Ներքին Ականջի Հիւանդութիւններ

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Dr.-HarboyanՆերքին ականջի հիւանդութիւնները կը հարուածեն լսողական օրկանը՝ խխունջը (cochlea) եւ հաւասարակշռութեան օրկանը՝ կիսաբոլոր խողովակներն (semicircular canals) ու անդաստակի (vestibule) պարկիկը (saccule) եւ արգանդիկը (utricle)։ Երկու օրկանները կրնան վնասուիլ միասնաբար կամ անջատաբար. անոնց վնասումով կը յառաջանան լսողական ընկալական կորուստ, գլխապտոյտ եւ ականջաբզզիւն։

Ներքին ականջի տեսնուած հիւանդագին երեւոյթներն են.

Ա.- Լսողական ընկալական կորուստ (receptive loss) եւ ականջաբզզիւն, որոնք կը յառաջանան լսողական ջիղի՝ գորդեան օրկանի մազմզուկներուն ախտահարումով։ Այս հիւանդագին երեւոյթը կը յայտնուի հետեւեալ պատճառներով.

ա.- Խխունջի ժահրային կամ մանրէական բորբոքումներ, որոնք  կրնան ըլլալ շիճուկային եւ կամ թարախային։ Այս բորբոքումները կը յառաջացնեն միակողմանի կամ երկկողմանի լսողական ընկալական կորուստ եւ ականջաբզզիւն։

բ.- Խխունջի զարկերակային խցումներ, որոնք կը յառաջացնեն միակողմանի կամ երկկողմանի լսողական ընկալական կորուստ։

գ.- Խխունջի ժառանգական ծինային լսողական մազմզուկներու անբնական եւ թերի կառուցուածքային զարգացում, որ կը դրոշմուի յղութեան առաջին ամիսներէն իսկ եւ կը յայտնուի որպէս երկկողմանի ընդոծին եւ կամ յետծննդեան լսողական ընկալական կորուստ։ Այս երեւոյթը ընդհանրապէս կը տեսնուի մարմնի զանազան օրկաններու եւ հիւսուածքներու տարբեր արատներով եւ կամ ախտանշաններով։ Լսողական կորուստին հետ միատեղ կրնայ պատահիլ նաեւ գլխապտոյտ եւ ականջաբզզիւն։

դ.- Յղութեան առաջին երեք ամիսներու շրջանին որոշ դեղերու գործածութիւն, ուր կը տեսնուի երկկողմանի լսողական կորուստ։ Այս դեղերէն կարելի է յիշել՝ kanamycin, garamycin, quinine:

ե.- Յղութեան շրջանին որոշ ժահրային  հիւանդութիւններ, որոնք կը յառաջացնեն երկկողմանի լսողական կորուստ։ Այս հիւանդութիւններուն կարեւորագոյնն է՝ գերմանական հարսանիթը։

զ.- Խխունջի մեքենական հարուած-վնաս, որ կը յառաջացնէ միակողմանի կամ երկկողմանի լսողական ընկալական կորուստ:

է.- Որոշ դեղերու գործածութիւն, ուր կը տեսնուի լսողական ընկալական ժամանակաւոր կամ մնայուն կորուստ։ Լսողական կորուստը կը վերադառնայ բնական վիճակի կարգ մը դեղերու դադրեցումով, իսկ ուրիշներու պարագային լսողական կորուստը կը դառնայ մնայուն։

ը.- Աղմուկի ներգործութիւն։ Աղմուկը անմիջականօրէն կամ աստիճանաբար կը վնասէ լսողութեան մազմզուկներուն եւ կը յառաջացնէ զանազան աստիճանի լսողական կորուստ։ Զօրաւոր պայթումներ, աղմկարար գործարաններ եւ արդի անախորժ երաժշտական հաւաքավայրերու բարձր ձայները ուղղակիօրէն կը վնասեն լսողական մազմզուկներուն եւ կը յառաջացնեն անոնց մէջ կենսաբանական խանգարումներ ու փոփոխութիւններ, որոնք կը յառաջացնեն մնայուն եւ միակողմանի կամ երկկողմանի լսողական կորուստ ու ականջաբզզիւն:

Բ.- Լսողական ընկալական կորուստ, որ կը յառաջանայ լսողական ջիղի ախտահարումով։ Այս հիւանդագին կացութիւնը կը յայտնուի հետեւեալ  պատճառներով.

1.- Լսողական ջիղի ժահրային եւ մանրէական բորբոքումներ. լսողական կորուստը կրնայ ըլլալ միակողմանի կամ երկկողմանի։

2.- Տարեցութիւն. լսողական կորուստը ընդհանրապէս երկկողմանի է։

3.- Շաքարախտ, պնդերակութիւն եւ արեան քոլեսթերոլի բարձրացում. լսողական կորուստը միշտ երկկողմանի է։

4.- Մեքենական հարուած-վնասներ. լսողական կորուստը կրնայ ըլլալ երկկողմանի կամ միակողմանի։

Գ.- Գլխապտոյտ, որ կը յառաջանայ կիսաբոլոր խողովակներու եւ անդաստակի հիւանդագին երեւոյթներով՝

ա.- Ժահրային եւ մանրէական բորբոքումներ։

բ.-  Զարկերակային ամբողջական կամ մասնակի խցումներ։

գ.- Մեքենական հարուած-վնաս։

դ.- Գլխու դիրքաւորման գլխապտոյտ (positional paroxysmal vertigo). այս պարագային գլխու որոշ մէկ շարժումով կամ դիրքաւորումով ներքին ականջի անդաստակին երկու պզտիկ տոպրակներուն կրակիրային մասնիկները անակնկալօրէն կը տեղափոխուին եւ կը հաստատուին կիսաբոլոր խողավակներուն մէջ. այս տեղափոխութիւնը կը յառաջացնէ անակնկալ գլխապտոյտ, որ դարմանելի է որոշ դեղերու գործածութեամբ եւ գլխու մարզանքներով։

Դ.- Մէնիէրեան հիւանդութիւն, որ կը յայտնուի գլխապտոյտով, լսողական ընկալական կորուստով եւ ականջաբզզիւնով։

Այս հիւանդութեան պարագային ականջաջուրը (endolymph) չի ներմուծուիր արեան շրջագայութեան մէջ եւ կը կուտակուի ներքին ականջին մէջ. այս կացութիւնը կը յառաջացնէ ներքին ականջի ընդլայնում եւ ուռեցք, որ կը ճնշէ լսողական եւ հաւասարակշռութեան օրկաններուն վրայ եւ կը յառաջացնէ անակնկալ եւ կրկնուող գլխապտոյտ, ինչպէս նաեւ՝ միակողմանի լսողական կորուստ եւ ականջաբզզիւն։ Այս երեք ախտանշանները կրնան պատահիլ միասնաբար կամ առանձնաբար, ընդհատումներով կամ շարունակական ձեւով։ Լսողական կորուստը եւ ականջաբզզիւնը ժամանակի ընթացքին կը դառնան մնայուն երեւոյթներ, իսկ գլխապտոյտը կը պատահի միայն ու միայն հիւանդութեան իւրաքանչիւր անակնկալ յայտնուելու առիթով։

Լսողական կորուստը եւ ականջաբզզիւնը հիմնական դարման չունին, իսկ գլխապտոյտը կը հակակշռուի որոշ դեղերով։ Յաճախակի եւ ուժգին գլխապտոյտը կ՛անհետանայ վիրաբուժական գործողութեամբ մը, ուր հաւասարակշռութեան օրկանը ամբողջութեամբ կը բնաջնջուի։

Ներքին ականջի բորբոքումներով յառաջացած լսողական կորուստը, գլխապտոյտը եւ ականջաբզզիւնը ընդհանրապէս կ՛անհետանան ամբողջական դարմանումէ ետք, իսկ  մնացեալ պարագաներուն լսողական կորուստը, գլխապտոյտը եւ ականջաբզզիւնը  անդարմանելի են եւ չեն անհետանար, այլ կը դառնան մնայուն երեւոյթներ։

Մոնրէալ

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )