածուած են՝ սկսեալ 2009-էն, երբ Հայաստանն ու Թուրքիան արձանագրութիւններ ստորագրեցին իրենց ընդհանուր սահմանը բանալու եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու վերաբերեալ: Անցեալ շաբաթ, Թուրքիոյ խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի փակ նիստին, արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուն ըսաւ, որ նախապատրաստական աշխատանքներ կը տարուին Հայաստանի հետ սահմանը բանալու համար:

Բանավիճելով ընդդիմադիր երեսփոխանի մը հետ Թուրքիոյ իրական մտադրութիւններու հարցով, Տաւութօղլու շատ արագ փոխեց իր դիրքորոշումը՝ ըսելով, որ նախ Հայաստան պէտք է դուրս գայ Ղարաբաղէն՝ մինչեւ սահմանի հնարաւոր բացումը:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը նմանատիպ ելոյթ ունեցաւ նաեւ մէկ ամիս առաջ Զուիցերիա կատարած իր այցելութեան ընթացքին, երբ յայտարարեց, որ Թուրքիան «ստեղծագործական գաղափարներ» կը փնտռէ Հայաստանի հետ իր յարաբերութիւնները բարելաւելու համար: Տաւութօղլուի ստեղծագործական կամ, աւելի՛ն, խորամանկ քայլն է՝ խուսափիլ խափանարարի պիտակէն, միաժամանակ արդարացնելով իր երկիրին կողմէ արձանագրութիւններու վաւերացման մերժումը:

Տակաւին 2009-ին Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը ձեւացնէր, թէ կը փափաքի վաւերացնել արձանագրութիւնները, որոնք կ՛ընդգրկէին տարբեր, կողմնակի հարցեր, ներառեալ՝ պատմաբաններու յանձնաժողովի մը ստեղծումը Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ արխիւային փաստաթուղթերու ուսումնասիրութեան համար: Երբ Ազրպէյճան կտրականապէս դէմ արտայայտուեցաւ Հայաստանի հետ սահմանի բացման թրքական ծրագիրներուն, Թուրքիա յայտարարեց, որ ինք այլեւս չի կրնար վաւերացնել արձանագրութիւնները, թէեւ ատիկա ակնյայտօրէն կը բխէր անոր ազգային շահերէն: Այսպիսով, չնայած իր յաւակնութիւններուն՝ իբրեւ տարածաշրջանի գերիշխան պետութիւն, Թուրքիա ենթարկուեցաւ Ազրպէյճանի վեթոյին:

Նոյեմբեր 6-ին Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ ունեցած իր ելոյթին մէջ Տաւութօղլու ոչխարի նման հլու հնազանդ կրկնեց, որ իր երկիրը Հայաստանի հետ սահմանը պիտի բանայ միայն Ազրպէյճանի արտօնութիւնը ստանալէ ետք: Ակնյայտ է, որ մամուլով խայտառակուելէ ետք, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակը հերքեց, որ Տաւութօղլու հանդէս եկած է նման յայտարարութեամբ: Այս հերքումը հաւաստի չէ, որովհետեւ թուրք պաշտօնեաներ բազմիցս կատարած են նման յայտարարութիւններ:

Հայաստանի հետ սահմանի եւ երկաթուղիի վերաբացումի հեռանկարի աշխուժացման համար միակ հաւանական բացատրութիւնը կրնայ ըլլալ Թուրքիոյ մտադրութիւնը՝ ճնշում գործադրելու Վրաստանի նորընտիր նախագահին վրայ, որ կը հրաժարի աջակցութիւն ցուցաբերելէ շատոնց ծրագրուած Կարս-Թիֆլիս-Պաքու երկաթուղիի ծրագիրին, որով կը նախատեսուէր շրջանցել Հայաստանը:

Թուրքիոյ կողմէ արձանագրութիւններու շարունակուող շահարկման վերջ դնելու համար նախագահ Սերժ Սարգսեան պէտք է իրականացնէ երեք տարի առաջ տուած իր խոստումը, երբ ան զգուշացուցած էր, որ եթէ Թուրքիա «շուտով» չվաւերացնէ արձանագրութիւնները, ապա ան պիտի վերանայի իր դիրքորոշումը այս հարցին վերաբերեալ, այսինքն Հայաստան պիտի հրաժարի այս պայմանագիրէն: Նկատի ունենալով, որ արձանագրութիւնները տակաւին չեն վաւերացուած անոնց ստորագրումէն չորս տարի անց, ապա նախագահ Սարգսեան զանոնք պէտք է չեղեալ յայտարարէ:

Հասկնալի է, որ հայ պաշտօնեաները չեն փափաքիր նման կտրուկ քայլի դիմել, քանի որ մտահոգուած են, որ մեծ տէրութիւնները զիրենք պիտի մեղադրեն արձանագրութիւններու ձախողութեան մէջ: Հայաստան կը նախընտրէ, որ թրքական կողմը առաջինը հրաժարի արձանագրութիւններէն՝ մեղադրանքի արժանանալով անոնց տապալման համար: Հնարաւոր է, որ թուրք պաշտօնեաները նոյն խաղը կը խաղան՝ սպասելով, որ առաջինը Հայաստանը հրաժարի:

Իմ կարծիքով, Հայաստան այլեւս չի կրնար ինքն իրեն արտօնել սպասել: Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին 18 ամիսէն պակաս ժամանակ մնացած է, եւ Հայաստանի նախագահը պէտք է կատարէ երեք տարի առաջ տուած իր խոստումն ու ետ վերցնէ իր կառավարութեան ստորագրութիւնը այդ չարաբաստիկ արձանագրութիւններէն: Հայաստան չի կրնար մեղադրուիլ այդ քայլին համար, որովհետեւ թուրք պաշտօնեաները յաճախ յայտարարած են, որ անոնք մտադիր չեն վաւերացնելու արձանագրութիւնները:

Զարմանալի չէ, որ անցեալ շաբաթ Տաւութօղլու եւս յայտարարեց, որ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի հայկական ծրագիրներուն հակազդելու համար Թուրքիա «տենդագին եւ արագընթաց պատրաստութիւն կը տեսնէ»: Որպէսզի թոյլ չտրուի Թուրքիոյ խոչընդոտել Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ոգեկոչումները ամբողջ աշխարհի մէջ, Հայաստանի ղեկավարները պէտք է չեղեալ համարեն արձանագրութիւնները 2015-ի ապրիլ 24-էն շատ առաջ:

Բացի այդ, հաշուի առնելով թրքական կառավարութեան հարիւրամեայ յամառութիւնը՝ չճանչնալու իր մեղքը Ցեղասպանութեան մէջ եւ համապատասխան հատուցման մերժումը, հայ պաշտօնեաները պէտք է յայտարարեն, որ անոնք մտադիր են արդարութեան հասնելու վերջապէս, տեղական, տարածաշրջանային եւ միջազգային դատարաններ դիմելու միջոցով:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
«Եռագոյն» կայքը

 

 

Share this Article
CATEGORIES