Cafouillages՝ Խառնաշփոթութիւն
Կեդրոնականցի Արմենակ ազգի տագնապներով տագնապելու սովոր է: Ձմեռնամուտի աշնանային երկինքը արհամարհելով, իր հեռաւոր արուարձանէն մեզի եկաւ: Վառելանիւթը սուղ է, տուրքերը «Կինէս»-ի մրցանիշ կը հաստատեն, բնակարանները չենք տաքցներ, տաքնալու համար թէյ կը խմենք:
Հազիւ հասած՝ Արմենակ ֆաքիրի պէս ըսաւ.
– Քարթէզեան երկրի մէջ կ՛ապրինք, այդպէս կը կարծենք: Օր մը գրոց-բրոց մը ըսաւ, որ հոս կը բնակինք, հոս չենք ապրիր: Ամէն տեղ Տեքարթ կը մոռցուի նիւթապաշտութեան եւ փառքերու ճնշման տակ: Բուրգին գագաթը եսերու քանի մը ապարանք միաժամանակ չի կառուցուիր, կ՛ըլլայ խառնաշփոթութիւն: Եթէ դեռ կան, Քարթէզեանները պիտի ըսեն՝ cafouillages:
Երկու ափերուն մէջ բռնելով թէյի բաժակը, քաղաքավարական խօսքերէ հրաժարելով՝ ան իր ցաւը պատմեց:
– Մակա՛ր, այսօր մեր նորակազմ թեմի Պատգամաւորական ժողովը կը գումարուի Մարսէյ: Առաջնորդի հրաժարականը կը քննեն: Զարմանալի է: Կը քննեն, բայց արդէն տեղապահ որոշած են, Հայաստանի թերթերն ալ փութկոտութեամբ լուրը տուած են: Թեմական խորհուրդ եւ Պատգամաւորական ժողով ոտնակոխուած արժանապատուութեան պատճառով առաջնորդի հրաժարականը եթէ ըստ էութեան չեն քններ եւ չեն դիրքորոշուիր, ինչո՞ւ ակնկալել, որ եկեղեցիները չդատարկուին: Կացութենէն տեղեակ են մարդիկ:
Արմենակ յուզուած էր:
– Սիրելի՛ս, տագնապ կայ, կար՝ հակառակ ճեղքերը գաճով ծածկելու բեմադրութիւններու,- ըսի:
Արմենակ շարունակեց.
– Ճիշդ ես: Փոխանակ ծէսերու հարցը քննելու, սրբադասման յուզիչ խնդիրներով զբաղելու, լաւ կ’ընեն, եթէ փշաթելերը վերցնեն: Ժամանակին Էջմիածինէն եկաւ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս ընտրուեցաւ Գարեգին Ա. Յովսէփեանցը, մեր օրերուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գարեգին Բ. կաթողիկոսը դարձաւ Ամենայն հայոց: Հիմա կ’ըսուի, որ քահանայ եւ առաջնորդ Էջմիածին պէտք է պատրաստուած ըլլան, անոնք այնտեղէն կու գան միայն:
– Լուսանկարներէ անդին, եթէ միութիւն կայ, թող ներքին պատուարները վերցնեն եւ աշխատանքի բաժանում ընեն:
– Մակա՛ր, գիտես, սփիւռքի հայերս կը սիրենք պատիւները: Ժամանակին Հայաստան օժանդակութիւն տարած խումբի անդամը որպէս կարեւոր լուր ըսաւ, թէ «նախարարի պէս ընդունուեցանք»: Հիմա Մոսկուա կ’երթան, «լիմուզին»-ով ման կու գան: Սկզբունք, բարոյականութիւն, ազգի ներկայ եւ ապագայ, հրաժարեալ առաջնորդ, ինչպէ՞ս պիտի բաւեն «լիմուզին»-ի մէջ:
– Արմենա՛կ, ժամանակավրէպ հարցերով ե՞րբ պիտի դադրիս զբաղելէ:
– Դուն ականջներդ խցած ես: Հայաստանէն արուեստագէտ մը, գիտես՝ արուեստագէտները դգալին կոթով չեն պարպեր աւազանին աղտոտ ջուրը, հեռատեսիլէն խօսած եւ կացինով պատռած է վարագոյրը: Ամէն տեղ մեզի կ’ընկերանայ համակարգիչը, նաեւ՝ «լիմուզին»-ի մէջ: Անոր ընդվզումը կարելի է լսել եւ դիտել մէկ ընդունելութենէ միւսը երթալու ժամանակ: Մակա՛ր, դուն ալ դիտէ, դիւանագիտութիւն մի՛ խաղար եւ իմացի՛ր, թէ ի՛նչ կ’ըսէ Նիկոլայ Ծատուրեան. http://www.youtube.com/watch?v=63RxKnqxJ30&feature=player_embedded :
Մակար, ի Գաղիա, 19 Հոկտեմբեր 2013

