Սուրիական Օրագրութիւն 32

ԼԱԼԱ ՄԻՍԿԱՐԵԱՆ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ

lalaminasian… Ամէն ապրող շունչ կենդանի, որ ծնուել է արեւի տակ,
Էս աշխարհում միատեսակ, մինը պակաս, միւսը աւել,
Ողջ էլ գիտեն խնդալ, ցաւել։
Չպարծենայ երբեք ոչ ոք, թէ ինքն անյաղթ մի բան է ջոկ.
Միշտ ուժեղից ուժեղը կայ, իսկ ամէնից ուժեղը՝ մահ…
Յ. ԹՈՒՄԱՆԵԱՆ

****

Կրկին անգամ համոզուեցայ, թէ Ամերիկայի ղեկավարները ինչպէ՛ս կը յիմարացնեն իրենց ժողովուրդը։ Պարոն նախագահը, նեղը մնացած, ըսածը չի գիտեր այլեւս ու առասպելի սեռին մէջ կը մտնէ։ Վերջերս ան երկու անգամ նոյնիմաստ յայտարարութիւն ըրաւ, թէ ամերիկեան ժողովուրդը ընտրեա՜լ է (որմէ՞ սորվեցան ընտրեալ ըլլալը…), բացառիկ է եւ, որպէս այդպիսին, կրնայ որոշել, թէ աշխարհի մէջ ուր ինչպիսի կարգեր ստեղծել ու ինչպէս «դաստիարակել» մնացեալ, երկրորդական կարգի մարդկութիւնը, զով շոյել ու որու ապտակ զարնել։

Արդեօք ամերիկեան նո՞ր երազը կը մշակուի։Եթէ մէկ անգամ ըսէր, կÿընդունէիր, թէ մարդը իր յուզումներուն պատճառով վրիպեցաւ, բայց ան կրկնեց իր գոց սորվածը երկրորդ անգամ եւս ու կասկած չթողուց։ Կը մնայ խորհիլ, թէ ի՞նչ նպատակ կայ ասոր ետին։ Բայց մինչ այդ ես երկմտանքի մէջ ինկայ. երանի՜ յստակացնէր. արդեօք Ամերիկայի մէջ բնակող բոլո՞ր ազգութիւնները ու խաւերը ընտրեալ են, թէ՞ կան ընտրեալներ ու աւելի՛ ընտրեալներ։ Օրինակ՝ այդ բացառիկութիւնը կը վերաբերի՞ նաեւ, ըսենք, սեւերուն (դեռ երէկ ստրուկ էին), կարմիրներուն (քանի՞ հոգի ձգած են՝ որպէս թանգարանի նմուշ), մեքսիկացիներուն, մանաւանդ՝ դեղիններուն, այսինքն՝ չինացիներուն, որոնց պետութեան հետ վերջերս իրենք շա՜տ ջերմ յարաբերութիւններու մէջ են… բոլոր թմրամոլներուն անտուններուն ու նմաններուն։

Թէ՞ խօսքը կը վերաբերի միայն անոնց, որոնք ի սկզբանէ ընտրեալ են ու կը վարեն իր երասանները։ Ժամանակին իր անմիջական նախորդն ալ կը յոխորտար մօտաւորապէս այն միտքը, թէ… Աստուած իրենց է (մեղա՜). ըսուածէն այդ կը հասկցուէր։ Հիմա  Վերինին ալ դերը ճշդեցին։

Եկուր՝ հասկցիր, թէ ի՛նչ մանկական խաղ կը խաղայ պրն. նախագահը։ Իր միամիտ ժողովուրդին առջեւ կո՞ւտ կը նետէ, անոր ինքնասիրութի՞ւնը կը շոյէ՝ քանդուող տնտեսութիւնը վերականգնել փորձելու իր ճիգին մէջ, իր զերոյական վա՞րկը վերականգնել կը ջանայ, այսինքն՝ «Տղա՛ս, դուն բացառիկ ես, fast food-դ կեր ու բանի՛ր, pop corn-դ  կեր ու քնացի՛ր, իմ գործերուս մի՛ խառնուիր», թէ՞ հին ասպետներու յոխորտանքն է, որ նպատակ ունէր նախ հոգեբանօրէն սարսել հակառակորդը, ինչ որ անասուններն ալ ունին. կատուի ձագը վրադ կը ֆշշացնէ…

Բայց այս անգամ ընկրկողը ինք է, քանի որ աշխարհը աստիճան է…

****

Ամէն օր պտուղի տեղ քաղաքականութիւն ուտելը իրաւ խանգարեց մեր միտքերը։ Բարեկամուհիս, շատ միամիտ ու բարի անձ, այս օրերուն սկսեր է խորանալ քաղաքականութեան մէջ։ Ան կը սիրէ միշտ նոր գիտելիքներ ունենալ, բայց տարիքի բերումով կը մոռնայ  ու ամէն բան իրարու կը խառնէ։ Ուրկէ՛ ուր՝ բառի մը հանդիպեր է ու կը հարցնէ.

Էպիկոնը ի՞նչ է։

– Բայց ուրկէ՞ գտար, ինչի՞դ պէտք է։

– Կարդացի տեղ մը։

– Տէ՛, հետեւորդի պէս բան մըն է։

– Ուրեմն կրնա՞նք ըսել, որ Ֆրանսան Ամերիկայի հետեւորդ է այս պատերազմին մէջ։

– Չէ՛, ան համագործակից է, դաշնակից է, նման բան մը։ Ան միշտ աւանկարտ եղած է, հիմա ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ էպիկոն։ Ան հաւատարիմ դաշնակից է, Անգլիան՝ կատուի պէս ինքնուրոյն, աղուէսի պէս՝ խորամանկ, Ծոցի կիսաստուածները՝ ուղտի պէս յամառ ու ոխակալ եւ այլն…

– Ուրեմն տարբերութիւն չկայ՝ հետեւո՛րդ են, այսինքն՝ էպիկոն,- յամառեցաւ ան։

Չհարցուցի, թէ ինչո՞ւ յատկապէս Ֆրանսայի պոչը բռներ էր, սակայն ստիպուեցայ  բացատրել այդ բառը, որ շնորհիւ համալսարանի դասախօսիս, լուսահոգի Ջրբաշեանի կրկնելու սովորութեան, կը յիշէի.

Էպիկոնը աւելի արուեստի, գրականութեան մէջ գործածելի բառ է, որ կը նշանակէ ուրիշ հեղինակի գաղափարները, ոճերը, նիւթերը առնել՝ առանց սեփական ստեղծագործական մօտեցումի։

– Բայց ամէն մարդ ազատ չէ՞ ուզածը գրելու…

– Անշուշտ ազատ է, բայց գոնէ միտքի կամ ձեւի նորութիւն մը պիտի ունենայ, որ էպիկոն չըլլայ, քու Ֆրանսայիդ պէս…

Եւ այսպէս, քաղաքականութեամբ ախորժակս փակելէ ետք, ան ինծի իր ստեղծագործած կերակուրը հրամցուց….

****

Աշնանային աղօթք

Նորից անձրե՜ւ, մշո՜ւշ, ա՜մպ,
Թախի՜ծ անհուն, տխրա՜նք հեզ,
Աշո՛ւն, քեզ ի՞նչ քնքշութեամբ,
Ի՞նչ խօսքերով երգեմ քեզ…
Վ. ՏԷՐԵԱՆ

Կոյր ու գուլ մարդիկ, առանց երազի, առանց լսելու հեքիաթն այս վսեմ,
Իրար կոկորդից պատառ էք հանում եւ դարձնում աշխարհն՝ ահաւոր ճեհնեմ…
Աւ. ԻՍԱՀԱԿԵԱՆ

 

Օ,՜ այս թաւիշ աշունը. ի՜նչ նիրհած, անկատար երազներ կÿարթնցնէ, ի՜նչ գունագեղ յոյսի նշոյլներ կը ցոլացնէ մեր՝ այլեւս վիրաւոր, ցաւած հոգիներուն մէջ….

Այս խորունկ, անսահման լուրթ երկինքը, թափառող ճերմակ քուլաները ամպերու,  ամէն վայրկեան կրնան սեւնալ վարը այրուող մեր տուներու ծուխերէն….

Մինչ հովը վերին ոլորտներուն մէջ աշնան երանգապնակը կÿամբողջացնէ, վարի ոլորտին մէջ, արեւի համբոյրէն տակաւին ջերմ՝ բունէն մինչեւ վերին սաղարթները  կը շոյէ ծառերուն մարմինները, սէր կը կաթեցնէ անոնց աշունցող տխրութեան մէջ։

Նազելի եւկալիպտուսներու (ջերմի, Ա.) ճիւղերը իրենց թարմ դալարէն մինչեւ արնագոյն կարմիր երանգներով փայլող տերեւներով կÿերգեն հովին հետ. աքասիաները արդէն կը դալկանան ու կը մերկանան աշնան համբոյրէն. արեւը անոնց ճիւղերուն մէջ պահմտոցի կը խաղայ ինծի հետ. մայթեզերքներուն կը ցանուին աստղիկներ-ճերմակ երազաբոյր յասմիկներ ու լոյս կը ցանեն, մոռացութեան հեքիաթներ կը յօրինեն հոգւոյս։

Բո՛յր, թո՛յր, շո՛ղ, հո՜վ ու երկի՜նք՝ հրաշքը, զոր մեզի մեր ակնթարթային անցքին մասին կը յուշեն ու սակայն… ոռնացող ռումբեր, հրթիռներ, սուլող գնդակներ՝ յիշեցում, թէ մարդուն ամենահին ու վայրի բնազդը կը գործէ՝ այս կախարդական հեքիաթը տրորող։

Հովը կը խառնշտէ ծաղկած աքասիայի հանգոյն ճերմակ մազերս, կը կանչէ հոգիս՝ թեւերը լա՜յն պարզած դուրս թռչիլ այս բանտէն, սաւառնիլ դէպի բացերը դաշտերուն, դէպի շէկութիւնը հողին՝ այսօր արիւնէն սեւցած, դէպի խաղաղութեան ու բարիքի խորհրդանշան անսահան տարածքները ձիթաստաններու, ապառաժուտ լանջերը բլուրներուն, ուր խաչակիր, սակայն խաչի խորհուրդին անհասու ասպետներու սուրերը բեկուեցան ու տարագիր աճիւնները պահ տրուեցան։ Ճախրել վե՜ր, աւելի վե՜ր, այնպէս՝ ինչպէս հիմա հովին հետ կը տատանին, կÿալիքուին աղօթքը մզկիթին ու զանգահարութիւնը եկեղեցւոյ, երկինքին մէջ միանալով՝ կÿելլեն վեր ու ո՛չ մէկը կը խանգարէ միւսը, ո՛չ մէկը կÿառնէ միւսին տեղը։ Անոնք կը լրացնեն զիրար, կÿամբողջացնեն զմեզ, ու այդ լրումէն յորդող հոգիս սիրոյ կալեակներ կը բխեցնէ ձեզի համար, ո՜վ գուլ ու կոյր մարդիկ…. որ կը տրորէք այս աշնանային օրուան հպանցիկ հմայքը, կÿարգիլէք «երգը պլպուլին, անուրջը վարդին»։

Ո՜վ, թաւշեայ աշուն, բեր ե՛ւ ձմեռը՝ բոլոր վարակները մաքրող, ե՛ւ անձրեւը կենսատու՝ սուրիացի մայրերու արցունքները մաքրելու, ե՛ւ համբոյրը արեւին, ե՛ւ կապոյտը երկինքին՝ հարաւի տաք ու խորունկ հոգիները կերտող ու մանաւանդ՝ այդ բոլորը որպէս բարիք-բարութիւն, յոյս ու սէր ցանէ՛ այս տառապող քաղաքին վրայ…

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )